Լիբանանեան

Տըրիան Ընդունեց Մաշնուքը

Տըրիան Ընդունեց Մաշնուքը

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց երեսփոխան Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մաշնուք հաստատեց, որ հարցերը հասած են շատ դժուար փուլի մը, որ արտակարգ է, եւ պէտք է խորհրդակցիլ հանրապետութեան միւֆթիին հետ ու այս մասին իմանալ անոր տեսակէտը, ինչպէս նաեւ կատարել կարգ մը առաջարկներ: Մաշնուք նկատել տուաւ, որ երբ ինք օրին...

Ամին Ժեմայէլ Կիպրոսի Նախագահին Հետ  Քննարկեց Երկիրներու Եւ Քաղաքակրթութիւններու  Միջեւ Երկխօսութիւն  Կատարող Խմբաւորում Մը Ստեղծելու Հեռանկարները

Ամին Ժեմայէլ Կիպրոսի Նախագահին Հետ Քննարկեց Երկիրներու Եւ Քաղաքակրթութիւններու Միջեւ Երկխօսութիւն Կատարող Խմբաւորում Մը Ստեղծելու Հեռանկարները

Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Անասթասիատես կոչ ուղղեց Ժեմայէլին միջազգային եւ շրջանային իր յարաբերութիւնները ի սպաս դնելու Միջին Արեւելքի իրարանցումներուն մեղմացումին, ինչպէս նաեւ տարբեր տեսակէտներու մերձեցման համար` շրջանը յաւելեալ աղէտներէ փրկել կարենալու, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Միջին Արեւելքը դարձած է ռազմավարական շրջան` նաւթահորեր ունենալու իրականութեան բերումով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան...

Նախագահ Աուն Երեսփոխանները Հրաւիրեց Վարչապետի  Նշանակման Պարտադիր Խորհրդակցութիւններու

Նախագահ Աուն Երեսփոխանները Հրաւիրեց Վարչապետի Նշանակման Պարտադիր Խորհրդակցութիւններու

Ժողովրդային Շարժումին Մաս Կազմող Ցուցարարները Ուշ Գիշերին Վերսկսան Փակել Տարբեր Շրջաններու Ճամբաները Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեսփոխանները հրաւիրեց վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններու, որոնք պիտի կայանան երկուշաբթի, 9 դեկտեմբեր 2019-ին, նախագահական պալատին մէջ: Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը անմիջապէս անդրադարձաւ այդ հրաւէրին եւ ըսաւ. «Ասիկա կը նշանակէ, թէ Լիբանանի վրայ պիտի բացուի նոր արշալոյս մը»: Միւս կողմէ, վարչապետի նշանակման...

Պըրրի. «Մթնոլորտը Առաւելագոյն Չափով Դրական Է,  Եւ Բոլորը Զիջումներ Կատարելու Փափաք Յայտնած Են»

Պըրրի. «Մթնոլորտը Առաւելագոյն Չափով Դրական Է, Եւ Բոլորը Զիջումներ Կատարելու Փափաք Յայտնած Են»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական նիստին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ ոչ ոք պէտք է խուսափի երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապները լուծելու առումով: Ան հաստատեց, որ ազգային համագործակցութիւնը ամրապնդելու եւ ճնշող մարտահրաւէրներուն դիմադրելու իմաստով պէտք է ներդրում կատարուի, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանցիներուն բեռը ծանրացնող հարցերը լուծել: Կառավարութեան կազմութեան մասին խօսելով Պըրրի շեշտեց, որ...

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը  Պահանջեց Պարկեշտ  Կառավարութեան Մը Կազմութիւնը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Պահանջեց Պարկեշտ Կառավարութեան Մը Կազմութիւնը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը պահանջեց պարկեշտ կառավարութեան մը կազմութիւնը եւ կոչ ուղղեց Լիբանանը վտանգէ փրկելու նախաձեռնութեան մը որդեգրման: Խորհուրդը նկատել տուաւ, որ Լիբանան ժողովրդային ցասումի 8-րդ շաբաթը մուտք գործած է, եւ սովն ու աղքատութիւնը կը թակեն լիբանանցիներուն դռները`...

Ժեմայէլ Նախագահ Աունին Յղեց Բաց Նամակ Մը`  Անկէ Պահանջելով Ձեռնարկել Կանխահաս  Խորհրդարանական Ընտրութիւններու

Ժեմայէլ Նախագահ Աունին Յղեց Բաց Նամակ Մը` Անկէ Պահանջելով Ձեռնարկել Կանխահաս Խորհրդարանական Ընտրութիւններու

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին յղեց բաց նամակ մը, որուն մէջ նշեց, թէ Լիբանան կը գտնուի նաւու մը մէջ, որ կ՛ընկղմի: Ան ըսաւ, որ լիբանանցիները օրական դրութեամբ տառապանք կ՛ապրին, որովհետեւ անոր կողմէ վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններու հրաւէր տակաւին չէ ճշդուած: Ժեմայէլ վերյիշեցուց երկրին ղեկավարման առումով իր կատարած բազմաթիւ զգուշացումները` հաստատելով, որ նախագահ Աունի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աունի քաղաքական հարցերով խորհրդական Փիեռ Ռաֆֆուլ յայտնեց, որ նախագահ Աունի հրաժարականը անհաւանական է: Ան աւելցուց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կառավարութեան մէջ պիտի ներկայացուի: ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Սըքքարիէ հաստատեց, որ Լիբանանը տնտեսական փլուզումէ փրկելու գինը Հըզպալլայի ապազինումն է: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ հիմնականը հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ վարչապետի թեկնածու Սամիր Խաթիպի թեկնածութիւնը որդեգրելու եւ...

Պըրրի Այն Թինէի Մէջ Կը Հովանաւորէ Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Հաշտութիւնը

Պըրրի Այն Թինէի Մէջ Կը Հովանաւորէ Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Հաշտութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հովանաւորեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի հաշտութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Այն Թինէի մէջ: Խորհրդարանի նախագահին կողքին ներկայ էին ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ խորհրդական Ահմետ Պաալպաքի: Հըզպալլայի կողմէ ներկայ էին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական Հիւսէյն Խալիլ եւ Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա, իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան կողմէ` նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ նախկին...

Հաշեմ. «Հարցերը Պիտի Լուծուին Միայն Քաղաքացիական Պետութեամբ Եւ Մէկ Ընտրատարածքի Հիմամբ Համամասնական Օրէնքով»

Հաշեմ. «Հարցերը Պիտի Լուծուին Միայն Քաղաքացիական Պետութեամբ Եւ Մէկ Ընտրատարածքի Հիմամբ Համամասնական Օրէնքով»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ, Ամալ շարժումին եւ Մէյս Ժապալ քաղաքապետարանի խորհուրդին` Աշուրայի առիթով կազմակերպած սուգի հաւաքին ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ  ընդգծեց, որ անկարելի չէ յաղթահարել Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային տագնապները: Կարողութիւն ունինք դիմադրելու եւ շրջանցելու այս մարտահրաւէրները, եթէ կամքն ու վճռակամութիւնը ունինք, ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ասոր ապացոյցը Իսրայէլի դէմ Լիբանանի ձեռք բերած յաղթանակն է:...

Երեքշաբթի, 19 Յունիսին.  Նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Կը Կանչէ Իր Մօտ` Հետաքննութեան Համար

Ֆընէյշ. «Մեր Ներկայութեամբ Կրնանք Յաղթել Թշնամիին»

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ խօսք առաւ Հըզպալլայի կազմակերպած` Աշուրայի առիթով սուգի հաւաքին եւ յայտնեց, որ Աստուծոյ կամքով կարելի եղաւ Լիբանանի հողերը ազատագրել եւ Իսրայէլի դէմ յաղթանակ արձանագրել ո՛չ միայն 2000 թուականին, այլ նաեւ 2006-ին: Ան աւելցուց, որ այս յաղթանակին շնորհիւ է, որ հաւատադրժողական ծայրայեղականները դուրս մնացին երկրէն եւ չկրցան Սուրիայէն ներթափանցել Լիբանանի քաղաքները: Խօսելով Լիբանանի ներքին քաղաքականութեան մասին`...

Ռայի Պատրիարք Կ՛եզրափակէ Շուֆ Տուած Իր Երկօրեայ Հովուապետական Այցելութիւնը

Ռայի Պատրիարք Կ՛եզրափակէ Շուֆ Տուած Իր Երկօրեայ Հովուապետական Այցելութիւնը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Սայտա տուած իր երկօրեայ հովուապետական այցելութիւնը աւարտեց Քֆար Աթրա գիւղաքաղաքին մէջ` նախագահելով Ս. Թաքլա եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին: Մարոնի պատրիարքը իր պատգամին բնաբան ընտրած էր Ղուկասի աւետարանէն (8:21) «Իմ մայրս ու եղբայրներս անո՛նք են, որ կը լսեն Աստուծոյ խօսքը եւ կը գործադրեն զայն» գլուխը: Յայտնելէ ետք իր ուրախութիւնը հովուապետական այցելութիւնը յաջողութեամբ պսակուած ըլլալուն համար, ան...

Ապու Ֆաուր. «Թէյմուր Ժոմպլաթ Վճռակամ Է, Որ Լաքլուքի Հանդիպումը Կայացած Չըլլայ Սկզբունքներու Եւ Դատական Համակարգի Հաշուոյն»

Ապու Ֆաուր. «Թէյմուր Ժոմպլաթ Վճռակամ Է, Որ Լաքլուքի Հանդիպումը Կայացած Չըլլայ Սկզբունքներու Եւ Դատական Համակարգի Հաշուոյն»

Հովանաւորութեամբ ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, «Նահնու Ռաշայա» կազմակերպութեան սարքած ընթրիքին ընթացքին, ուր տեղի ունեցաւ Ռաշայայի վաստակաւոր կրթական մշակներու պարգեւատրումը, նախարար Ապու Ֆաուր  խօսք առնելով դիտել տուաւ, որ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի  ղեկավար Թէյմուր Ժոմպլաթի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ Լաքլուքի մէջ անցեալ շաբաթավերջին կայացած հանդիպումը իրականացած է վերջինիս հրաւէրով` նպատակ ունենալով ապահովել երկու կողմերու միջեւ հաշտութիւն եւ երկխօսութիւն,...

Քարամ. «Ոչ Փտածութեան Հաւասարակշռութեան»

Քարամ. «Ոչ Փտածութեան Հաւասարակշռութեան»

Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, նախկին երեսփոխան Ֆատի Քարամ իր թուիթըրեան գրառումով կը յայտնէ, որ «օրինազանցութիւնը  օրէնքի այլ խախտումներ չ’արդարացներ`սահմանային օրինաւոր անցքերուն վրայ տեղի ունեցած մաքսանենգութիւնը չ’արդարացներ ապօրինի անցքերուն վրայ տեղի ունեցած մաքսանենգութիւնը: Ո՛չ փտածութեան հաւասարակշռութեան. այո՛` օրէնքի գործադրութեան` բոլոր ոլորտներու նախարարութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ բոլոր անցքերուն ու նաւահանգիստներուն մէջ:

Նախագահ Աուն Ընդունեց Նախարար  Կիտանեանը Եւ Զբօսաշրջական  Հաստատութիւններու Սեփականատէրերը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Նախարար Կիտանեանը Եւ Զբօսաշրջական Հաստատութիւններու Սեփականատէրերը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, որուն կ՛ընկերակցէր ծովային զբօսաշրջական հաստատութիւններու սենտիքայէն պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Ժան Պէյրութիի: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան այս հաստատութիւններուն իրավիճակը եւ այս ամրան ընթացքին Լիբանանի ձեռք բերած նուաճումները զբօսաշրջական ոլորտին մէջ: Հանդիպումէն ետք նախարար Կիտանեան յայտարարեց. «Մենք այսօր պատիւը ունեցանք հանդիպելու հանրապետութեան նախագահին հետ, ծովային զբօսաշրջական հաստատութիւններու...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Մելիք Գարագաւորեան,  Յակոբ Հաւաթեան եւ Ազգային ուժերու եւ կուսակցութիւններու համախմբումին մէջ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Պարոյր Տէր Ղուկասեան, երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հայ եւ իրանցի ժողովուրդներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւնները, ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները,...

Մեծն Լիբանանի 100-ամեակի Տօնակատարութիւններուն Վերաբերեալ  Նախապատրաստական Երկու  Ժողովներ` Նախագահական Պալատին Մէջ

Մեծն Լիբանանի 100-ամեակի Տօնակատարութիւններուն Վերաբերեալ Նախապատրաստական Երկու Ժողովներ` Նախագահական Պալատին Մէջ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ նախագահեց Մեծն Լիբանանի 100-ամեակի տօնակատարութիւններու պատրաստութեան Գերագոյն յանձնախումբի ժողովին, որուն ընթացքին քննարկուեցան տարբեր ոլորտներու մէջ տօնակատարութիւնները կատարելու կարելիութիւնները: Նախագահ Աուն շեշտեց կարեւորութիւնը այս յանձնախումբին, որ պիտի վերահսկէ բոլոր տօնակատարութիւններուն` մաղթելով, որ անոր անդամները արագացնեն պարտականութիւններու իրագործումները, յատկապէս որ տօնակատարութիւնները պիտի սկսին յառաջիկայ տարուան 1 յունուարին եւ աւարտին 31 դեկտեմբերին: Այս հանդիպումէն ետք,...

Քուպիչը Ընդունելու Ընթացքին.  «Իսրայէլ Միակ Կողմն Է, Որ Պէտք Է  Պատասխանատուութեան Ենթարկուի 1701 Բանաձեւի Առօրեայ Խախտումներուն Համար»

Քուպիչը Ընդունելու Ընթացքին. «Իսրայէլ Միակ Կողմն Է, Որ Պէտք Է Պատասխանատուութեան Ենթարկուի 1701 Բանաձեւի Առօրեայ Խախտումներուն Համար»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը` վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ: Պըրրի Քուպիչին վստահեցուց Լիբանանի յանձնառութիւնը 1701 բանաձեւի կէտերուն նկատմամբ` յայտնելով, թէ Իսրայէլը միակ կողմն է, որ պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի 1701 բանաձեւին առօրեայ խախտումներուն համար:  

Նախարար Կիտանեան  Այցելեց Ապպաս Իպրահիմի

Նախարար Կիտանեան Այցելեց Ապպաս Իպրահիմի

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան շարք մը հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ նախարար Կիտանեանի Չինաստան այցելութեան արդիւնքները, որոնց լոյսին տակ կատարուեցան կարգ մը յստակացումներ, որոնք կը վերաբերին չինական հպատակութիւն ունեցող քաղաքացիներուն Լիբանան մուտքին: Կիտանեան Ընդունեց Իրանի Դեսպանատան Մշակութային Կցորդը Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան մէջ ընդունեց Լիբանանի...

Սաատ Հարիրի Պէյրութի Նաւահանգիստէն.  «Նաւահանգիստին Վերաբերեալ Կարգ Մը Արշաւներ  Քաղաքական Են, Իսկ Ուրիշներ  Կը Ձգտին Կացութիւնը Բարելաւել»

Սաատ Հարիրի Պէյրութի Նաւահանգիստէն. «Նաւահանգիստին Վերաբերեալ Կարգ Մը Արշաւներ Քաղաքական Են, Իսկ Ուրիշներ Կը Ձգտին Կացութիւնը Բարելաւել»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ եկած է այցելելու նաւահանգիստ` հետեւելու համար, թէ ի՛նչ կը պատահի այնտեղ: Ըստ Հարիրիի, Պէյրութի նաւահանգիստը նախապէս 50-էն 100 հազար բեռնարկղ կ՛ընդունէր, մինչ հիմա այդ թիւը հասած է աւելի քան 1 միլիոն բեռնարկղի: Հարիրի նշեց, որ ատիկա կը նկատուի ամէնէն կարեւոր նաւահանգիստներէն մէկը: Վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ նաւահանգիստին համար...

Հռոմի Մէջ.  Դոկտ. Մարալ Կիտանեան. «Մակերեսային  Վիճակագրութիւնները Այլեւս  Չեն Համապատասխաներ Իրականութեան Հետ»

Հռոմի Մէջ. Դոկտ. Մարալ Կիտանեան. «Մակերեսային Վիճակագրութիւնները Այլեւս Չեն Համապատասխաներ Իրականութեան Հետ»

Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան յայտնեց, որ բարձրորակ վիճակագրութիւնները կը նկատուին հիմնական աղբիւր տալու համար որոշումներ` ճշգրիտ դատողութեան հայեցակարգը աշխուժացնելու, տրուած ըլլալով, որ տուեալները կ՛օգնեն իւրաքանչիւր իրականութեան մէջ առկայ իրավիճակին վերաբերեալ ցուցանիշներ եւ վիճակագրական տեղեկութիւններ տրամադրելու, լուսարձակի տակ առնելու զարգացման կարիքները եւ որոշում տուողին տալու ցուցանիշ այն առաջնահերթութիւններուն վերաբերեալ, որոնք պէտք է նկատի առնուին զարգացման ծրագրաւորման ընթացքին:...

Page 527 of 988 1 … 526 527 528 … 988

Արխիւներ