Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ Գործուած Իսրայէլեան Բռնարարքը Պատերազմի Համազօր Է, Իսկ Լիբանան Իրաւունք Ունի Պաշտպանելու Իր Անկախութիւնն Ու Գերիշխանութիւնը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

August 27, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան օդուժը կիրակիէն երկուշաբթի առաւօտ լուսցող գիշերուան ընթացքին ռմբակոծեց Զահլէի արեւմուտքը գտնուող Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթան` թիրախ դարձնելով Քուսայայի մէջ գտնուող` Ահմետ Ժըպրիլի ղեկավարած Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատի ընդհանուր հրամանատարութեան դիրքերը:

Ըստ ականատեսներու, առաջին ռմբակոծումը արձանագրուեցաւ առաւօտեան ժամը 1:11-ին, երկրորդ ռմբակոծումը` ժամը 1:25-ին, իսկ երրորդ ռմբակոծումը` ժամը 1:35-ին:

Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատը հակաօդայիններով հակադարձեց իր դիրքերը ռմբակոծող իսրայէլեան օդուժին:

Ռմբակոծումի ենթարկուած պաղեստինեան դիրքի պատասխանատուներէն Ապու Մոհամետ յայտնեց, որ ռմբակոծումը մարդկային վնասներ չէ պատճառած, այլ` նիւթական:

Միւս կողմէ, «Էմ. Քա.» տիպի իսրայէլեան օդանաւեր երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ թռիչքներ գործեցին Մազարեհ Շեպաայի եւ Արքուպի վերեւ:

Կէսօրին, իսրայէլեան զինուորական զրահապատները Սըմմաքայի բարձունքին վրայ գտնուող իրենց դիրքին մէջ արտասովոր շարժումներ կատարեցին:

Նշենք, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը երէկ շրջուն ջոկատներով հսկեցին սահմանին` սկսելով Ռաս Նաքուրայի շրջանէն հասնելով բռնագրաւուած Պաղեստին, ինչպէս նաեւ Քֆարշուպայի բարձունքներ եւ Մազարեհ Շեպաա:

ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը որեւէ արտասովոր երեւոյթ չարձանագրեցին սահմանային զարգացումներուն առումով:

Պէտք է աւելցնել, որ երէկ կէսօրին Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր այցելեց Հարաւային արուարձաններ, ուր Մուաուատ փողոցին մէջ ստուգեց իսրայէլեան բռնարարքին վայրը` ներկայութեամբ Հարաւային արուարձաններու քաղաքապետ Մոհամետ Տըրղամի եւ Հըզպալլայի տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Մոհամետ Աֆիֆի:

Խէյր յայտնեց, որ այս բռնարարքը իր կարգին քաղաքացիներուն դէմ գործուած ահաբեկչութիւն մըն է, որ դիմակաւոր է եւ ամէն անգամ կերպարանափոխուած կերպով կ՛այցելէ լիբանանցիներուն:

«Մենք միշտ եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի թելադրանքներով նեցուկ կը կանգնինք տուժած լիբանանցի քաղաքացիներուն», ըսաւ Խէյր:

Ան նշեց, որ լիբանանեան բանակը յստակացուցած է արձանագրուած վնասները` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պիտի փորձէ բոլոր տուժածներուն հատուցել:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց հետեւիլ Հարաւային արուարձաններուն դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքներու հետեւանքներուն:

Ան առաւօտեան Պէյթէտտինի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն դէմ գործուած իսրայէլեան յարձակումը:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ իսրայէլեան բռնարարքներուն մասին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին

մօտ բողոք ներկայացուցած Լիբանանը ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին տէր կը կանգնի, որովհետեւ Հարաւային արուարձաններուն դէմ գործուած բռնարարքը պատերազմ սանձազերծելու համազօր է: «Հետեւաբար մենք իրաւունք ունինք մեր գերիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու», հաստատեց նախագահ Աուն:

Ան ընդգծեց, որ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն եւ Լիբանան-Սուրիա Քուսայայի սահմանային շրջանին դէմ գործուած բռնարարքները կը խախտեն Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին Ա. յօդուածը, «եւ ինչ որ Լիբանանին կը վերաբերի, պէտք է նաեւ Իսրայէլի վրայ գործադրուի», աւելցուց ան:

Նախագահ Աուն վերահաստատեց, որ Լիբանան փամփուշտ մը իսկ չէ կրակած սահմանին վրայ, բացի երբ ան ստիպուած եղած է ինքզինք պաշտպանելու: Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ Իսրայէլի գործած բռնարարքը վատթարացնէ տիրող կացութիւնը, յատկապէս եթէ ան ստիպէ, որ Լիբանան իր գերիշխանութիւնը պաշտպանելու համար քայլերու դիմէ: «Կը մերժենք մեզի դէմ ոեւէ մէկուն կողմէ ուղղուած սպառնալիքը, որովհետեւ մենք խաղաղութիւն ցանկացող ժողովուրդ ենք», հաստատեց նախագահ Աուն` աւելցնելով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան երկարաձգումը անմիջական կարիք է` պահպանելու համար սահմանային կայունութիւնը:

 

Երեկոյեան նախագահ Աուն, խորհրդակցելէ ետք վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, որոշեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը հրաւիրել արտակարգ նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր` երեքշաբթի, 27 օգոստոս 2019-ին, Պէյթէտտինի մէջ:

 

Այս շրջագիծին մէջ, երէկ նաեւ շարունակուեցան լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւններուն դատապարտումներն ու կեցուածքները` Հարաւային արուարձաններուն դէմ Իսրայէլի գործած բռնարարքին մասին:

Երկրագործութեան նախարար Հասան Լաքքիս դատապարտեց Հարաւային արուարձաններուն վրայ գործուած իսրայէլեան յարձակումը` ընդգծելով, որ անոր կարելի է դիմադրել լիբանանեան միասնականութեամբ եւ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազին կառչածութեամբ:

 

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ կարելի չէ բաւարարուիլ միայն Իսրայէլի բռնարարքները դատապարտելով, այլ` կարիքը կայ գոյացնելու լիբանանեան ազգային համախոհական կեցուածք մը` պաշտպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

 

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի նոր փուլի մը դիմաց` աւելցնելով, որ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ նախանցեալ օր կատարուած գործողութիւնը վտանգաւոր շրջադարձ մը կը նկատուի:

Հաշեմ նշեց, որ իսրայէլեան յարձակումին թիրախը Դիմադրութիւնն է` կոչ ուղղելով լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը ամրապնդող կեցուածք մը որդեգրելու` դիմադրելու համար թշնամի Իսրայէլին:

 

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան յարձակումները Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ եւ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին, որ Իսրայէլին պարտադրէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը:

 

Երեսփոխան Ժան Օպէյտ երէկ անդրադարձաւ Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքին` հաստատելով, որ պէտք է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին դուռը թակել եւ բարձրաձայնել այս մասին` անհանգստացնելով ղեկավարները:

 

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի դրուատեց ներքին լիբանանեան առումով հնչած դատապարտումները` Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան ոտնձգութեան առումով: Ան նշեց, որ լիբանանցիները բոլոր միջոցները օգտագործելով իրենց հայրենիքը պաշտպանելու իրաւունք ունին:

 

Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ կոչ ուղղեց կառավարութեան յստակ եւ անկեղծ կեցուածք մը որդեգրելու` Հարաւային արուարձաններուն դէմ Իսրայէլի գործած յարձակումին առնչութեամբ: Ան շեշտեց, որ իսրայէլեան հարուածը կատարուած է զգայուն ժամանակաշրջանի մը ընթացքին եւ իր վատ ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ Լիբանանի եւ շրջանի կայունութեան վրայ:

 

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Օսէյրան շեշտեց, որ Հարաւային արուարձաններուն դէմ իսրայէլեան յարձակումները պիտի բռնկեցնեն նոր պատերազմ մը, որուն ո՛չ աւարտը յստակ պիտի ըլլայ եւ ո՛չ ալ պատճառելիք քանդումին տարողութիւնը:

 

«Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի նախանցեալ օր կապուած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ու խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ անոնց փոխանցած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ հեռաձայնային իր հաղորդակցութեան մանրամասնութիւնները:

Հարիրի նշած է, որ ինք Փոմփէոյին փոխանցած է, թէ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւն կը տիրէ, իսկ Փոմփէօ ընդգծած է, որ Իսրայէլ չի փափաքիր Լիբանանի դէմ զինուորական գործողութիւններ շղթայազերծել:

 

Իրանի կառավարութիւնը շեշտեց, որ Հըզպալլայի որոշումները ազատ եւ անկախ են, սակայն Իրան կը քաջալերէ Լիբանանի դէմ յարձակումին իբրեւ հակազդեցութիւն Հըզպալլայի որդեգրած պաշտպանութեան որեւէ քայլ կամ ծրագիր:

«Հետեւաբար Իսրայէլ պէտք է անդրադառնայ Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի դէմ իր գործած յարձակումներուն ունենալիք հետեւանքներուն, որովհետեւ այդ երկիրները ինքնապաշտպանութեան իրաւունք ունին», հաստատեց իրանեան կառավարութիւնը:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Քուպիչը Եւ Զօրակցական Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ստացաւ Քուէյթցի Իր Պաշտօնակիցէն

Յաջորդը

Գերմանիան Աւարտած Է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրի Վաւերացման Ներպետական Ընթացակարգերը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.