Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաշեմ. «Հարցերը Պիտի Լուծուին Միայն Քաղաքացիական Պետութեամբ Եւ Մէկ Ընտրատարածքի Հիմամբ Համամասնական Օրէնքով»

September 9, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ, Ամալ շարժումին եւ Մէյս Ժապալ քաղաքապետարանի խորհուրդին` Աշուրայի առիթով կազմակերպած սուգի հաւաքին ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ  ընդգծեց, որ անկարելի չէ յաղթահարել Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային տագնապները: Կարողութիւն ունինք դիմադրելու եւ շրջանցելու այս մարտահրաւէրները, եթէ կամքն ու վճռակամութիւնը ունինք, ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ասոր ապացոյցը Իսրայէլի դէմ Լիբանանի ձեռք բերած յաղթանակն է:

Քասեմ Հաշեմ ըսաւ նաեւ, որ տակաւին առիթ կայ կառուցողական  աշխատանք տանելու` նկատի ունենալով, որ տարբեր քաղաքական կողմերու երկխօսութիւնները յոյս կը ներշնչեն: Իբրեւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոք, կը մերժենք միջին եւ աղքատ դասակարգերու  ծանրաբեռնել տնտեսական յաւելեալ պարտաւորութիւններով, որովհետեւ յստակ են այլընտրանքային լուծումները, իսկ պատասխանատուութիւնը կը պահանջէ նախաձեռնութիւն եւ պատրաստակամութիւն` հեռու կուսակցական եւ համայնքային հաշուարկներէ:

Հաշեմ եզրափակեց իր խօսքը նշելով, որ եթէ Լիբանանի համար համայնքները հարստութիւն են, ապա համայնքային մոլեռանդութիւնը անէծք է, եւ ա՛յդ է այս երկրին տագնապին հիմքը: Հարցերը պիտի չլուծուին, մինչեւ  որ հասնինք  քաղաքացիական պետութեան, որ ունենայ մէկ ընտրատարածք` ըստ համամասնական օրէնքի եւ առանց կախեալ ըլլալու համայնքներէն:

 

Նախորդը

Ֆընէյշ. «Մեր Ներկայութեամբ Կրնանք Յաղթել Թշնամիին»

Յաջորդը

Պըրրի Այն Թինէի Մէջ Կը Հովանաւորէ Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Հաշտութիւնը

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.