Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 16, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց Լիբանանի մէջ «Քէյրոփրեքթիք» մարզի կանոնաւորման անհրաժեշտութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Ճորճ Փինկլի Զաքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ եթէ վարչապետարանին մէջ մասնագէտներու կառավարութիւն մը չգործէ, ապա փողոցին մէջ արիւնահեղութիւն պիտի արձանագրուի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել հաստատեց, որ մօտիկ ապագային Լիբանան պիտի ունենայ կառավարութիւն մը, որ ճի՛շդ ժողովուրդին պահանջներուն պիտի համապատասխանէ: Շարպել աւելցուց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը ծանօթ էին վարչապետ Հասսան Տիապի կազմելիք կառավարութեան չափանիշներուն:

ԱՐՏԱՔԻՆ առեւտուրի պետական նախարարի պաշտօնակատար Հասան Մըրատ յայտնեց, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան կողմէ արտակարգ նիստեր չգումարելը գերագոյն դաւաճանութեան համազօր է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին միակ ելքը կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումն է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ եթէ Լիբանանի կացութիւնը շարունակէ իր ներկայ ընթացքը, ապա իրենք պիտի ըլլան բռնկելիք յեղափոխութեան ռահվիրաները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ռոժէ Ազար շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը յանձնառու կը մնայ վարչապետ Հասսան Տիապի հետ իր գոյացուցած համաձայնութեան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նաամաթ Աֆրամ ընդգծեց, որ եթէ լիբանանեան պետութիւնը սնանկանայ, ապա ինքնաբերաբար դրամատուները պիտի սնանկանան:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի անդամ, երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ 2020-ի պետական ամավարկի վաւերացումը տնտեսական, ելեւմտական եւ քաղաքական անհրաժեշտութիւն է:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աունի համաձայն, մեծ հաւանականութիւն կայ, որ յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին կառավարութեան կազմը յայտարարուի, եթէ բոլոր արգելքները հանգուցալուծուին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ յայտնեց, որ իրենք հարց տուած են Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէին` երկրէն դուրս փոխանցուած գումարներուն մասին` աւելցնելով, որ պէտք է նման գործառնութիւններ կատարողներուն դէմ խիստ պատժամիջոցներ որդեգրուին:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալեցին ՏԱՀԵՇ-ին Պատկանող Սուրիացի Մը

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?