Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ձեր Ջանքերը Կրցան Երկիրը Փրկել Ահաւոր Վիճակներէ» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

August 28, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ շնորհաւորեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 74-ամեակը եւ զինուորականներուն ուղղած իր ցուցմունքներու պատգամին մէջ շեշտեց, որ անոնցմէ կը պահանջուի լաւագոյն վարուելակերպը ցուցաբերել, մեծ թիւով զոհողութիւններ մատուցել` իրենց տուած խոստումին համապատասխան, եւ ինչ որ ալ ըլլան դժուարութիւններն ու խոչընդոտները, շարունակել պաշտպանել Լիբանանը եւ ծառայել լիբանանցիներուն` ըլլան անոնք այցելուներ կամ տեղացիներ:

«Ապահովական մակարդակի վրայ ձեր իրականացուցած նուաճումները` յատկապէս ահաբեկչութիւնը կանխարգիլելու իմաստով, ամրապնդեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: Ձեր ջանքերը կրցան երկիրը փրկել ահաւոր վիճակներէ, որոնք կրնային դրսեւորուիլ արիւնահեղութեամբ եւ քանդումով: Ձեր կեցուածքն ու աշխատելաոճը վերածուեցան լիբանանցիներուն հպարտութեան, ինչպէս նաեւ յաւելեալ պատասխանատուութեան` սադրանք նախապատրաստող իսրայէլեան եւ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դիմաց պաշտպանելու համար Լիբանանն ու քաղաքացիները: Դուք եւ ապահովական տարբեր կառոյցներու ձեր ընկերները պատասխանատու էք Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու` հզօր պետութիւն մը կերտելու ճամբուն վրայ», ըսաւ ան:

Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու յաջողութիւնը կը շարունակուի մարզումներով եւ մնայուն պատրաստակամութեամբ` հետապնդելու եւ վնասազերծելու լրտեսական եւ ահաբեկչական բջիջները, ինչպէս նաեւ ձախողեցնելու ահաբեկչական գործողութիւնները, որոնք կը սպառնան երկրին ու քաղաքացիներուն անվտանգութեան:

Ապպաս Իպրահիմ դրուատեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն կողմէ քաղաքացիներուն տրամադրուած բարձրորակ ծառայութիւնը, երկրին ցամաքային, ծովային եւ օդային անցքերուն հսկողութիւնը, ինչպէս նաեւ վարչական եւ ապահովական անոնց հմտութիւններն ու քաղաքացիական ընկերութեան հետ անոնց գործակցութիւնը:

«Այս բոլոր յատկութիւններուն մէկտեղումը եւ անոնց նկատմամբ ցուցաբերուած յանձնառութիւնը կ՛ամրապնդեն լիբանանեան պետութեան դիմադրողականութիւնը, իրենց ներդրումը կ՛ունենան պարկեշտ քաղաքացիներ կերտելու առաքելութեան մէջ, ինչպէս նաեւ կը նպաստեն երկրին տնտեսական, ելեւմտական, ընկերային եւ կենսոլորտային զարթօնքին իրականացման», ըսաւ ան:

Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն կողմէ այս սկզբունքներուն նկատմամբ ցուցաբերուած կառչածութիւնը կը հաստատէ ազգային ձեր մաքուր նկարագիրը եւ լիբանանեան ձեր պատկանելիութեան առաջնահերթութիւնը` համայնքային, տեղայնական եւ այլ յատկանիշներէ: «Տէր կանգնեցէ՛ք ձեր խոստումին եւ առաջնորդուեցէ՛ք «Ծառայութիւն եւ զոհողութիւն» կարգախօսով` ձեզի եւ նորահաս սերունդներուն համար աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու նպատակով», հաստատեց Իպրահիմ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Լիբանանի Իրաւունքն Է Տէր Կանգնիլ Իր Զօրութեան Յատկանիշներուն Եւ Իսրայէլեան Բռնարարքներուն Դէմ Ինքնապաշտպանութիւն Ցուցաբերել» Շեշտեց Սելիմ Աուն

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.