Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Արուարձանները Ականահարումի Թիրախ` Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարքերու Կողմէ. Սէյիտ Նասրալլա. «Սահմանին Կանգնած Իսրայէլացի Զինուորները Այս Գիշերուընէ Սկսեալ Թող Անապահով Վիճակի Մէջ Ըլլան Եւ Սպասեն Մեզի»

Օգոստոս 26, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձան իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումին:

Անոնցմէ մէկը խանգարուեցաւ եւ ինկաւ, իսկ միւսը ականահարեց շրջանի Մուաուատ փողոցը` հսկայական վնասներ պատճառելով Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակին, ինչպէս նաեւ փշրելով անոր շրջակայքը գտնուող շէնքերուն ապակիները:

Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը այդ յարձակումը նկատեց անարգ բռնարարք մը` շեշտելով, որ այդ մասին Հըզպալլայի պաշտօնական պատասխանը պիտի տրուի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ:

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ կէսօր իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց Հարաւային արուարձաններու եւ Պէյրութի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան դէմ:

Իսկ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ իսրայէլեան շրջուն ջոկատներ խստացուցին սահմանային հսկողութիւնը:

Միջադէպին վայրը հասաւ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Փիթըր Ժըրմանոս, որ յայտնեց, թէ այդ մասին հետաքննութիւն բացուած է:

Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը պիտի ստուգէ Հըզպալլայի գրաւած իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքը:

«Մենք վատագոյնը կ՛ակնկալենք թշնամի Իսրայէլէն, եւ իբրեւ պետութիւն հետաքննութեան պիտի ենթարկենք ամէն բան», ըսաւ ան:

Մինչ այդ, միջադէպը դատապարտուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ:

Նախագահ Աուն խստիւ դատապարտեց Հարաւային արուարձաններուն դէմ Իսրայէլի գործած ականահարումը` ընդգծելով, որ անիկա ցուցանիշ է Լիբանանի դէմ բռնարարքներ գործելու եւ երկրին ու շրջանին կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը խանգարելու Իսրայէլի միտումին:

Նախագահ Աուն նշեց, որ այդ յարձակումը յստակ խախտում մըն է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:

Վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ իսրայէլեան յարձակումը լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած յստակ ոտնձգութիւն է, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան խախտում:

Ան նշեց, որ ինք խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակէ նախագահ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` ճշդելու համար յաջորդ քայլերը:

Ան յայտնեց, որ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումը կը սպառնայ շրջանային կայունութեան եւ շրջանը կ՛առաջնորդէ դէպի յաւելեալ լարուածութիւն:

«Միջազգային ընտանիքը եւ Լիբանանի բարեկամ երկիրները հրաւիրուած են ստանձնելու Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը պաշտպանելու պատասխանատուութիւնը: Լիբանանի կառավարութիւնը իր պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ` պաշտպանելու Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ չներքաշուելու այնպիսի ծրագիրներու մէջ, որոնք կը սպառնան երկրին ապահովական կայունութեան», ըսաւ ան:

Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյէն, որ յորդորեց մագլցողական գործողութիւններու չդիմելու, որպէսզի Լիբանանի կայունութիւնը չվտանգուի:

Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, մինչ Իսրայէլ միշտ կը խախտէ զայն` պահանջելով վերջ տալ իսրայէլեան խախտումներուն:

Վարչապետ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթէն, որ շեշտեց, թէ այս զգայուն կացութեան ընթացքին Արաբական լիկան կը զօրակցի Լիբանանին եւ անոր ապահովական կայունութեան ու քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանումին:

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի գործած յարձակումը 2006-էն ի վեր ամէնէն վտանգաւորն է` նկատի ունենալով, որ անիկա կը միտի թիրախ դարձնել քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու քաղաքացիական օդանաւորդութիւնը:

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ ցուցմունքներ տուաւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Ամալ Մտալլալիին անմիջական բողոքագիր մը ներկայացնելու Ապահովութեան խորհուրդին` թիւ 1701 բանաձեւը խախտելու իսրայէլեան այս փորձին դէմ:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Իսրայէլի բռնարարքը` հաստատելով, որ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան յանձնառութիւնը եւ կայունութեան կառչածութիւնը չեն արգիլեր, որ Լիբանան իր ազգային գերիշխանութիւնը չպաշտպանէ:

Անդրադառնալով Հարաւային արուարձաններու միջադէպին` սէյիտ Հասան Նասրալլա շատ խիստ պատասխան մը փոխանցեց Իսրայէլին` սպառնալով անոր զինուորներուն եւ զգուշացնելով իսրայէլացիները անոնց անվտանգութեան վերաբերեալ:

Սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, թէ նախանցեալ գիշեր Հարաւային արուարձաններուն մէջ արձանագրուած միջադէպը շատ, շատ, շատ վտանգաւոր է:

Ան յայտնեց, որ շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր շրջած են Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վերեւ:

Ան նշեց, որ անոնցմէ առաջինը, որուն նպատակը հետախուզական էր, Դիմադրութեան կողմէ վար չէ առնուած, սակայն փողոցին մէջ գտնուող տղաք քարկոծած են զայն, եւ սարքը ինկած է, իսկ այժմ ան ենթակայ է զինուորական ուսումնասիրութեան:

«Իսկ  երկրորդ անօդաչու թռչող սարքը ուղղակի բռնարարք կը նկատուի, որովհետեւ յարձակում գործած է եւ ականահարած հարաւային արուարձաններու Մուաուատ փողոցը, ուր նիւթական վնասներ արձանագրուած են: Եթէ շաբաթավերջ չըլլար, ապա նաեւ մարդկային վնասներ կ՛արձանագրուէին», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ 14 օգոստոս 2006-էն ի վեր առաջին անգամն է, որ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի կողմէ յստակ յարձակում կը գործուի` շեշտելով, որ եթէ իրենք լուռ մնան, ապա նախընթաց պիտի ստեղծուի, եւ Լիբանանը պիտի վերածուի Իրաքի մէջ վերջին երեք շաբաթներուն գործադրուող բեմագրութեան, որուն շրջագիծին մէջ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր կը ռմբակոծեն տարբեր շրջաններ, եւ Իսրայէլ այդ գործողութիւններով կը հպարտանայ:

«Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերը Լիբանան մուտք կը գործեն յստակ թիրախներ ականահարելու համար, եւ մենք այդ ընթացքը պիտի չարտօնենք: Ինչ ալ ըլլայ մեր վճարելիք գինը, մենք պիտի չարտօնենք, որ Լիբանան վերադառնայ 2000-էն առաջ տիրող պայմաններուն», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա սպառնաց վար առնել բոլոր իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերը` հաստատելով, որ վերջ գտած է այն ժամանակաշրջանը, երբ «Իսրայէլ կը ռմբակոծէր մեզ ու ապահով կը մնար»:

«2000-2006 լաւապէս ուսումնասիրած ենք իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերը եւ ընդլայնած զանոնք վար առնելու կարողութիւնը, սակայն չենք կատարած այդ մէկը, որպէսզի լիբանանեան քաղաքական ուժերէն ոմանք փիլիսոփայութիւններ չկատարեն, թէ Հըզպալլա երկրին անվտանգութիւնը կը խանգարէ: Սակայն ներկայիս կը հաստատենք, որ այդ բոլոր սարքերը վար պիտի առնենք, որովհետեւ անոնք ուղղակի յարձակումներ կը նկատուին, հետեւաբար ո՛վ որ նեղանայ, թո՛ղ նեղանայ», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ ամերիկեան վարչակազմին հետ հեռաձայնային ուղղակի կապեր ունեցող լիբանանցի պաշտօնատարներ պէտք է թելադրեն ամերիկացիներուն, որ Իսրայէլին խորհուրդ տան ինքնազսպումի ենթարկուելու:

Ան անդրադարձաւ Պենիամին Նեթանիահուի` հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչներուն ուղղած կոչին, որուն մէջ ան կը յորդորէր իսրայէլացիներուն հանգիստ ապրելու:

«Հիւսիսային Իսրայէլի բնակչութիւնը կը զգուշացնեմ: Անոնք ո՛չ հանգիստ պիտի ապրին, ո՛չ հանգստութեան պիտի հաւատան եւ ո՛չ ալ անոնց մտահոգութիւնները պիտի փարատին: Իսրայէլ ապահով չէ», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ նաեւ նախանցեալ գիշեր Սուրիոյ մէջ իսրայէլեան օդուժին հարուածած թիրախին` նշելով, որ Նեթանիահու իր իսկ ժողովուրդը կը խաբէ, երբ ան կը պարծենայ, որ ռմբակոծած է իրանեան Յեղափոխական պահակագունդի Քուտս ջոկատի դիրքերը:

«Իրականութեան մէջ իսրայէլեան օդանաւերը ռմբակոծած են Աքրապայի մէջ Հըզպալլայի մարտիկներով բնակուած բնակարան մը, որուն պատճառով նահատակուած են Դիմադրութեան մարտիկներէն Հասան Եուսեֆ Զպիպ եւ Եասեր Ահմետ Թահեր», ըսաւ ան` հաստատելով, որ իրենք յանձնառու կը մնան իրենց խոստումին եւ կը վերահաստատեն հետեւեալը. «Պէյրութի հարաւային արուարձանները ականահարումի թիրախ դարձուցած եւ Սուրիոյ մէջ Դիմադրութեան մարտիկներուն նահատակութիւնը պատճառած իսրայէլեան զոյգ բռնարարքներուն մենք պիտի պատասխանենք Լիբանանի մէջ եւ ոչ թէ Մազարեհ Շեպաայի: Հետեւաբար, սահմանին կանգնած իսրայէլացի զինուորները այս գիշերուընէ սկսեալ թող անապահով վիճակի մէջ ըլլան եւ սպասեն մեզի»:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ իրենք կը գտնուին նոր փուլի մը դիմաց եւ բնաւ պատրաստ չեն, որ բանակի, ժողովուրդի, Դիմադրութեան, քաղաքական ուժերու, համայնքներու, յարանուանութիւններու կողմէ միասնաբար գործած, ինչպէս նաեւ ազգային անվտանգութիւն ու ապահովութիւն կերտած նուաճումը կորսուի կամ փուլ գայ:

Նշենք նաեւ, որ կազմակերպութեամբ Հըզպալլայի, երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին Պաալպեքի Այն գիւղաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը` նուիրուած 2017-ին, հաւատադրժողական ահաբեկչութեան մաքրագործումին դէմ մղուած պատերազմի եւ արձանագրուած յաղթանակի երկրորդ տարեդարձին:

Այս առիթով սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Այնի մէջ ներկայ հոծ բազմութիւնը առաջին պատասխանն է գիշեր մը առաջ թշնամի Իսրայէլի գործած բռնարարքներուն:

Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթան հաւատադրժողական ահաբեկչութենէն ազատագրելու առումով սէյիտ Նասրալլա շնորհաւորեց բոլորը: Ան ողջունեց բանակը, Դիմադրութիւնը եւ լիբանանցիները, յատկապէս` Պեքաայի բնակիչները, անոնց արձանագրած յաղթանակին առիթով:

Սէյիտ Նասրալլա դիտել տուաւ նաեւ, որ պէտք է խօսիլ Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթայի ազատագրման համար կռուողներուն մասին: Ան շեշտեց, որ Զապատանիի, Քալամունի եւ Քուսէյրի մէջ սուրիական բանակն ու Դիմադրութիւնը ծանր կռիւներ մղեցին Ժապհաթ Նուսրայի դէմ եւ մաքրագործեցին այդ շրջանները`  աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը քաջ որոշումով եւ յանձնառութեամբ միացաւ մղուած պատերազմին եւ «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան շրջագիծին մէջ մաքրագործեց ՏԱՀԵՇ-ը:

«Հետեւաբար, Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթային ազատագրման մէջ կարելի չէ անտեսել սուրիական բանակին, սուրիացի կամաւորներուն ու Դիմադրութեան մարտիկներուն ունեցած ներդրումը եւ զոհողութիւնները», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ամերիկացիներն են, որոնք ստեղծած են ՏԱՀԵՇ-ը եւ կը շահագործեն զայն: «Անոնք այսօր Իրաքի մէջ կը փորձեն վերակենդանացնել ՏԱՀԵՇ-ը, որպէսզի Իրաքի մէջ իրենց զինուորական ներկայութիւնը ամրապնդեն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ի վերջոյ Իտլիպն ու Եփրատի արեւելեան շրջանը պիտի վերադառնան Սուրիոյ եւ ըլլան անոր հակակշիռին տակ:

«Այս կը նշանակէ, թէ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան վտանգը շատ հեռու պիտի մնայ Լիբանանէն, եւ այս իրականութեան համար պէտք է երախտապարտ ըլլալ սուրիական բանակին եւ Դիմադրութեան, որոնք թէեւ լիբանանեան սահմանին վրայ հսկողութիւն չեն կատարեր, սակայն Զապատանիէն Քալամուն ներկայութիւն են եւ չեն արտօներ ահաբեկիչներուն շրջան վերադարձը: Եթէ ահաբեկիչները Պաալպեք-Հերմել կարենային մուտք գործել, ապա անոնք իրենց հակակշիռին տակ պիտի առնէին ամբողջ Պեքաան, ուրկէ դիւրութեամբ պիտի հասնէին լիբանանեան ծովեզերեայ շրջաններ», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց Պեքաայի մէջ բարգաւաճման ծրագիրներ իրականացնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց պետութեան վերջ տալու Պաալպեքի պատկերը աղաւաղելու իմաստով կատարուած բոլոր փորձերուն:

Հարաւային արուարձաններուն դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքը դատապարտուեցաւ նաեւ լիբանանցի հոգեւոր պետերուն, պետական պաշտօնատարներուն եւ քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն կողմէ:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է արգիլէ թշնամիներուն կողմէ Լիբանանի դէմ գործուած որեւէ յարձակում:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ Լիբանանը բռնարարքներու թիրախ դարձնելու քայլերը: «Իսրայէլ կրակով կը խաղայ», շեշտեց ան:

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան դատապարտեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքները եւ կոչ ուղղեց Լիբանանի պաշտպանութեան միացեալ տեսլական մը մշակելու:

Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ հաստատեց, որ պահանջուած է լիբանանեան միասնականութիւն` ձախողեցնելու համար իսրայէլեան բռնարարքներու ծրագիրները:

Ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան շեշտեց, որ Հարաւային Լիբանանի միջադէպը կը մղէ, որ լիբանանցիները աւելի եւս համախմբուին պետութեան եւ պետական հաստատութիւններուն շուրջ:

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյր կոչ ուղղեց միջազգային օրինականութեան` կասեցնելու Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դէմ գործուած բռնարարքները:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ իսրայէլեան բռնարարքներուն դիմադրելու լաւագոյն ձեւը ազգային միասնականութիւնն է:

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ կոչ ուղղեց ազգային միացեալ կեցուածք որդեգրելու եւ բողոքելու Ապահովութեան խորհուրդին մօտ:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը դատապարտեց Հարաւային արուարձաններուն դէմ յարձակումը` ընդգծելով, որ անիկա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն դէմ յաւելեալ խախտում մըն է:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ զօրակցութիւն յայտնեց Հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն: Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է քննարկէ երկրին զինուորական-ապահովական որոշումը պետութենէն դուրս գտնուելու խնդիրը:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան նշեց, որ Լիբանանի համար փրկութեան միակ ելքը Դիմադրութիւնն է:

Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ նշեց, որ իրենք ամբողջական կերպով կը զօրակցին սէյիտ Նասրալլայի կեցուածքին:

Նասըրական շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ դատապարտեց Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակին դէմ Իսրայէլի գործած յարձակումը:

Ղովմի կուսակցութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Ասաատ Հարտան դատապարտեց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումը եւ կոչ ուղղեց արագ ու վճռական քայլեր որդեգրելու:

Արժանապատուութիւն հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ դատապարտեց իսրայէլեան ոտնձգութիւնները եւ կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն խիստ ոճով բողոք մը ներկայացնելու ՄԱԿ-ին:

Նշենք, որ հարաւային արուարձաններու Մուաուատ փողոցին մէջ գտնուող Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակին դիմաց երէկ տեղի ունեցաւ զօրակցական հանդիպում մը` լրագրողներու եւ խմբագիրներու սենտիքաներուն կողմէ, ներկայութեամբ Հըզպալլայի տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Մոհամետ Աֆիֆի:

Զօրակցական հաւաքին ընթացքին ներկաները դատապարտեցին իսրայէլեան բռնարարքները եւ կոչ ուղղեցին միջազգային ընտանիքին անոր նկատմամբ յստակ կեցուածք ճշդելու: Անոնք կոչ ուղղեցին լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու:

Նախորդը

Պէյթէտտինի Մէջ. Նախագահ Աուն Ընդունեց Ուալիտ Ժոմպլաթը Եւ Շեշտեց Հաշտութիւններու Անխախտ Ըլլալու Իրականութիւնը

Յաջորդը

Բեկոր Աշոտի Մահուան 27-րդ Տարելիցի Նշում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?