Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ երէկ կը գտնուէր Մասքաթ` ցաւակցութիւն յայտնելու համար Օմանի սուլթան Քապուս Ալ Սայիտի մահուան առիթով, աւարտելէ ետք ցաւակցելու իր պարտականութիւնը, վերադարձաւ Լիբանան:
Հարիրի իսկոյն ուղղուեցաւ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանը, ուր նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի ընթացիկ նիստին` ներկայութեամբ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրիի:
Նիստէն ետք Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ ինք իր պարտականութիւնները կը կատարէ` աւելցնելով, որ լաւ է կազմել նոր կառավարութիւն մը եւ չառաջնորդուիլ հրաժարեալ կառավարութեան կատարելիք ընթացիկ աշխատանքով:
«Ընթացիկ հարցերու կառավարութեան իրաւասութիւնները սահմանափակ են, եւ մենք այդ շրջագիծին մէջ կը գործենք: Կան կարգ մը հարցեր, որոնք կարելի չէ վաւերացնել ընթացիկ հարցերու կառավարութեան կողմէ», ըսաւ ան:
Հարիրի աւելցուց, որ ոմանք կառավարութեան կազմութիւնը կը խոչընդոտեն եւ ապա զինք այդ յանցանքով կ՛ամբաստանեն` շեշտելով, որ այդ իմաստով ինք սիւննիական յստակ արգելքներ կը զետեղէ:
«Պէտք է հարցերը լուծել սահմանադրութեան համաձայն, իսկ 2020-ի պետական ամավարկի վաւերացման խորհրդարանի նիստերուն գծով պիտի խօսիմ եւ անշուշտ հանդիպիմ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ», շեշտեց Հարիրի:
Պլոքի նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը հաստատեց, որ նոր կառավարութեան կազմութեան իմաստով արձանագրուած արգելքներուն պատասխանատուութիւնը կը կրեն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունն ու վարչապետ Հասսան Տիապը:
«Առաջնահերթութիւնը կ՛երթայ նոր կառավարութեան կազմութեան եւ նախարարութիւնները բաժնուելու իմաստով արձանագրուած վէճերու կասեցումին: Բախումներու եւ բանավէճերու մշակոյթին վերադառնալ կը նշանակէ փախուստ տալ Ժողովրդային շարժումին արձանագրած փոփոխութիւններէն», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ եւ հաստատուեցաւ, որ Հարիրի երբեք պիտի չանտեսէ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան աշխատանքները շարունակելու իր պարտականութիւնը: