Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եզրայէլ Քաթս յայտնեց, որ Իրան պիտի չյաջողի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան սպանութենէ փրկել:
Ընկերային ցանցերուն վրայ իր կատարած գրառումին ընդմէջէն Քաթս հաստատեց, որ սէյիտ Նասրալլա միշտ յարձակողական յայտարարութիւններ կը կատարէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի դէմ եւ կը սպառնայ Իսրայէլին:
Քաթս շեշտեց, որ եթէ սէյիտ Նասրալլա շարունակէ սպառնալ Իսրայէլին, ապա Իրան պիտի չկարենայ անոր օժանդակել: