Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Անասթասիատես կոչ ուղղեց Ժեմայէլին միջազգային եւ շրջանային իր յարաբերութիւնները ի սպաս դնելու Միջին Արեւելքի իրարանցումներուն մեղմացումին, ինչպէս նաեւ տարբեր տեսակէտներու մերձեցման համար` շրջանը յաւելեալ աղէտներէ փրկել կարենալու, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Միջին Արեւելքը դարձած է ռազմավարական շրջան` նաւթահորեր ունենալու իրականութեան բերումով:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ տարբեր երկիրներու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութիւն կատարող խմբաւորում մը ստեղծելու հեռանկարները:
Լիբանանի իրադարձութիւններուն անդրադառնալով` Անասթասիատես մաղթեց, որ Լիբանան բարւոք կերպով կը լուծէ իր դիմագրաւած տագնապը` պաշտպանելով լիբանանեան գերիշխանութիւնը եւ զանց առնելով արտաքին միջամտութիւնները: