Լիբանանեան

Պքերքէի Մէջ.   «Ռայի Պատրիարքին Խօսքերը Ցոյց Կու Տան,  Թէ Երկրին Փրկութեան Համար Ի՛նչ Կը Պահանջուի»   Շեշտեց Ֆընիանոս

Պքերքէի Մէջ. «Ռայի Պատրիարքին Խօսքերը Ցոյց Կու Տան, Թէ Երկրին Փրկութեան Համար Ի՛նչ Կը Պահանջուի» Շեշտեց Ֆընիանոս

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Ֆընիանոսը, որ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Ռայի պատրիարքին: Հանդիպումէն ետք Ֆընիանոս պետական գործիչներուն կոչ ուղղեց ուշադիր լսելու Ռայի պատրիարքին քարոզները, յատկապէս նախանցեալ օրուան քարոզը: «Ճի՛շդ է, որ Ռայի պատրիարքը քաղաքական գործիչ չէ, սակայն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

«ՕԺԵՐՕ»-Ի ընդհանուր տնօրէն Իմատ Քրայտիէ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ համացանցի դրութիւնը պիտի չխզուի` աւելցնելով, որ լիբանանցիները այդ իմաստով իրենց մտահոգութիւնները պէտք է փարատեն: «Ներկայիս համացանցի չգոյութեան հարցեր չկան, սակայն հաղորդակցութեան միջոցներու մարզին տագնապը պէտք է լուծուի», ըսաւ ան: ՄԱԿ-Ի մէջ Լիբանանի մնայուն դեսպան Ամալ Մտալլալի յայտնեց, որ Լիբանան ՄԱԿ-ին ունեցած իր նիւթական պարտաւորութիւնները կատարած է եւ ամէն բան իր բնականոն...

Կառավարութեան Կազմութեան  Հոլովոյթը` Զերօ Կէտի՞ն

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը` Զերօ Կէտի՞ն

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը դիմագրաւէ լուրջ հարցեր, որոնց լոյսին տակ, երէկ անպաշտօն աղբիւրներու կողմէ տարածուեցան շշուկներ, թէ այդ հոլովոյթը վերադարձած է զերօ կէտին: Մինչ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ հաստատեցին, որ Հզօր Լիբանան համախմբումը վաղը` երեքշաբթի, 14 յունուարին, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին պիտի հրապարակէ տեսակարար կեցուածք մը, Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներ շեշտեցին, որ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի վերադառնայ Լիբանան` շարունակելու...

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերը Խոր Կսկիծով  Կը Գուժեն Օմանի Սուլթան Քապուսի Մահը

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերը Խոր Կսկիծով Կը Գուժեն Օմանի Սուլթան Քապուսի Մահը

Օմանի սուլթան Քապուս պըն Սայիտի մահուան առիթով Լիբանանի իշխանութեան պետերը խոր կսկիծով գուժեցին անոր մահը: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ցաւակցագիր մը յղեց սուլթան Հայսամ պըն Թարեք Ալ Սայիտին` շեշտելով, որ սուլթան Քապուսի մահը խորապէս յուզած է զինք, որովհետեւ ան կէս դար շարունակ ծառայած է իր հայրենիքին եւ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի համար եղած է եղբօր նման բարեկամ մը, որ...

«Սիւլէյմանիի Սպանութեան Առաջին  Պատասխան-Գործողութիւնը Նախաքայլն Է Երկարատեւ  Գործողութիւններու, Որոնց Շնորհիւ Շրջանին Մէջ  Ամերիկեան Զինուորական  Ներկայութեան Վերջ Մը Պիտի Դրուի»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Սիւլէյմանիի Սպանութեան Առաջին Պատասխան-Գործողութիւնը Նախաքայլն Է Երկարատեւ Գործողութիւններու, Որոնց Շնորհիւ Շրջանին Մէջ Ամերիկեան Զինուորական Ներկայութեան Վերջ Մը Պիտի Դրուի» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանիի եւ Ժողովրդային աշխարհազօրի փոխնախագահ Ապու Մեհտի Մուհանտեսի անարգ սպանութեան առիթով, Հըզպալլա երէկ կազմակերպեց յիշատակի ոգեկոչման եօթնօրէքի ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ, ինչպէս` Նապաթիէ, Սոհմոր, Պաալպեք եւ Հարաւային արուարձաններ: Այս առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ դարձեալ ցաւակցութիւն յայտնեց Սիւլէյմանիի եւ Մուհանտեսի...

ՄԱԿ Կը Յայտարարէ, Թէ Լիբանան Այն Երկիրներէն Է,  Որ Քուէարկութեան Իր Իրաւունքը Կորսնցուցած Է`  Նիւթական Իր Պարտաւորութիւնները Չկատարելու Պատճառով

ՄԱԿ Կը Յայտարարէ, Թէ Լիբանան Այն Երկիրներէն Է, Որ Քուէարկութեան Իր Իրաւունքը Կորսնցուցած Է` Նիւթական Իր Պարտաւորութիւնները Չկատարելու Պատճառով

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնական բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք շաբաթավերջին յայտարարեց այն երկիրներուն անունները, որոնք ՄԱԿ-ին նիւթական իրենց պարտաւորութիւնները չկատարելու պատճառով կորսնցուցած են ՄԱԿ-ի որոշումներուն մաս կազմելու իրենց իրաւունքը: Ան նշեց, որ նաեւ Լիբանանը մաս կը կազմէ այդ երկիրներուն: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ցաւ յայտնեց ՄԱԿ-ի այդ որոշումին համար: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր բոլոր...

«Ինչպէ՞ս Կրնայ Ընթացիկ Հարցերու  Կառավարութիւնը Լքել Իր Պատասխանատուութիւնները  Եւ Երկիրը Ձգել Փոթորիկներու Դիմաց»  Հարց Տուաւ Ռայի Պատրիարքը

«Ինչպէ՞ս Կրնայ Ընթացիկ Հարցերու Կառավարութիւնը Լքել Իր Պատասխանատուութիւնները Եւ Երկիրը Ձգել Փոթորիկներու Դիմաց» Հարց Տուաւ Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ իշխանութիւնները պատասխանատու են Լիբանանի մէջ տիրող այս իրավիճակին: Ան հաստատեց, որ քաղաքական եւ տնտեսական տագնապները պետութեան թերացումին հետեւանքներն են` հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը լքել իր պատասխանատուութիւնները եւ երկիրը ձգել փոթորիկներու դիմաց: Ռայի պատրիարքը յոյս յայտնեց, որ...

Ռիատ Սալամէ. «Լիբանանի Մէջ Ելեւմտական  Տագնապ Չկայ, Իսկ Լիբանանեան Դրամատնային  Մարզին Եւ Լիբանանեան Թղթոսկիի  Արժէքին Գծով Մտահոգութիւն Պէտք Չէ Ըլլայ»

Ռիատ Սալամէ Արտակարգ Իրաւասութիւններ Կը Խնդրէ` Դրամատուներուն Օրէնքներ Պարտադրելու

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ շաբաթավերջին նամակ մը յղեց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլին, որմէ արտակարգ իրաւասութիւններ խնդրեց` դրամատուներուն օրէնքներ պարտադրելու: Սալամէ հաստատեց, որ իր խնդրած արտակարգ իրաւասութիւնները չեն միտիր նոր գործառնութիւններ ստեղծել, այլ` կանոնաւորել բոլոր այն պայմանները,  որոնք դրամատուներուն կողմէ պարտադրուած են իրենց յաճախորդներուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ արդար եւ հաւասար վարուելակերպ ցուցաբերել անոնց նկատմամբ:  

Եազիժի Պատրիարք. «Մեր Եկեղեցին Պիտի  Շարունակէ Պաշտպանել Արեւելքի Իրաւացի Դատերը»

Եազիժի Պատրիարք. «Մեր Եկեղեցին Պիտի Շարունակէ Պաշտպանել Արեւելքի Իրաւացի Դատերը»

Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ Պալամանտի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Անտիոքի իրենց եկեղեցին իրաւունքին տէր պիտի կանգնի եւ պիտի շարունակէ պաշտպանել Արեւելքի իրաւացի դատերը: Ան կոչ ուղղեց ժողովուրդին չհաւատալու բոլոր այն հեքիաթներուն, որոնց պատճառով եկեղեցիին հանդէպ իրենց վստահութիւնը կը խախտի: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն լիբանանցիները փրկելու իրենց...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ այսօր դատական հարց պիտի յարուցէ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին դէմ: ԱՐՏԱՔԻՆ առեւտուրի պետական նախարարի պաշտօնակատար Հասան Մըրատ կարեւոր նկատեց, որ Լիբանան վերջ տայ երկրագործական արդիւնաբերութեան ներածումին, որպէսզի երկրին գիւղատնտեսութեան մարզը կարենայ ինքզինք փրկել ներկայ տագնապէն: ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ամերիկեան տոլար գտնել լումայափոխներուն եւ ոչ...

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը  Կը Բախի Որոշ Բարդութիւններու.  Սալամէ. «Դրամատուներուն Մէջ Գտնուող Լիբանանցիներուն  Հաշիւները Ապահով Են, Եւ Ոչ Մէկ Դրամատուն Սնանկացած Է»

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Բախի Որոշ Բարդութիւններու. Սալամէ. «Դրամատուներուն Մէջ Գտնուող Լիբանանցիներուն Հաշիւները Ապահով Են, Եւ Ոչ Մէկ Դրամատուն Սնանկացած Է»

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը բախի որոշ բարդութիւններու, սակայն հակառակ տիրող այս մթնոլորտին, վարչապետ Հասսան Տիապ կառչած կը մնայ սեղմ կազմով (18 նախարար) եւ մասնագէտներէ բաղկացող կառավարութիւն մը կազմելու ընտրանքին: Կառավարութեան յայտարարութեան մօտալուտ ըլլալուն կամ այդ յայտարարութիւնը մետասաներորդ պահուն արգելակած խոչընդոտներու մասին տեղեկութիւնները հեղեղներու պէս ողողած են տեղական լրատուամիջոցները, սակայն իրականութիւնը կը մնայ այն, որ Տիապ իշխանութեան պետերուն եւ քաղաքական ուժերու...

Բանակին Եւ Քաղաքացիներուն Շարքերուն Մէջ  Արձանագրուած  Նահատակներուն Թափած Արիւնը  Սակարկութեան Կարելի Չէ Ենթարկել

Պատտաուիի Մէջ 14 Բանակայիններ Վիրաւորուեցան, 8 Հոգի` Ձերբակալուած

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հինգշաբթի, 9 յունուար 2020-ի գիշերը, կարգ մը երիտասարդներ քարերով փակեցին Թրիփոլիի Պատտաուի շրջանին ճամբաները: Շրջանին մէջ ծառայող բանակայինները փութացին վերաբանալու ճամբաները, սակայն անոնք ենթարկուեցան ցուցարար երիտասարդներուն կողմէ քարկոծումի, ինչպէս նաեւ թիրախ դարձան քոքթէյլ մոլոթովներու, որոնց պատճառով 14 բանակայիններ վիրաւորուեցան: «Միւս կողմէ, սակայն, 8 մարդիկ ձերբակալուեցան` խուլիկանութիւն գործելու յանցանքով: Ձերբակալեալները...

Թապըշ. «Արդարութիւնը Կարելի Է Հաստատել  Միայն Անկախ Գործող Դատական  Իշխանութիւններուն Գոյութեամբ»

Թապըշ. «Արդարութիւնը Կարելի Է Հաստատել Միայն Անկախ Գործող Դատական Իշխանութիւններուն Գոյութեամբ»

Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ երէկ այցելեց Իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Մըլհեմ Խալաֆի, որուն ներկայացուց իր շնորհաւորութիւնները` անոր սենտիքայի նախագահ ընտրութեան առիթով, ինչպէս նաեւ քննարկեց շարք մը իրաւաբանական եւ օրինական հարցեր, որոնց գծով ինք աշխատանք տարած է խորհրդարանին մէջ: Այդ թղթածրարներէն էին լիբանանցի կնոջ կողմէ իր զաւկին քաղաքացիութիւն շնորհելու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ յատուկ կարիքներ ունեցողներու, բանտերու եւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին հետ առնչուած...

Զասիփքին. «Սիւլէյմանի Իր Տեսակին Մէջ  Իւրայատուկ Անձ Էր, Եւ Անոր  Սպանութիւնը Մեզի Համար Ցաւալի Է»

Զասիփքին. «Սիւլէյմանի Իր Տեսակին Մէջ Իւրայատուկ Անձ Էր, Եւ Անոր Սպանութիւնը Մեզի Համար Ցաւալի Է»

Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Սուրիա կատարած այցելութիւնը շատ կարեւոր էր, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այդ այցելութիւնը կատարուեցաւ շրջանին մէջ արձանագրուող խիստ կարեւոր զարգացումներուն եւ արտակարգ իրավիճակին զուգահեռ: Զասիփքին հաստատեց, որ Փութինի Սուրիա կատարած այցելութիւնը կը դրսեւորէ Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող ամուր յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Փութինի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐՏԱՔԻՆ առեւտուրի պետական նախարարի պաշտօնակատար Հասան Մըրատ կոչ ուղղեց ընթացիկ հարցերու կառավարութեան իրերայաջորդ արտակարգ նիստեր գումարելու` մեղմացնելու համար քաղաքացիներուն տառապանքը: ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ կարգ մը զարգացումներու եւ բարդութիւններու պատճառով կառավարութեան նոր...

Պըրրի. «Ես Պահանջեցի Եւ Առաջարկեցի  Մասնագէտներէ Եւ Քաղաքագէտներէ  Բաղկացած Կառավարութիւն Մը Կազմել»

Պըրրի. «Ես Պահանջեցի Եւ Առաջարկեցի Մասնագէտներէ Եւ Քաղաքագէտներէ Բաղկացած Կառավարութիւն Մը Կազմել»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ շրջանին մէջ կացութիւնը բնաւ լաւ չէ, «իսկ Լիբանանի կացութիւնը անդունդն ի վար կը գլորուի` վատէն ուղղուելով դէպի վատագոյնը», ըսաւ ան: Պըրրի հաստատեց, որ լիբանանեան մակարդակով պահանջուած լուծումը կառավարութեան կազմութիւնն է, եւ անիկա անցեալի փորձառութիւններէն օգտուելով պէտք էր կազմուէր յառաջիկայ 15 օրերուն ընթացքին: «Ինչո՞ւ է այս...

Նախագահ Աուն Խուրիի Հետ Քննարկեց  Երկրին Տնտեսական Իրավիճակը

Նախագահ Աուն Խուրիի Հետ Քննարկեց Երկրին Տնտեսական Իրավիճակը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախկին նախարար Ռաէտ Խուրին, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական իրավիճակը` ներկայութեամբ նախագահ Աունի արաբական երկիրներու հարցերու խորհրդատու Ֆատի Ասալիի: Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Էտի Մաալուֆ, որ նախագահ Աունին յանձնեց հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու նախկին երեսփոխան Էտկար Մաալուֆի մահուան Ա. տարելիցին նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութեան, որ...

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Պէտք Է Անմիջական  Քաղաքական Լուծումներ Որդեգրել`  Ապահովելու Համար Երկրին Փրկութիւնը»

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Պէտք Է Անմիջական Քաղաքական Լուծումներ Որդեգրել` Ապահովելու Համար Երկրին Փրկութիւնը»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի  արտակարգ նիստին` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի: Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան հաստատեց, որ համախմբումը համաձայն է կազմելու մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը եւ այդ մասին իր կեցուածքը յստակ կերպով յայտնած է: «Այդ կեցուածքը կը մնայ անփոփոխ, իսկ վարչապետ...

Պապական Նուիրակը Այցելեց  Հանրապետութեան Միւֆթիին

Պապական Նուիրակը Այցելեց Հանրապետութեան Միւֆթիին

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Պապական նուիրակը հանրապետութեան միւֆթիին յանձնեց խաղաղութեան մասին Ֆրանչիսկոս Բ. պապին նամակը, որուն մէջ ան կը նշէ միացեալ վախերը թօթափելու կարեւորութիւնը` երկխօսութեան եւ իրարու զօրակցութեան ընդմէջէն խաղաղութիւն կերտել կարենալու համար: Սփիթերի յայտնեց, որ այս նամակը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն...

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց  Հըզպալլայի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Հըզպալլայի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ, խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի, ինչպէս նաեւ քաղաքական խորհուրդի անդամ Մուսթաֆա Հաժ Ալի: Հանդիպումէն ետք սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած են լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ներքին լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններն ու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող...

Page 519 of 988 1 … 518 519 520 … 988

Արխիւներ