ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աունի քաղաքական հարցերով խորհրդական Փիեռ Ռաֆֆուլ յայտնեց, որ նախագահ Աունի հրաժարականը անհաւանական է: Ան աւելցուց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կառավարութեան մէջ պիտի ներկայացուի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Սըքքարիէ հաստատեց, որ Լիբանանը տնտեսական փլուզումէ փրկելու գինը Հըզպալլայի ապազինումն է:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ հիմնականը հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ վարչապետի թեկնածու Սամիր Խաթիպի թեկնածութիւնը որդեգրելու եւ անոր թեկնածութեան զօրակցելու մասին յստակ կեցուածքն է:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ` ընկերակցութեամբ ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, երէկ այցելեց նահատակ Ալա Ապու Ֆախըրի բնակարանը: Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Ժոմպլաթ մօտէն կը հետեւի Ալա Ապու Ֆախըրի սպանութեան հարցով բացուած հետաքննութեան մանրամասնութիւններուն:
ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ կայարաններուն նաւթ բաժնող ընկերութիւններու ներկայացուցիչ Ֆատի Ապու Շաքրա յայտնեց, որ պենզինի տագնապ գոյութիւն չունի:
ԱՐՏԱՔԻՆ առեւտուրի պետական նախարարի պաշտօնակատար Հասան Մըրատ յայտնեց, որ փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ մասնագէտներու կառավարութիւնները արդիւնաբեր եւ երկարատեւ չեն ըլլար:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ կացութիւնը հասած է շատ բարդ իրավիճակի մը, որուն լուծումը անհրաժեշտ է:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ եւ Բրիտանիոյ դեսպաններ Լենի Սթանսիթի եւ Քրիս Ռամպլինկի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ներկայ իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու արձանագրուած զարգացումները: