Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Պասիլ մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու եւ բաւարարուեցաւ «like»-ի նշանը կատարելով:
Աւելի ուշ, Պըրրիի աղբիւրները նոյնպէս հաստատեցին, որ Պասիլի հետ հանդիպումը ընթացած է դրական մթնոլորտի մէջ:
Յետմիջօրէին Պասիլ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ան յայտնեց, որ համախմբումը Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին յղած է նամակ մը, որուն մէջ պահանջած է բացայայտել այն հաշիւները, որոնցմէ մեծ գումարներու փոխանցումներ կը կատարուին:
Պասիլ յայտնեց, որ նիւթական փոխանցումները պէտք է ենթարկել սահմանափակումներու, յատկապէս եթէ այդ հաշիւներուն տէրերը քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ ներդրողներ են, որովհետեւ այդ մէկը իր հետեւանքները կ՛ունենայ քաղաքացիներուն վրայ:
Պասիլ շեշտեց, որ պահանջուածը տնտեսական-ելեւմտական ծրագիրի մը արագ կերպով մշակումն է` աւելցնելով, որ օրին իրենք ներկայացուցած են առաջարկ մը, «այսօր եւս մենք առ որ անկ է փոխանցեցինք ծրագիր մը», աւելցուց ան:
Պասիլ հաստատեց, որ անընդունելի է, որ քաղաքացիներուն միջեւ խտրութիւն դրուի` ընդգծելով, որ բոլորը պէտք է նոյն վարուելակերպին արժանանան: «Այսինքն` կարելի չէ համեստ գումարի մը փոխանցումը մերժել, միաժամանակ ուրիշի մը համար հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ փոխանցել», շեշտեց ան:
Պասիլ նշեց, որ իրենք օր մը անձնական պահանջ չեն ներկայացուցած, այլ` պահանջած են կազմել փրկութեան կառավարութիւն մը: «Այսօր արձանագրուեցան զարգացումներ, որոնք մեզի կը մղեն յաւելեալ պատասխանատուութիւն ստանձնելու: Մենք պահանջած են անկուսակցական եւ ոչ քաղաքական անձնաւորութիւններէ բաղկացած կառավարութիւն մը, որուն մէջ հին դէմքեր չըլլան: Իբրեւ պատասխանատու երեսփոխաններ մենք կը գտնուինք նոր կազմուելիք կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու կամ չշնորհելու յանձնառութեան տակ: Մենք նախարարներու թիւի եւ նախարարներու անուանացանկի իմաստով պահանջներ չենք ներկայացուցած, այլ` կ՛աշխատինք ի խնդիր տիրող կացութեան փրկութեան», ըսաւ ան:
Պասիլ յայտնեց, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը վերածուած է աշխատանքները արգելակելու կառավարութեան` հաստատելով, որ այդ կառավարութիւնը ունի պատասխանատուութիւններ եւ կրնայ տալ այնպիսի որոշումներ, որոնք կրնան կացութիւնը փրկել:
«Մենք կառավարութեան մասին մեր կեցուածքը չենք փոխած, նոյնիսկ Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութենէն ետք: Այսօր պահանջուածը այն է, որ կազմուի կառավարութիւն մը, որ արժանանայ ժողովուրդին վստահութեան, իսկ սպասելու ժամանակ չկայ», յայտնեց ան:
Պասիլ հաստատեց, որ կառավարութեան որոշումները արգելակելու մէկ երրորդի պահանջին մասին տարածուող լուրերը անճիշդ են: «Կը յաջողինք, երբ կառավարութիւնը այս կացութենէն կարենայ դուրս բերել Լիբանանը, եւ կը ձախողինք, երբ կառավարութիւնը կը ձախողի մեզի այս կացութենէն փրկել», նշեց ան: