Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Հաստատեց, Որ Թիւ 1701 Բանաձեւի Խախտումը Կը Սպառնայ Լիբանանի Կայունութեան

August 28, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Վարչապետ Հարիրի խստիւ դատապարտեց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները` շեշտելով, որ անոնք բացայայտ խախտում կը նկատուին Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին եւ կը սպառնան Լիբանանի կայունութեան:

Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ այդ բռնարարքները մերժելի են եւ դատապարտելի` աւելցնելով, որ շարք մը հաղորդակցութիւններ կը կատարուին` կասեցնելու համար իսրայէլեան բռնարարքներուն թափը:

Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը բողոքի նամակ մը պիտի յղէ Ապահովութեան խորհուրդին: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապն ու շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը իրենց կարգին կը պարտադրեն, որ այս իմաստով իմաստուն եւ հանդարտ կեցուածքներ որդեգրուին, ինչպէս նաեւ ինքնազսպումով կարելի ըլլայ դիմագրաւել դժուարութիւնները եւ վերջ տալ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներուն:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի կառավարութեան ներկայացուցած է աղբահանումի տագնապի լուծման ընդհանուր ռազմավարութիւնը:

Իր կարգին, Ժրայսաթի նշեց, որ կառավարութիւնը Ժտէյտէի, Պուրճ Համուտի եւ Քոսթա Պրաւայի թափօններու թաղման վայրերուն գծով վերջնական որոշում չէ տուած` աւելցնելով, որ անհամաձայնութիւնը անպայման տարակարծութիւն չի նշանակեր, որովհետեւ ի վերջոյ թափօններու թաղման վայրերը պիտի ըլլան աղբահանումի ընդհանուր լուծման պատկերին մէջ:

Այս իմաստով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ երեկոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ. «Կառավարութեան փոխանցուած է, թէ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրը փակուած է, եւ այդ հարցը քննելի չէ»:

Կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ հինգշաբթի, 29 օգոստոս 2019-ին, Պէյթէտտինի մէջ: Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի 40 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ Հըժրայի տարուան առիթով պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան երկուշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2019-ին:

Նշենք, որ նախանցեալ երեկոյեան Հարիրի վարչապետարանին մէջ ընդունած էր  Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկած էր երկրին ելեւմտական կացութիւնը:

 

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Լիբանանի Իրաւունքն Է Տէր Կանգնիլ Իր Զօրութեան Յատկանիշներուն Եւ Իսրայէլեան Բռնարարքներուն Դէմ Ինքնապաշտպանութիւն Ցուցաբերել» Շեշտեց Սելիմ Աուն

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ստանձնեց Լիբանանի Մէջ Նոր Նշանակուած Դեսպաններու Լիազօրագրերը

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.