Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Կը Յուսանք, Որ Լիբանանցիները Մօտիկ Ապագային Կ՛ունենան Կառավարութիւն Մը»

January 16, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց 2020-ի պետական ամավարկը վաւերացնելու լիագումար նիստերու, որոնք պիտի գումարուին 22 եւ 23 յունուարին:

Միւս կողմէ, Այն Թինէի մէջ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին ան իր եւ խորհրդարանին անունով խստիւ դատապարտեց գիշեր մը առաջ Համրայի մէջ ի գործ դրուած խուլիկանութիւններն ու վայրագութիւնները:

Պըրրի շեշտեց, որ Համրայի մէջ պատահածը խիստ մերժելի է` հաստատելով, որ ինք Ժողովրդային շարժումը չ՛ամբաստաներ այդ յանցանքով: «Անծանօթներու կողմէ մայրաքաղաքը քանդելու յստակ նպատակ կար: Պահանջուածը Լիբանանի քանդո՞ւմն է», հարց տուաւ Պըրրի:

Ան ընդգծեց, որ Պէյրութ բոլորին մայրաքաղաքն է եւ ոչ թէ այս կամ այն կողմին կամ ուժին: «Պատահածը անհաւատալի է, իսկ եթէ անիկա Ժողովրդային շարժումին կողմէ գործուած է, ապա անիկա շարժում չէ, ո՛չ ալ յեղափոխութիւն է», ըսաւ ան:

Պըրրի աւելցուց, որ ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են կարգ մը կասկածելիներ` պահանջելով, որ անոնք դատավարութեան եւ հաշուետուութեան ենթարկուին, ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց պատկանելիութիւնը:

Պըրրի կոչ ուղղեց կազմելու փրկութեան յստակ ծրագիր մը, որ կ՛ընդառաջէ ժողովուրդին արդար պահանջներուն եւ կը վերահաստատէ Լիբանանի նկատմամբ ներքին եւ արտաքին վստահութիւնը, պայմանով որ ան վերջ մը դնէ տնտեսական-ելեւմտական փլուզումին եւ ունենայ բարեկարգումները գործադրելու յստակ ծրագիր ու օրէնքներուն կառչած մնալու յանձնառութիւն:

Պըրրի շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք չէ մտահոգուին իրենց շահերով եւ դրամատնային հաշիւներով, յատկապէս փոքր գումար ունեցողներն ու Լիբանանի մէջ հաշիւներ ունեցող արտերկրի լիբանանցիները:

Ան ընդգծեց, որ խորհրդարանը պատրաստ է երաշխաւորելու ժողովուրդին իրաւունքները` օրէնքի եւ սահմանադրութեան յարկին տակ:

Պըրրի յոյս յայտնեց, որ լիբանանցիները մօտիկ ապագային ունենան կառավարութիւն մը: «Մենք վստահ ենք, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները չեն յուսալքուած եւ կարողութիւնը ունին ներկայ տագնապէն դուրս գալու, որովհետեւ անոնց ճակատագիրը միշտ յաղթանակն է` ինչ ալ ըլլան տագնապները», հաստատեց Պըրրի:

Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Քիւպիչ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ միակն է, որ կ՛աշխատի` լուծելու համար առկայ այս տագնապը, մինչդեռ քաղաքական այլ անձնաւորութիւններ ոչինչ կը կատարեն:

Քիւպիչ շեշտեց, որ Լիբանան հրաշքներու երկիր է` մաղթելով, որ նոր կառավարութիւն մը անմիջապէս կարելի ըլլայ կազմել:

Նշենք, որ Քիւպիչ ընկերային ցանցերուն վրայ նաեւ կատարած էր գրառում մը, որուն մէջ հաստատած էր, որ Կեդրոնական դրամատունը արտակարգ իրաւասութիւններ կը պահանջէ` տնտեսութիւնը տնօրինելու, մինչդեռ քաղաքական պատասխանատուները կը վկայեն երկրին փլուզումը:

«Ասիկա անհաւատալի է: Լիբանանի քաղաքական պատասխանատուները իրենք զիրենք պէտք է մեղադրեն երկրին մէջ ստեղծուած այս վտանգաւոր քաոսին համար եւ ոչ թէ ժողովուրդը», գրեց ան:

 

Նախորդը

Ա. Կիտանեան. «Կրթութիւնը Միակ Միջոցն Է, Որ Երկրին Ղեկավարները Դէպի Ճիշդ Ուղին Կ՛առաջնորդէ»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Կիտանեանի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.