ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթին:
Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Ճորճ Սապունճեան եւ տոքթ. Էլի Թաշճեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կոյաջուրերու եւ անոնց համար սարքուելիք զտարանին վերաբերող հարցեր` ընդգծելով, որ այդ զտարանը պէտք է կառուցուի առաւելագոյն արագութեամբ, ինչպէս նաեւ յարգելով Պարսելոնայի միջազգային համաձայնագիրին չափանիշները:
Քննարկուեցան նաեւ թափօններու թաղման վայրերուն, աղբահանման եւ ընդհանրապէս աղբի տագնապին վերաբերող հարցեր, որոնց լուծման գծով նախարար Ժրայսաթի ներկայացուց տարբեր պատկերացումներ:
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն իր կարգին շեշտեց, որ անհրաժեշտ է այս հարցը համալիբանանեան մակարդակի վրայ լուծել` յարգելով ապակեդրոնացման սկզբունքները, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարաններու ճամբով համապատասխան լուծումներու յանգելու կարեւորութիւնը:
 
			


