Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն Այցելեց Ռայաք

January 14, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ այցելեց Ռայաքի մէջ տեղակայուած լիբանանեան բանակի վեցերորդ զօրամասը, ուր ստուգեց զօրանոցը եւ հանդիպում մը ունեցաւ գնդապետ-զօրավար Տէյվիտ Պաշաալանիի եւ սպաներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան վեցերորդ զօրամասին որդեգրած զինուորական գործողութիւնները եւ երկրին ապահովութիւնը պաշտպանելու իմաստով անոր ունեցած դերակատարութիւնը:

Զօր. Աուն բարձր գնահատեց վեցերորդ զօրամասին ի գործ դրած ջանքերը:

Ան շեշտեց, որ այս փուլին ընթացքին լիբանանեան բանակին ունեցած դերակատարութիւնը զգայուն է, յատկապէս նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած տագնապը, ինչպէս նաեւ շրջանային լարուածութիւնը:

«Քաղաքացիներուն հանդէպ լիբանանեան բանակին վարուելակերպը կը բխի այն դիտանկիւնէն, որ բանակը կը յարգէ քաղաքացիներուն ցոյց կատարելու եւ կարծիք արտայայտելու իրաւունքը: Սակայն այս համոզումը բնաւ չի նշանակեր, թէ բանակը առիթ պիտի տայ խախտելու երկրին ապահովական կայունութիւնը կամ պիտի արտօնէ անպարկեշտ վարուելակերպը, ինչպէս է պարագան ճամբաներու փակումին: Պիտի գայ օրը եւ նուազագոյն բանը, որ պիտի ըսուի բանակին մասին, այն է, թէ ան փրկեց Լիբանանը», հաստատեց զօր. Աուն:

Բանակի հրամանատարը բարձր գնահատեց բանակայիններուն կողմէ ցուցարարներուն հանդէպ ցուցաբերուած ինքնազսպումը, որ արժանացած է նաեւ միջազգային հաստատութիւններու դրուատիքին, յատկապէս երբ ան բաղդատուած է այլ երկիրներու մէջ արձանագրուած նոյնպիսի պարագաներու եւ իրավիճակներու հետ:

Զօր. Աուն դրուատեց բանակայիններուն ճիգերը, մասնաւորաբար տնտեսական ճնշող այս տագնապին ընթացքին:

Ան կոչ ուղղեց անոնց շարունակելու իրենց ջանքերը եւ չտարուելու զրպարտութիւններով, որոնք կրնան շեղել զիրենք` իրենց հետապնդած նպատակներուն իրագործումէն եւ ճշմարտութենէն:

 

Նախորդը

Պքերքէի Մէջ. «Ռայի Պատրիարքին Խօսքերը Ցոյց Կու Տան, Թէ Երկրին Փրկութեան Համար Ի՛նչ Կը Պահանջուի» Շեշտեց Ֆընիանոս

Յաջորդը

Այն Թինէի Մէջ. «Իբրեւ Կուսակցութիւն` Կառավարութեան Մաս Պիտի Չկազմենք, Սակայն Կարելի Չէ Տիւրզի Համայնքը Ջնջել» Շեշտեց Ժոմպլաթ

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.