Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Լիբանանի Մէջ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Թղթածրարը

August 24, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն եւ պետական պաշտօնատարներուն հետ:

Նուազ քան 24 ժամ տեւած Չաւուշօղլուի այցելութիւնը սկսաւ երէկ առաւօտեան ժամը 1:30-ին, երբ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքան Չաքըլ զինք դիմաւորեց Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ:

Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Չաւուշօղլու այցելեց Պէյթէտտին, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, որուն առնչութեամբ նախագահ Աուն շեշտեց, որ Միջազգային ընտանիքը կը շարունակէ անտեսել սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձի իրաւունքը:

Ան նշեց, որ Լիբանանի եւ Թուրքիոյ համար միացեալ մտավախութիւնը կը մնայ այդ տեղեհանուածներուն տունդարձը` աւելցնելով, որ Լիբանան կառչած կը մնայ անոնց արժանապատիւ եւ ապահով տունդարձին:

Չաւուշօղլու իր կարգին յայտնեց, որ Թուրքիա կը գնահատէ Լիբանանի դերակատարութիւնը` շրջանին եւ աշխարհին մէջ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց Չաւուշօղլուն, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Պաղեստինեան տագնապն ու անոր արդար լուծում ապահովելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում գտնելու ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Չաւուշօղլուն` ներկայութեամբ դեսպան Չաքըլի եւ Հարիրիի խորհրդատու Ղաթթաս Խուրիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները` նկատի ունենալով գրեթէ բոլոր մարզերը:

Չաւուշօղլու զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին` աւելցնելով, որ կան թրքական ընկերութիւններ, որոնք կը փափաքին ներդրումներ կատարել Լիբանանին մէջ, յատկապէս` ենթակառոյցի ծրագիրներու գործադրութեան առումով:

Չաւուշօղլու այցելեց նաեւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-թրքական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Անկէ ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ շեշտեց սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձի կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ հարկ է քաղաքական առանցքը անջատել անոնց իրենց երկիրը վերադառնալէն եւ Սուրիոյ վերակառուցման աշխատանքէն:

Պասիլ շեշտեց Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձի պայմանները ապահովելու համար:

Իր կարգին, Չաւուշօղլու յայտնեց, որ իրենք յանձնառու են, որ Լիբանանի նաւթի իրաւունքներուն դէմ ոտնձգութիւն չարձանագրուի:

Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Լիբանանի կայունութիւնը կարեւոր է Թուրքիոյ եւ շրջանին համար:

Չաւուշօղլու այցելեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Ռայա Հասանի:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Չաւուշօղլու մեկնեցաւ, առանց մեկնաբանութիւններ կատարելու:

Նախորդը

Լիբանանի Տնտեսական Իրավիճակին Մասին Միջազգային Վարկանիշը Հրապարակուեցաւ

Յաջորդը

«Ձեր Երդումին Նկատմամբ Նուիրուած Եւ Անաչառ Եղէ՛ք» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.