Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 17, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՏԱՔԻՆ առեւտուրի պետական նախարարի պաշտօնակատար Հասան Մըրատ յայտնեց, որ Լիբանան միայն համերաշխութեան վրայ կրնայ հիմնուիլ` իր բոլոր համայնքներուն պարագային:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ հարց տուաւ, թէ արդեօք Լիբանանի մէջ կատարուած ցոյցերը անբաւարա՞ր են քաղաքական գործիչները զգաստացնելու առումով:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հաստատեց, որ դրամատուներուն քանդումը լիբանանեան գոյացութեան հասած ծանր հարուած մըն է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան հաստատեց, որ իրենք կատարեալ զգուշաւորութեամբ կը հետեւին կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` աւելցնելով, որ այդ հոլովոյթը կը գտնուի իր վերջին փուլին մէջ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ալճերիոյ դեսպան Ապտել Քերիմ Ռաքայպին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ հաստատեց, որ քաղաքական կարգ մը ուժեր կը փորձեն երկրին դրամատնային մարզը միակ պատասխանատուն նկատել Լիբանանի քայքայման:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Անթուան Փանօ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պատասխանատու չէ ելեկտրականութեան տագնապին լուծումը արգելակելու հոլովոյթին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռոժէ Ազար հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դէմ պատերազմ յայտարարուած է` աւելցնելով նաեւ, որ փտածութեան դէմ պայքարելու միակ միջոցը անկախ եւ պարկեշտ դատական իշխանութեան մը գոյութիւնն է:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ շեշտեց, որ դրամատուներու սեփականատէրերը պատասխանատուութեամբ պէտք է վարուին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան վստահութեան քուէ պիտի չշնորհէ, եթէ յոյն կաթողիկէ համայնքին երկու նախարարութիւն չվստահուի:

ԶԱՀԼԷԻ քաղաքապետական խորհուրդի երկու անդամներ` Ղասսան Մըր եւ Շարլ Սապա, հրաժարած են իրենց պաշտօնէն` Զահլէի քաղաքապետ Ասաատ Զղէյպի հետ ունեցած իրենց տարակարծութիւններուն պատճառով:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Պատասխան Նամակ Մը Ստացաւ Ծերակուտական Մենենտեզէն

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանի Ամէնէն Տկար Կէտը Սահմանադրութիւնն Է»

RelatedPosts

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
Պայրագտարեան Մասնակցեցաւ Մտային  Սեփականութեան Ազգային  Օրուան Առիթով Կլոր Սեղանին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Մասնակցեցաւ Մտային Սեփականութեան Ազգային Օրուան Առիթով Կլոր Սեղանին

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.