Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապու Ֆաուր. «Թէյմուր Ժոմպլաթ Վճռակամ Է, Որ Լաքլուքի Հանդիպումը Կայացած Չըլլայ Սկզբունքներու Եւ Դատական Համակարգի Հաշուոյն»

September 9, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, «Նահնու Ռաշայա» կազմակերպութեան սարքած ընթրիքին ընթացքին, ուր տեղի ունեցաւ Ռաշայայի վաստակաւոր կրթական մշակներու պարգեւատրումը, նախարար Ապու Ֆաուր  խօսք առնելով դիտել տուաւ, որ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի  ղեկավար Թէյմուր Ժոմպլաթի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ Լաքլուքի մէջ անցեալ շաբաթավերջին կայացած հանդիպումը իրականացած է վերջինիս հրաւէրով` նպատակ ունենալով ապահովել երկու կողմերու միջեւ հաշտութիւն եւ երկխօսութիւն, ինչպէս նաեւ շօշափել ապագայի քաղաքական յարաբերութեան կարելիութիւնը` առանց չեղեալ նկատելու նախկին անհասկացողութիւնները: Ապու Ֆաուր նշեց նաեւ, որ Թէյմուր Ժոմպլաթ վճռորոշ է, որ այս կամ այլ նման տեսակցութիւններ սկզբունքներու կամ դատական համակարգի հաշուոյն չըլլան` մանաւանդ ինչ կը վերաբերի Լեռնալիբանանի դէպքին, որուն համար կ’ակնկալենք յանցագործութեան դատապարտումը, ըսաւ ան:

Խօսելով կրթական մարզին մասին` Ապու Ֆաուր ըսաւ, որ երբ կրթութիւնը կը վերադառնայ իր առաքելութեան, այն ատեն կը վերականգնի պետական վարժարանը: Անշուշտ շատ ուսուցիչներ կը կատարեն այս առաքելութիւնը եւ շատեր ալ կը կրեն այս կրթութեան խաչը` համոզումով եւ հաւատքով, բայց եւ այնպէս, երբ ուսուցիչը պետութենէն աղաչելով կը պահանջէ իր բռնաբարուած իրաւունքը, որուն հիմնական պատճառը տնտեսական իրավիճակն է, ատիկա բնաւ նախանձելի չէ, ըսաւ ան, ու Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքին  եւ անոր նախագահ Թէյմուր Ժոմպլաթին անունով վստահեցուց անոնց, որ ելեւմուտքի նախարարին հետ պիտի հետապնդեն խնդիրին լուծումը:

Նախարարը յոյս յայտնեց, որ պետութիւնը կրթական մարզը կարենայ վերադարձնել իր վարկին` նշելով, որ, ինչպէս Քամալ Ժոմպլաթ կ’ըսէր` Լիբանանը պէտք է առաջնահերթ տեղ գրաւէ արաբական աշխարհի մտաւոր առաջնորդութեան մէջ: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ նախարար Աքրամ Շեհայէպ յաջողի վերատեսութեան ենթարկել նախակրթարանի ու պետական կրթական ծրագիրը ընդհանրապէս ու համալսարանի, անձնական համալսարաններու եւ անձնական կրթական ծրագիրները յատկապէս: Ան ըսաւ, որ նախարարը իր այս մարտահրաւէրին մէջ, երբ կրթական մարզը պաշտպանող քայլեր կ’առնէ, քննադատութեան թիրախ կ’ըլլայ, որովհետեւ կրթական մարզը առեւտուրի մարզի նման անձնական հաշուարկներու զոհ գացած է:

 

 

Նախորդը

Քարամ. «Ոչ Փտածութեան Հաւասարակշռութեան»

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարք Կ՛եզրափակէ Շուֆ Տուած Իր Երկօրեայ Հովուապետական Այցելութիւնը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.