Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 28, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ խորհուրդը դատաւոր Թաննուս Մըշլեպը ընտրեց իր նախագահը, Աքրամ Պաասիրին` փոխնախագահ, եւ Աունի Ռամատանը` ընդհանուր քարտուղար:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ինք 2020-ի պետական ամավարկը մշակած է` աւելցնելով, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին ինք պատրաստ է ամավարկը իբրեւ նախագիծ ներկայացնելու կառավարութեան: Նշենք, որ Խալիլ 2020-ի պետական ամավարկը քննարկեց առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար Մանսուր Պթայշի հետ:

ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ կայաններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Ֆատի Ապու Շաքրա յայտնեց, որ հինգշաբթի, 29 օգոստոս 2019-ին տեղի ունենալիք բողոքի նստացոյցը չի նշանակեր, որ վառելանիւթի տագնապ գոյութիւն ունի:

Ան նշեց, որ հիմնականին մէջ իրենց բողոքը ուղղուած է վառելանիւթը ամերիկեան տոլարով գնելու պարտադրանքին դէմ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ոչ մէկ արգելք կայ Պէյրութի մէջ աղբի հրկիզման սարք հաստատելու, այնպէս ինչպէս է պարագան Վիեննայի: «Այս ձեւով կարելի կ՛ըլլայ վերջ տալ աղբահանումի տագնապի լուծման դիմագրաւած ամլութեան», ըսաւ ան: Ժոմպլաթ մաղթեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի միջեւ հանդիպում մը կազմակերպելու իմաստով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ջանքերը յաջողութեամբ աւարտին:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը այն է, որ երկիրը ինքնապաշտպանութիւն կը կատարէ իր բանակով:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ, անդրադառնալով Հարաւային արուարձաններուն դէմ գործուած բռնարարքին, հաստատեց, որ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութենէն ետք, պաշտօնական Լիբանանը պատասխանատու կը նկատենք պատասխանելու եւ համապատասխան վարուելակերպը որդեգրելու:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իրենք տեղեակ չեն, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ համաձայնութիւն մը գոյացած է` Սահմանադրական խորհուրդի մարոնի անդամը անոր թեկնածուն նկատի ունենալու իմաստով: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նշանակումներու պարագային Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պիտի հիմնուի միայն ատակութեան եւ պարկեշտութեան չափանիշներուն վրայ:

 

Նախորդը

Բագրատունի. «Համահայկական Օրակարգը Իսկապէ՛ս Համահայկական Տարողութիւն Պէտք Է Ունենայ»

Յաջորդը

«Ձեր Ջանքերը Կրցան Երկիրը Փրկել Ահաւոր Վիճակներէ» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.