Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանի Ամէնէն Տկար Կէտը Սահմանադրութիւնն Է»
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Մամլոյ սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքիի: Հանդիպումէն ետք Քաաքի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին փոխանցած են իրենց շնորհաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր հետ քննարկած երկրին իրադարձութիւնները: Քաաքի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղած է բոլորին գերազանցելու իրենց անձնական շահերը, որովհետեւ Լիբանանի շահերը կը գերադասեն բոլորը` աւելցնելով, որ Ռայի պատրիարքը ընդգծած...



















