Միքաթի. «Նախագահական Պալատին Մէջ Հանդիպումը Տնտեսական Թղթածրարներուն Մօտեցաւ Առարկայական Ձեւով, Բայց Կը Մնայ Ներկայացուած Առաջադրանքները Իրագործել»
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Թրիփոլիի մէջ իր այցելուներուն առջեւ յայտարարեց, որ նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած տնտեսական ժողովը տնտեսական եւ նիւթական թղթածրարներուն մօտեցաւ առարկայական ձեւով եւ յանգեցաւ շարք մը առաջարկներու, սակայն կը մնայ զանոնք իրագործել, քանի որ ժողովուրդը ձանձրացած է խօսքերէն, որոնք գործերու չեն վերածուիր, յատկապէս որ բոլոր միտքերը կը կրկնուին բոլոր կառավարական ծրագիրներուն մէջ: Միքաթի նշեց, որ ասիկա...




















