Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ճիգ Պիտի Չխնայենք Կազմելու Կառավարութիւնը` Նկատի Ունենալով Միայն Լիբանանի Ազգային Գերագոյն Շահերուն Իրականացումը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յունուար 15, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի դիւանագիտական անձնակազմը` նախագահութեամբ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերիի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ եւ նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Հանի Շմայթլի:

Դիւանագիտական անձնակազմին հետ հանդիպումին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նախագահ Աուն շեշտեց, որ արտաքին եւ ներքին ազդակներ զիրար ամբողջացնելով եւ միատեղ գործելով պատճառեցին տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային վատագոյն տագնապը, որ ներկայիս կը հարուածէ Լիբանանը:

«Ներկայ իշխանութեան համար առաջին իսկ օրէն տնտեսական եւ ելեւմտական կացութիւնը եղած է ամէնէն լուրջ մտահոգութիւնը, եւ այդ իմաստով լուրջ ջանքեր ի գործ դրուած են` լուծելու համար տնտեսական հարցերը, սակայն այդ լուծումները ակնկալուած արդիւնքները չկրցան իրականացնել, որովհետեւ կացութիւնը վատ էր, իսկ արգելքները` բազմաթիւ:

Տնտեսական այս ճնշումը պատճառ դարձաւ, որ մարդիկ փողոց իջնեն եւ իրենց ապրուստի պայմաններուն վերաբերող արդարացի պահանջները փողոցին մէջ հնչեցնեն` պահանջելով փտածութեան դէմ պայքարիլ», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ ժողովրդային շարժումին կատարած բողոքի ցոյցերը սկզբնական շրջանին իսկական առիթ մը եղան` իրականացնելու համար անհրաժեշտ բարեկարգումը, որովհետեւ անոնք ցնցեցին համայնքային եւ քաղաքական կարծրատիպերը, ինչպէս նաեւ խզեցին կարմիր գիծերը` կարելի դարձնելով հաշուետուութիւնը: «Սակայն քաղաքական կարգ մը ուժերուն կողմէ ցոյցերուն միջամուխ դառնալն ու ժողովրդային շարժումին տիրութիւն կատարելու եւ զայն շահագործելու փորձերը` խանգարեցին անոնց ընթացքը եւ պատճառեցին անոնց ձախողութիւնը, ինչպէս նաեւ իսկական փտածութենէն շեղեցին անոնց ուղղութիւնը:

Սակայն ես տակաւին կը յուսամ, որ թէ՛ փողոցը եւ թէ՛ իրենց բնակարաններուն մէջ գտնուող լիբանանցիները կառչած կը մնան փտածութեան դէմ պայքարին», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն, որոնք երաշխաւորեցին քաղաքացիներուն ցոյցի իրաւունքը եւ ցուցարարներուն անվտանգութիւնը` աւելցնելով սակայն, որ երկրին տնտեսական վիճակին պատճառով ոճիրներուն եւ քրէական գործերուն թիւը աւելցած է` նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին»:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը անցեալ շաբաթ նախատեսուած էր, սակայն կարգ մը արգելքներ խոչընդոտեցին այդ աշխատանքը: «Հակառակ անոր որ ուշացումի պերճանքը չունինք, սակայն կառավարութեան կազմութիւնը կարիք ունի ատակ անձնաւորութիւններու, որոնք արժանի են ժողովուրդին եւ խորհրդարանին վստահութեան, եւ այդ գործողութիւնը որոշ ժամանակի կը կարօտի: Ճիգ պիտի չխնայենք կազմելու կառավարութիւնը` նկատի ունենալով միայն Լիբանանի ազգային գերագոյն շահերուն իրականացումը», ընդգծեց ան:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ լիբանանեան ընկերութեան վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած հետեւանքներուն` աւելցնելով, որ լիբանանեան իշխանութիւնը կ՛ակնկալէ, որ յառաջիկայ օրերուն Լիբանանի մէջ դրական երեւոյթներ արձանագրուին` լիբանանեան ջուրերուն մէջ կատարուելիք նաւթի պեղումներուն շնորհիւ: «Այս իմաստով մենք կը հաստատենք մեր նաւթահորերուն կառչած մնալու մեր իրաւունքը, կը մերժենք անոնց դէմ գործուելիք որեւէ իսրայէլեան յարձակում, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ կը նկատենք բռնագրաւուած Պաղեստինի եւ Լիբանանի միջեւ ցամաքային եւ ծովային սահմանագծումը», հաստատեց ան:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ինք անշեղ կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւէն, ինչպէս նաեւ յանձնառու կը մնայ միջազգային բոլոր այն բանաձեւերուն, որոնք կ՛երաշխաւորեն բռնագրաւուած իր հողերը վերադարձնելու Լիբանանի իրաւունքը եւ կ՛արգիլեն Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան նախանձախնդիր է նաեւ շրջանային հարցերէն ինքզինք զերծ կացուցելու իր սկզբունքին` առանց մսխելու Լիբանանի ուժը, որ կը կայանայ դիմադրութեան իրաւունքին եւ պաշտպանութեան ռազմավարութեան մշակումին մէջ:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 100-ամեակը պիտի ըլլայ իսկական առիթ մը` Լիբանանի դերակատարութիւնն ու կշիռը վերադարձնելու:

Իր կարգին, գերապայծառ Սփիթերի շեշտեց լիբանանեան տարբեր քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը: «Ձեր կողմէ միշտ դատապարտուած փտախտը կ՛արգելակէ պետութեան աշխատանքը` իր քաղաքացիներուն աշխուժ ծառայութեան իմաստով», ըսաւ Սփիթերի:

Ան յայտնեց, որ երկխօսութիւնը անկարելի կը դառնայ, եթէ անիկա չկատարուի հաւասարութեան տրամաբանութեամբ:

Ան աւելցուց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին վաւերացուած այն առաջարկը, որ Երկխօսութեան եւ մերձեցման կեդրոն հաստատուի Լիբանանի մէջ, ողջունելի է եւ շնորհաւորանքի արժանի:

«Միջազգային ընտանիքը անհրաժեշտ կը նկատէ լիբանանցիներուն, յատկապէս քաղաքական ղեկավարութեան եւ փոփոխութիւն պահանջողներուն միջեւ անկեղծ երկխօսութիւնը: Կը մաղթենք, որ այս երկխօսութիւնը կը դրսեւորուի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելով, որպէսզի ան կարենայ իրագործել անհրաժեշտ բարեկարգումները եւ իրեն նկատմամբ վերականգնել բոլոր լիբանանցիներուն ու Լիբանանի բարեկամներուն վստահութիւնը», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Հարիրի. «Ընթացիկ Հարցերու Կառավարութեան Աշխատանքները Կը Կատարեմ, Սակայն Լաւ Է, Որ Նոր Կառավարութիւն Մը Կազմուի»

Յաջորդը

Ցուցարարները Փակեցին Լիբանանի Գրեթէ Բոլոր Ճամբաները` Անդամալուծելով Ամբողջ Երկիրը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?