Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 27, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ այսօր` երեքշաբթի, 27 օգոստոս 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 2019-2030 աղբահանումի ամբողջական տնօրինման ուղեգիծը:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը Թուրքիոյ մէջ մնացած լիբանանցիներէն խնդրեց չորեքշաբթի, 28 օգոստոս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 1:00-ին Անթալիոյ օդակայանը ուղղուիլ, որպէսզի զանոնք Լիբանան փոխադրեն: Նշենք, որ մեծ թիւով լիբանանցիներ «Նիւ փլազա թուրզ» ճամբորդական ընկերութեան խաբեբայութեան պատճառով հասած էին Թուրքիա, ուր անել կացութեան մատնուած էին: Նշենք, որ Ընդհանուր ապահովութիւնը ստանձնեց «Նիւ Փլազա թուրզ»-ի սեփականատէր Ֆաուազ Ֆաուազը, որ ձերբակալուած էր Սուրիոյ մէջ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ դարձեալ իր թեկնածութիւնը առաջադրեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահութեան պաշտօնին համար: «Թեկնածութիւնս կ՛առաջադրեմ` շարունակելու համար հզօր հոսանք մը եւ Հզօր Լիբանանը կերտելու աշխատանքը», ըսաւ ան:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Ռայա Հասան յայտնեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցը Լիբանանի համար հպարտալի կառոյց մըն է եւ Լիբանանի փայլքը կը նկատուի: Ան շեշտեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցը յաջող եւ ձգտումներով լեցուն կառոյց մըն է, որուն փորձառութիւնը պէտք է ընդհանրացնել:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ հարցերու նախարար Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ Լիբանան ի վիճակի չէ նոր բռնարարքներու հետեւանքները հանդուրժելու:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Շաուքի Տաքքաշի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին ծառայութիւններուն եւ բարգաւաճման վերաբերող շարք մը հարցեր: Ֆընիանոս ընդունեց նաեւ Ճիւնիի քաղաքապետ Ժուան Հըպէյշը, որուն հետ քննարկեց Թրիփոլի-Ճիւնի հեծանիւներու յատուկ ճամբայ մը կառուցելու ծրագիրին մանրամասնութիւնները:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա նշեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա լիբանանեան պետութիւնը զանց առած է իր արտասանած սպառնական բնոյթի ճառէն:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր յարաբերութիւններու բաժանմունքի նախագահ գնդապետ-զօրավար Ժոզեֆ Մըսալլեմ երէկ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ ինքնաշարժի արկածներուն արձանագրած աճին` հաստատելով, որ ինքնաշարժի արկածներուն մեծ մասին պատճառը ինքնաշարժ վարելու ընթացքին բջիջային հեռաձայնով խօսիլն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Եասին Ժապերը եւ Իպրահիմ Ազարը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Քուէյթի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդի Պաշտօնին Կը Կոչէ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը

Յաջորդը

Ուաֆիք Սաֆա. «Հըզպալլայի Եւ Բանակին Միջեւ Համադրումը Մնայուն Է»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.