Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ընդունեց Նախարար Կիտանեանը Եւ Զբօսաշրջական Հաստատութիւններու Սեփականատէրերը

September 7, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, որուն կ՛ընկերակցէր ծովային զբօսաշրջական հաստատութիւններու սենտիքայէն պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Ժան Պէյրութիի: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան այս հաստատութիւններուն իրավիճակը եւ այս ամրան ընթացքին Լիբանանի ձեռք բերած նուաճումները զբօսաշրջական ոլորտին մէջ:

Հանդիպումէն ետք նախարար Կիտանեան յայտարարեց. «Մենք այսօր պատիւը ունեցանք հանդիպելու հանրապետութեան նախագահին հետ, ծովային զբօսաշրջական հաստատութիւններու սենտիքայի պատուիրակութեան հետ, որպէսզի նախագահին ներկայացնենք ամրան եղանակին զբօսաշրջական մթնոլորտը, որ իր աւարտին հասաւ օգոստոս ամսուան ընթացքին: Մենք հոս չեն ակնարկեր զբօսաշրջական տարուան, որուն աւարտին տակաւին 4 ամիս կը մնայ»:

Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ իրենք նախագահին ներկայացուցած են այս տարուան 8 ամիսներուն ընթացքին արձանագրուած թիւերը, որոնք խրախուսիչ են եւ շատ մօտ են 2010-ին արձանագրուած թիւերուն: Կիտանեան նշեց, որ եւրոպացիները կը գրաւեն առաջին դիրքը Լիբանան եկած զբօսաշրջիկներու ցանկին մէջ, եւ անոնց կը յաջորդեն արաբական եւ Ծոցի երկիրներու զբօսաշրջիկները, որոնց թիւը ընդունելի եղած է, բայց ակնկալուած թիւին չէ հասած: «Բայց իբրեւ ընդհանուր արդիւնք, եթէ ուզենք այս թիւերը համեմատել 2010-ի թիւերուն հետ, կը նկատենք միայն 3,3 առ հարիւրի նուազում, ինչ որ կը համապատասխանէ մօտաւորապէս 40 հազար զբօսաշրջիկի` 8 ամսուան ընթացքին: Ասիկա հիանալի թիւ եւ նուաճում կը նկատուի` տրուած ըլլալով, որ երկրին մէջ պատահեցան ապահովական խնդիրներ այն ժամանակաշրջանին, երբ զբօսաշրջական եղանակը կը հասնի իր գագաթնակէտին», ընդգծեց նախարար Կիտանեան:

Կիտանեան յայտնեց, որ նախագահ Աուն յանձնարարականներ տուաւ շարունակելու ներգրաւել եւրոպական եւ նոր շուկաներ, ինչպէս նաեւ տուաւ յանձնարարականներ պանդոկներու եւ կեցութեան վայրերու հաստատութիւններուն, որ որդեգրեն տարբեր մօտեցում գիներու, որոնք ըլլան աւելի մրցունակ, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի մեծ ճիգով Լիբանանը ծանուցել այլ երկիրներու մէջ իբրեւ բացառիկ երկիր` մրցունակ գիներով, որովհետեւ այսօր ամբողջ շրջանը կը փորձէ զբօսաշրջիկներ ներգրաւել:

«Ես նախագահին տեղեակ պահեցի կարգ մը դժուարութիւններու մասին, որոնք ես անձնապէս կը դիմագրաւեմ զբօսաշրջութեան նախարարութեան մէջ, խնդրելով անոր աջակցութիւնը` շարունակելու պահել այն ինչ որ իրագործած ենք, կամ շարունակել ատիկա իրագործել` ճիգ թափելով գրաւել եւրոպական շուկաները: Ես մաղթեցի, որ ան յաւելեալ ջանքեր գործադրէ Հաշուեքննիչ դիւանի դատաւորներուն մօտ` արագացնելու մեր ներկայացուցած պայմանագիրներու վաւերացումը, որպէսզի մենք յաջողինք շատ աւելին ընել», եզրափակեց նախարար Կիտանեան:

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

Յաջորդը

Շուտով Մնացականեան- Մամետեարով Հանդիպում

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.