Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք Պէյթէտտինի մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Սաատ Հարիրի, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթէյշ, արդարութեան նախարար Ալպեր Սարհան, հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսման, Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար, բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն գնդապետ-զօրավար Անթուան Մանսուր, ընդհանուր դատախազի տեղակալը, Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախագահ գնդապետ-զօրավար Խալետ Համմուտ եւ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչը:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար յայտնեց, որ նախագահ Աուն ներկայացուցած է Հարաւային արուարձաններուն դէմ գործուած իսրայէլեան յարձակումը, իսկ վարչապետ Հարիրի անդրադարձած է այս իմաստով միջազգային ընտանիքին հետ իր ունեցած հաղորդակցութիւններու արդիւնքներուն:
Վարչապետ Հարիրի նշած է, որ 2006-էն սկսեալ այս յարձակումը առաջինն է` աւելցնելով, որ արտաքին գործոց նախարարութեան միջոցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մօտ բողոք ներկայացուած է:
Ասմար շեշտեց, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը ընդգծած է լիբանանցիներուն ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը` օգտագործելով առկայ բոլոր միջոցները: Ան աւելցուց, թէ խորհուրդը հաստատած է, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը իսրայէլեան բռնարարքներուն դիմադրելու հզօրագոյն զէնքն է:
Նիստէն ետք վարչապետ Հարիրի ըսաւ. «Հանգիստ եղէ՛ք, վախնալու ոչինչ կայ: Մենք միայն Աստուծմէ կը վախնանք»:
Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Հարիրի շեշտեց, որ Հարաւային արուարձաններուն մէջ Իսրայէլի գործած բռնարարքը վտանգաւոր արարք է, լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի, ինչպէս նաեւ տարիներէ ի վեր խաղաղութիւն պարտադրած Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը կը խախտէ:
Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանան կը վստահի Ռուսիոյ դերակատարութեան` կանխարգիլելու համար ապահովական կացութեան որեւէ մագլցում, ինչպէս նաեւ Իսրայէլին յստակօրէն յայտնելու, թէ ան պէտք է կասեցնէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իր ոտնձգութիւնները:
Վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ Իսրայէլի կողմէ հոծ բնակչութիւն ունեցող շրջանի մը դէմ գործուած յարձակումը հարուածած է 1701 բանաձեւին հրապարակումէն ի վեր սահմանային շրջանին մէջ տիրող ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ կը սպառնայ շրջանին մէջ վտանգաւոր մագլցումներ արձանագրել, այն աստիճան, որ ոչ ոք կրնայ կռահել անոր ունենալիք հետեւանքները:
Վարչապետ Հարիրի ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն որդեգրած քայլերը:
Զօր. Տել Քոլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնն ու սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ տիրող իրավիճակը:
Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին Պէյրութի Հարաւային արուարձաններ մուտք գործած առաջին անօդաչու թռչող սարքը 5,5 քկ «Սի 4» պայթուցիկ նիւթ կը կշռէր եւ անոր նպատակն էր պայթում մը գործել:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Դիմադրութեան փորձագէտներուն կողմէ Հարաւային արուարձաններուն մէջ ինկած Ա. անօդաչու թռչող սարքը ուսումնասիրելէ ետք ի յայտ եկած է, թէ անոր մէջ կայ անջատուած եւ պահուած ական մը, որ 5,5 քկ «Սի 4» կը պարունակէր:
«Հետեւաբար շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին Պէյրութի հարաւային արուարձաններ մուտք գործած առաջին եւ երկրորդ անօդաչու թռչող սարքերը ականուած էին, եւ անոնց նպատակն էր պայթումներ գործել: Բացայայտուած այս նոր տեղեկութիւնները կը զետեղենք լիբանանեան հանրային կարծիքին եւ Հարաւային արուարձաններու բնակիչներուն տրամադրութեան տակ», ընդգծուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան օդուժը երէկ դարձեալ ոտնձգութիւններ գործեց Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ եւ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ թռիչքներ գործեց Պաալպեքի ու Պեքաայի վերեւ` հասնելով մինչեւ Արեւմտեան Պեքաա, Հասպայա, Մերժահիուն եւ Մազարեհ Շեպաա:
Կէսօրէ ետք «Էմ. Քա.» տիպի անօդաչու թռչող սարք մը թռիչքներ կատարեց Շուֆի վերեւ:
Այս իրավիճակին զուգահեռ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայէն պահանջեց «հանդարտ» մնալ, ինչպէս նաեւ Նասրալլայէն եւ Իրանէն պահանջեց իրենց քայլերը լաւ սերտել:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Հարաւային արուարձաններ հասած անօդաչու թռչող սարքերը իսրայէլեան արտադրութիւն չեն եւ անոնք Պէյրութ հասած էին հետախուզական նպատակներով:
Նոյն լրատուամիջոցները ընդգծեցին, որ անօդաչու թռչող սարքերուն պարունակած պայթուցիկ նիւթերը կը նպատակադրէին իրենք զիրենք պայթեցնել եւ թիրախ չունէին:
Լրատուամիջոցներուն համաձայն, անօդաչու թռչող սարքերը կը կառավարուէին Միջերկրական ծովէն, այսինքն` Հարաւային արուարձաններէն 5 քմ հեռաւորութեան վրայ:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը իր կարգին գրած է, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները Հըզպալլայի սպառնալիքները լուրջի կ՛առնեն: Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ իսրայէլացիները կը հետեւին սէյիտ Նասրալլայի արտասանած իւրաքանչիւր բառին եւ կատարեալ լրջութեամբ կը մօտենան անոր:
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը գրէ, թէ Հըզպալլա անպայման պիտի հարուածէ Իսրայէլը` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի հարուածէն կախեալ պիտի ըլլայ Իսրայէլի տալիք պատասխանը:
Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, թէ կուսակցութիւնը Իսրայէլի դէմ կը պատրաստէ «սերտուած հարուած» մը, որ պատերազմի պիտի չառաջնորդէ:
Աւելի ուշ, բրիտանական «Թայմզ» թերթը գրեց, թէ Հարաւային արուարձաններուն մէջ անօդաչու թռչող սարքերուն թիրախը Հըզպալլայի հրթիռներու ճարտարագիտութիւնն էր:
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը իրենց գործողութեան շրջաններուն մէջ կը շարունակեն սահմանային Կապոյտ գիծի կանոնաւոր հսկողութիւնը:
Հարաւային Լիբանանի մէջ կը տիրէ հանդարտ կացութիւն, իսկ խաղաղապահ ուժերը յանձնառու կը մնան երաշխաւորելու խաղաղութիւնը եւ կանխարգիլելու հաւանական որեւէ թիւրիմացութիւն կամ միջադէպ:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը խստիւ դատապարտեց Հարաւային արուարձաններուն դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքը` ընդգծելով, որ անիկա թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան բացայայտ խախտում կը նկատուի:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանեան ազգային միացեալ կեցուածքի մը որդեգրման` դիմադրելու համար իսրայէլեան բռնարարքներուն եւ անոնց ունենալիք հետեւանքներուն:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը վաւերացնելու կարեւորութիւնը եւ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին պարտադրելու Իսրայէլին` յարգելու Ապահովութեան խորհուրդի որոշումները, յատկապէս Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը, եւ միւս կողմէ օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական մարտահրաւէրները կարենայ լաւագոյնս դիմագրաւել:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ ընդունեց տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանը, որուն հետ քննարկեց երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:
Շէյխ Հասան ըսաւ, թէ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը միակ երաշխիքն է, որ կրնայ դէմ դնել Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք հաւանական որեւէ պատերազմի:
Շէյխ Քապալան նշեց, որ Լիբանան կարիքը ունի յաւելեալ միասնականութեան, իսկ լիբանանցիները յաւելեալ համախոհութեամբ պէտք է ամրապնդեն իրենց ազգային միասնականութիւնը:
Կազայի մէջ պաղեստինեան Դիմադրութիւնը երէկ կէսօրէ ետք հաստատեց, որ Հըզպալլայի դէմ պատերազմ սանձազերծելու պարագային իրենք պիտի ըլլան Իսրայէլին դիմադրելու ուղիին վրայ:
Վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Ղաթթաս Խուրի հաստատեց, որ կացութիւնը հանդարտեցնելու կարիք կայ` շեշտելով, որ նախ եւ առաջ իսրայէլեան կողմը պէտք է հանդարտեցնէ տիրող լարուածութիւնը:
Խուրի նշեց, որ միջազգային ընտանիքը իր կարգին պէտք է հանդարտեցնէ կացութիւնը` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի մէջ կը գտնուին աւելի քան մէկուկէս միլիոն սուրիացի տեղահանուածներ:
Ան շեշտեց, որ զինուորական եւ ապահովական զարգացումները լուրջ մտահոգութեան դռներ բացած են, իսկ կացութիւնը զգայուն է:
Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ Հարաւային արուարձաններուն մէջ պատահածը երկրին մէջ առճակատումի հաւանականութեան համեմատութիւնը կը բարձրացնէ:
Ան նշեց, որ ո՛չ Իսրայէլ եւ ո՛չ ալ Հըզպալլա յարգած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը:
Ան նկատել տուաւ, որ ինք` իբրեւ նախկին զինուորական, կը նկատէ, թէ իսրայէլեան հողերէն անօդաչու թռչող սարքը Հարաւային արուարձաններ հասցնելը դժուար է` աւելցնելով, որ շատ հաւանաբար անիկա իսրայէլեան գործակալներու կողմէ հասած է Պէյրութի Հարաւային արուարձաններ:
«Շարք Աուսաթ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Հարաւային արուարձաններուն մէջ արձանագրուած իսրայէլեան բռնարարքին նպատակն էր Հըզպալլայի ականաւոր պատասխանատու մը ահաբեկել:
Նոյն տեղեկութիւնները սպրդած են նաեւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու պատասխանատուներուն կողմէ, որոնք հաստատած են, որ Իսրայէլի կողմէ թիրախ նկատուող Հըզպալլայի պատասխանատուն այդ գիշեր Հարաւային արուարձաններուն մէջ չէ եղած:
ՄԱԿ-ի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն ինքնազսպումի կոչ ուղղեց եւ շեշտեց կացութիւնը դէպի յաւելեալ ապահովական մագլցումներ չառաջնորդելու կարեւորութիւնը:
Տիւժարիք ընդգծեց նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն գործադրութեան կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը:
Ան նշեց, որ ՄԱԿ արձանագրած է իր մօտ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի այն յայտարարութիւնը, թէ ինք Հարաւային արուարձաններուն դէմ յարձակումը պատերազմի համազօր կը նկատէ:
Տիւժարիք աւելցուց նաեւ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես այս մասին նամակ մը ստացած է Լիբանանի կառավարութենէն:
Իրանի խորհրդարանի նախագահի միջազգային հարցերու ընդհանուր տնօրէն Հիւսէյն Ապտելլահեան շեշտեց, որ Պէյրութի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի մեծագոյն սխալները կը նկատուին:
«Կը նախատեսուի, որ իսրայէլեան այդ յարձակումներուն պատասխանը ըլլայ ցնցիչ: Կասկածէ վեր է, որ սիոնականները սուղ պիտի վճարեն Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի դէմ գործած իրենց յարձակումներուն համար: Ընդհարումի կանոնները պիտի փոխուին, իսկ ապահովական կայունութեան պահպանումը պիտի մնայ կարմիր գիծ», հաստատեց Ապտելլահեան:
Զօրակցութիւն` Հըզպալլայի Տեղեկատուական Յարաբերութիւններու Կեդրոնին
Երէկ կէսօրէ ետք Լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու համախմբումը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ այդ համախմբումին մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Պարոյր Տէր Ղուկասեան, ուղղուեցաւ Մուաուատ փողոց, ուր ան այցելեց Հըզպալլայի տեղեկատուական յարաբերութիւններու կեդրոնը եւ զօրակցութիւն յայտնեց Հըզպալլայի տեղեկատուական յարաբերութիւններու պատասխանատու Մոհամետ Աֆիֆի:
Լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու համախմբումին անունով խօսք առաւ Ղազի Հընայնէ, որ ընդգծեց «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազին վրայ հիմնուած պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը մշակելու կարեւորութիւնը, «որպէսզի թշնամի Իսրայէլին յայտնենք, որ անոնց ահաբեկչութիւնը մեզի չի սարսափեցներ, որովհետեւ Դիմադրութեան մարտիկներն ու լիբանանեան բանակը կազմ ու պատրաստ են, իսկ լիբանանցիները իրենց քաղաքական բոլոր ուժերով այսօր կը պաշտպանեն Լիբանանը», ըսաւ ան:
Լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու համախմբումը զօրակցութիւն յայտնեց սէյիտ Նասրալլային` հաստատելով, որ իրենք եւս կը գտնուին Դիմադրութեան խրամատին մէջ: Համախմբումը ողջունեց նաեւ նախագահ Աունի կեցուածքները:





