Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆընէյշ. «Մեր Ներկայութեամբ Կրնանք Յաղթել Թշնամիին»

September 9, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ խօսք առաւ Հըզպալլայի կազմակերպած` Աշուրայի առիթով սուգի հաւաքին եւ յայտնեց, որ Աստուծոյ կամքով կարելի եղաւ Լիբանանի հողերը ազատագրել եւ Իսրայէլի դէմ յաղթանակ արձանագրել ո՛չ միայն 2000 թուականին, այլ նաեւ 2006-ին: Ան աւելցուց, որ այս յաղթանակին շնորհիւ է, որ հաւատադրժողական ծայրայեղականները դուրս մնացին երկրէն եւ չկրցան Սուրիայէն ներթափանցել Լիբանանի քաղաքները:

Խօսելով Լիբանանի ներքին քաղաքականութեան մասին` Ֆընէյշ նշեց, որ Լիբանանի ներքին քաղաքական իրավիճակը, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի դէմ կեցուածքին, ունի ներքին միասնութիւնը ապահովող հզօր քաղաքական ուժ, որ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ Դիմադրութեան կատարելու թշնամին կասեցնելու իր առաքելութիւնը: Ան ըսաւ, թէ տարբեր կողմերու քաղաքական յարաբերութիւնները եւ քաղաքական իրավիճակին վերականգնումը, մանաւանդ Լեռնալիբանանի դէպքերէն ետք, կ’ապահովէ երկրին կայունութիւնը` բան մը, որ անհրաժեշտ է դիմագրաւելու Լիբանանի արտաքին, ինչպէս նաեւ ներքին մարտահրաւէրները, որովհետեւ եթէ Լիբանանի տնտեսական տագնապի լուծումը չյանգի քաղաքական կայունութեան եւ համագործակցութեան, կարելի պիտի չըլլայ յաջող ելքեր գտնել:

Ֆընէյշ ըսաւ, թէ իրենք դրապաշտ են իրենց տուեալ ներկայութեան հիման վրայ, ո՛չ միայն իբրեւ  հաւատարմութեան արտայայտութիւն, այլ նաեւ իբրեւ Դիմադրութեան դաշտին մէջ ներկայութեան ապացոյց: Այս ներկայութիւնը թշնամին եւ իր դաշնակիցները փորձած են հակաքարոզչութեան ընդմէջէն աղաւաղել: Արդարեւ, շուրջ 500 միլիոն ամերիկեան տոլար ծախսուած է Դիմադրութեան դէմ հակաքարոզչութիւն իրականացնելու համար` այլ պատժամիջոցներու կողքին, ըսաւ ան, ու եզրափակեց խօսքը ըսելով, որ կարեւոր է ամուր մնալ պարտաւորութիւններուն դիմաց, որովհետեւ մեր ներկայութեամբ կրնանք յաղթել թշնամիին:

Նախորդը

Ռայի Պատրիարք Կ՛եզրափակէ Շուֆ Տուած Իր Երկօրեայ Հովուապետական Այցելութիւնը

Յաջորդը

Հաշեմ. «Հարցերը Պիտի Լուծուին Միայն Քաղաքացիական Պետութեամբ Եւ Մէկ Ընտրատարածքի Հիմամբ Համամասնական Օրէնքով»

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.