Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցուցարարները Փակեցին Լիբանանի Գրեթէ Բոլոր Ճամբաները` Անդամալուծելով Ամբողջ Երկիրը

Յունուար 15, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տնտեսական եւ ելեւմտական պայմաններուն հետզհետէ աւելի սուր ու լարուած դառնալու իրականութեան լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ ապրուստի ահաւոր պայմաններուն մէջ,  Ժողովրդային շարժումին մաս կազմող ցուցարարները երէկ անդամալուծեցին երկիրը` փակելով ճամբաները եւ երթեւեկի ահաւոր խճողում պատճառելով քաղաքացիներուն եւ նոյնիսկ դպրոցէն տուն վերադարձող աշակերտներուն:

Առաւօտեան ժամերէն սկսած ցուցարարները իրենց մարմիններով եւ հրկիզուող անիւներով փակեցին Լիբանանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն ճամբաները` հիւսիսէն հարաւ:

Պէյրութի մէջ փակուած շրջանները եղան Ռինկի կամուրջը, Ժըմմէյզէն, Քոլայի հրապարակը, Համրան` Կեդրոնական դրամատան մուտքերը, Քորնիշ Մազրաան, Վերտանը եւ Մարզական աւանի շրջանը:

Առաւօտեան փակուեցան Ժտէյտէ, Ֆըրն Շըպպեք, Հազմիէ եւ Շեւրոլէ շրջանները, որոնց յաջորդեցին Նահր Մոթ, Ժալ Էլ Տիպ, Զուք, Ճիւնի, Ժիպէյլ, Թրիփոլիի Նուր հրապարակ, Թըպպանէ, Քֆարհազիր, Հայքալիէ, Փալմայի եւ Հալաթի մայրուղիները, Պըհսաս եւ Աքքար, ինչպէս նաեւ Ժիէի եւ Նաամէի մայրուղիները, Սայտա, Էլիայի հրապարակ, Սուր, Հասպայա, Ռաշայա, Սաատնայէլ, Թաալպայա, Մարժ, Քահհալէ, Զահլէ, Ժտիթա, Պաալպեք, Քամետ Լոզ եւ Ժըպ Ժըննին շրջանները:

Տարբեր շրջաններու մէջ, յատկապէս Ժալ Էլ Տիպի, Ռինկի կամուրջին, Զուքի եւ Պըհսասի մէջ բախումներ արձանագրուեցան նախ եւ առաջ ճամբան փակող եւ ազատ երթեւեկել փափաքող քաղաքացիներուն միջեւ, իսկ երկրորդ հերթին` ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ:

Ֆըրն Շըպպեքի մայրուղիին վրայ ցուցարարները այրած ձէթ թափեցին` լրիւ կասեցնելով երթեւեկը:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին մեծ թիւով ցուցարարներ Նահատակաց հրապարակէն ուղղուեցան Թալլեթ Խայեաթ` վարչապետ Հասսան Տիապի բնակարանը, ուր անոնք շարունակեցին իրենց բողոքի ցոյցը:

Ցուցարարները ընդգծեցին, որ իրենք Տիապին 48 ժամուան առիթ մը կու տան` կազմելու համար անկախներէ բաղկացած կառավարութիւն մը` աւելցնելով, որ այդ պայմանաժամը աւարտելէ ետք, իրենք այլ ուղղութիւններու պիտի դիմեն:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին փակուած ճամբաներուն մաս կազմեցին նաեւ Սալումէ-Սին Էլ Ֆիլ ճամբան, ինչպէս նաեւ Նապաթիէի Քֆարրըմանի հրապարակը:

Իսկ Տիապի բնակարանին դիմաց հաւաքուած ցուցարարները ուղղուեցան Համրա եւ անոր փողոցներուն մէջ կատարեցին քայլարշաւ մը` բողոքելով դրամատուներուն որդեգրած ելեւմտական քաղաքականութեան դէմ:

Ցոյցերը շարունակուեցան մինչեւ ուշ գիշեր:

Համրայի Կեդրոնական դրամատան ճամբուն վրայ արձանագրուեցան բախումներ` ապահովութեան ուժերուն եւ ցուցարարներուն միջեւ: Ապահովական ուժերը օգտագործեցին արցունքաբեր կազեր: Ցուցարարները դիմեցին վայրագութեան արարքներու եւ փշրեցին Համրայի մէջ գտնուող դրամատուներուն ցուցափեղկերուն ապակիները: Կատարուեցան ձերբակալութիւններ:

Արձանագրուեցան աւելի քան 20 վիրաւորներ` ցուցարարներէն եւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն անդամներէն:

 

Նախորդը

«Ճիգ Պիտի Չխնայենք Կազմելու Կառավարութիւնը` Նկատի Ունենալով Միայն Լիբանանի Ազգային Գերագոյն Շահերուն Իրականացումը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Սահմանադրական Փոփոխութիւններ Կատարելու Պատրաստութիւններ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?