Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հռոմի Մէջ. Դոկտ. Մարալ Կիտանեան. «Մակերեսային Վիճակագրութիւնները Այլեւս Չեն Համապատասխաներ Իրականութեան Հետ»

September 7, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան յայտնեց, որ բարձրորակ վիճակագրութիւնները կը նկատուին հիմնական աղբիւր տալու համար որոշումներ` ճշգրիտ դատողութեան հայեցակարգը աշխուժացնելու, տրուած ըլլալով, որ տուեալները կ՛օգնեն իւրաքանչիւր իրականութեան մէջ առկայ իրավիճակին վերաբերեալ ցուցանիշներ եւ վիճակագրական տեղեկութիւններ տրամադրելու, լուսարձակի տակ առնելու զարգացման կարիքները եւ որոշում տուողին տալու ցուցանիշ այն առաջնահերթութիւններուն վերաբերեալ, որոնք պէտք է նկատի առնուին զարգացման ծրագրաւորման ընթացքին: «Տեղեկատուութեան ազգային գործակալութեան» տուած հարցազրոյցին ընթացքին Կիտանեան նշեց, որ վիճակագրութիւնները կը նպաստեն տրամադրելու տուեալներ, որպէսզի մշակուի կանուխ նախազգուշացման համակարգ` դէմ կենալու որեւէ վտանգի, ինչպէս նաեւ ստեղծուի ճգնաժամի արագ արձագանգման արդիւնաւէտ կարողութիւն:

Կիտանեան եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը Իտալիոյ մէջ կը մասնակցին Լիբանանի մէջ իտալական համագործակցութեան եւ զարգացման գործակալութեան (Էյ. Այ. Սի. Էս.) կողմէ նուիրուած ծրագիրի, որ կ՛իրականացնէ Իտալիոյ վիճակագրութեան հիմնարկը: Կիտանեան յայտնեց, որ գիտական վիճակագրական վերլուծումը ցրուած պատահական ընդհանուր տուեալներու վերափոխումն է զեկուցումներուն, որոնք տեղեկութիւնները եւ քննարկումները կը կապեն ներկայ իրականութեան եւ արդիւնքներուն:

Ըստ Կիտանեանի, ատիկա վիճակագրական վերլուծման հոլովոյթին կարեւորագոյն առաւելութիւններէն մէկն է` տրուած ըլլալով, որ անոր դերն է փոխկապակցել ձեռք բերուած ու հաւաքուած տեղեկութիւնները եւ այն արդիւնքները, որոնք կը հաստատուին եւ կը ներառուին այս տեղեկութիւններուն հիման վրայ:

Կիտանեան նշեց, որ վիճակագրական վերլուծումի հոլովոյթը մեծ կարեւորութիւն ունի երկիրներու, արդիւնաբերական հաստատութիւններու մակարդակով եւ տնտեսական ու ընկերային ուղղութիւններու մէջ ճշգրիտ որոշումներ տալու առումով: «Այս պատճառով վարչապետ Սաատ Հարիրի մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Վիճակագրութեան կեդրոնին եւ կը հասկնայ, որ ժամանակակից վիճակագրական ձեւերը աշխուժ գործիքներ են պետութեան աշխատանքին համար` յանկարծաբանական իրավիճակներէն անցնելով իրավիճակներու, որոնք կը հիմնուին գիտական ուսումնասիրութիւններու եւ գործնական աշխատանքի վրայ», ընդգծեց Կիտանեան:

Դոկտ. Կիտանեան շեշտեց, որ մակերեսային վիճակագրութիւնները այլեւս չեն համապատասխաներ իրականութեան, եւ Լիբանանի մէջ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը շօշափելի յառաջընթաց կ՛արձանագրէ այս ոլորտի զարգացման առումով: Ան անհրաժեշտ նկատեց ժամանակակից վիճակագրական ձեւերը որդեգրել` ուսումնասիրելու եւ քննելու համար տարբեր գիտական հարցեր, աւելցնելով, որ կառոյցը 20 տարիէ ի վեր կ՛աշխատի զարգացնելու համար իր ծրագիրը, որ դրական արձագանգ ստացած է միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ:

Դոկտ. Կիտանեան նաեւ խօսեցաւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան եւ Իտալական վիճակագրական հիմնարկին միջեւ համագործակցութեան կարեւորութեան մասին` յայտնելով, որ իտալական հիմնարկը, որ հիմնուած է 1860-ին, ունի լայն փորձառութիւն վիճակագրութեան մարզին մէջ, եւ Լիբանան կրնայ օգտուիլ այդ փորձառութենէն: Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ Իտալական վիճակագրութեան ազգային հիմնարկը արդէն իսկ կ՛իրագործէ ծրագիր մը, որ կը նպատակադրէ հաստատութենական զարգացումը կեդրոնական վիճակագրութեան տնօրինման մէջ եւ մեքենայացած բաժանմունքին աշխատանքին բարելաւումը, ինչպէս նաեւ հետազօտական այցելութիւններ կատարել Լիբանանի մէջ վիճակագրութեան վարչութեան պաշտօնեաներուն եւ ձեռք բերել համակարգեր` դիւրացնելու համար վիճակագրական տեղեկութիւններու փոխանակումը Լիբանանի մէջ բոլոր վիճակագրական տուեալներ արտադրողներուն միջեւ:

Դոկտ. Կիտանեան յայտնեց, որ ծրագիրը կ՛իրագործուի յարմար ժամանակին, երբ նաեւ աշխատանք կ՛ընթանայ կայուն զարգացման ծրագիրները իրականացնելու` գտնելով բոլոր տուեալներ արտադրողներուն միջեւ ամուր տուեալներ փոխանակելու հարթակ, օգտագործելով SDMX-ը, որ համապատասխան ցուցանիշները հաշուարկելու եւ անոնց վերաբերեալ զեկուցումներ պատրաստելու յատուկ համակարգ մըն է:

Իտալիոյ մէջ Լիբանանի դեսպանատունը կազմակերպած էր իտալական հիմնարկի տնօրէնին ընդունելութեան հաւաք մը, որուն ընթացքին դոկտ. Կիտանեան Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան կողմէ հիմնարկի տնօրէնին եւ Իտալիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միրա Տահերին յանձնած է երախտագիտութեան վահանը` առ ի երախտագիտութիւն անոնց ի գործ դրած ճիգերուն` ծրագիրը իրականացնելու համար:

 

 

Նախորդը

Միքաթի. «Նախագահական Պալատին Մէջ Հանդիպումը Տնտեսական Թղթածրարներուն Մօտեցաւ Առարկայական Ձեւով, Բայց Կը Մնայ Ներկայացուած Առաջադրանքները Իրագործել»

Յաջորդը

Սաատ Հարիրի Պէյրութի Նաւահանգիստէն. «Նաւահանգիստին Վերաբերեալ Կարգ Մը Արշաւներ Քաղաքական Են, Իսկ Ուրիշներ Կը Ձգտին Կացութիւնը Բարելաւել»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.