Դիմադրութեան եւ Ազատագրման օրուան առիթով լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ օրուան հրահանգին մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի ազատագրումը այնպիսի նուաճում մըն է, որ արձանագրուած է լիբանանցիներուն գոյատեւումով, Դիմադրութեամբ եւ իր հողերուն ամբողջական ազատագրումի իրաւունքին կառչածութեամբ:
«Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան 20-ամեակին առիթով կը հաստատենք այդ նուաճումը շարունակելու եւ Մազարեհ Շեպաան, Քֆարշուպայի բարձունքներն ու հիւսիսային Ղաժարը վերադարձնելու մեր պատրաստակամութիւնը: Կը հաստատենք թշնամի Իսրայէլին դաւադրութիւններուն եւ ազգային գերիշխանութեան դէմ անոր գործած ոտնձգութիւններուն դէմ դնելու մեր իրաւունքը: Այս զգայուն փուլին եւ արտակարգ պայմաններուն մէջ, յատկապէս տնտեսական եւ ընկերային տագնապին ու «Քորոնա»-ի ճգնաժամին ընթացքին մենք նոյն կորովով կը դիմադրենք», ընդգծեց զօր. Աուն:
Ան շեշտեց, որ ներքին լիբանանեան ապահովութեան, ազգային անվտանգութեան ու «Քորոնա»-ի համաճարակին մասին նախազգուշական իր արշաւներուն կողքին, լիբանանեան բանակը կը հսկէ հարաւային Լիբանանի սահմաններուն եւ կը գործակցի հոն տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ` գործադրելու համար Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:
«Այս բոլորին զուգահեռ, բանակը կը հսկէ երկրին հիւսիսային եւ արեւելեան սահմաններուն, եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պայքարելու համար մաքսանենգումին դէմ», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին բոլոր ճիգերը: «Դուք խոստացած էք ձեր անձերը զոհել հայրենիքին ծառայութեան համար, հայրենիքը վտանգներէ փրկելու համար, եւ այս առումով դուք կը ներշնչուիք լիբանանեան բանակի նահատակներէն, որոնք խիզախութեան եւ գերագոյն զոհողութեան օրինակելի տիպարներն են: Դիմադրութեան եւ Ազատագրման օրուան առիթով ձեզի կոչ կ՛ուղղեմ` կազմ ու պատրաստ ըլլալու, որովհետեւ Լիբանան արժանի է ամէն զոհողութեան ու նուիրումի», ընդգծեց ան:



