Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժեմայէլ Նախագահ Աունին Յղեց Բաց Նամակ Մը` Անկէ Պահանջելով Ձեռնարկել Կանխահաս Խորհրդարանական Ընտրութիւններու

Դեկտեմբեր 5, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին յղեց բաց նամակ մը, որուն մէջ նշեց, թէ Լիբանան կը գտնուի նաւու մը մէջ, որ կ՛ընկղմի:

Ան ըսաւ, որ լիբանանցիները օրական դրութեամբ տառապանք կ՛ապրին, որովհետեւ անոր կողմէ վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններու հրաւէր տակաւին չէ ճշդուած:

Ժեմայէլ վերյիշեցուց երկրին ղեկավարման առումով իր կատարած բազմաթիւ զգուշացումները` հաստատելով, որ նախագահ Աունի ընտրութենէն երեք տարի վերջ երկիրը այս իրավիճակին հասած է, որովհետեւ քաղաքական ուժերուն կողմէ ժողովուրդին դիմագրաւած առօրեայ հարցերուն նկատմամբ անտեսում ցուցաբերուած է:

Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութեան որդեգրած վատ տնօրինումներուն պատճառով լիբանանցիները արտայայտեցին իրենց ցասումը, որ վայելեց աշխարհին յարգանքը:

Ան նկատել տուաւ, որ վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններու յապաղումը ո՛չ միայն սահմանադրութիւնը շրջանցած է, այլ` երկրին վարչակարգը վտանգած:

Ժեմայէլ կոչ ուղղեց նախագահ Աունին նոյնպիսի կառավարութիւն մը չկազմելու, որովհետեւ իր իշխանութեան երկու կառավարութիւնները խանգարեցին ամէն բան եւ ոչ մէկ իրագործում արձանագրեցին:

Ան կոչ ուղղեց կազմելու կուսակցութիւններէ անկախ մասնագէտներու կառավարութիւն մը:

Սամի Ժեմայէլ նախագահ Աունէն պահանջեց ձեռնարկել կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններու:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Պահանջեց Պարկեշտ Կառավարութեան Մը Կազմութիւնը

RelatedPosts

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ
Գլխաւոր լուրեր

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

Հոկտեմբեր 13, 2025
«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ
Լիբանանեան

«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ

Հոկտեմբեր 13, 2025
Շէյխ Քապալան. «Լիբանանը Քաղաքական Աղէտի Մէջ Է,  Եւ Ազգային Փրկութիւնը Նախագահ Աունի Ձեռքն Է»
Լիբանանեան

Քապալան. «Հարաւային Լիբանանը Իր Ճակատագիրին Ձգուած Է»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?