Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Պետութիւններու Եւ Հաստատութիւններու Հետ Բանակցելու Ընթացքին Կառավարութիւնը Պէտք Է Վստահ Ըլլայ Այլընտրանքներու Գոյութենէն»

May 22, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ պլոքը կոչ կ՛ուղղէ լիբանանցիներուն կառչած մնալու «Քորոնա» ժահրի տարածումէն նախազգուշանալու միջոցներուն:

Պլոքը ընդգծեց, որ մսխումի եւ փտածութեան դէմ իրենց մղած պայքարը կը շարունակուի` աւելցնելով, որ դատական իշխանութիւններուն եւ պատկան մարմիններուն յանձնուած են փտածութեան այնպիսի թղթածրարներ, որոնց արժէքը շուրջ 31 միլիառ տոլար է:

«Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը այս բոլորը կը հետապնդէ` հայրենիքը տնտեսական եւ ելեւմտական իր վիճակէն փրկելու նպատակով», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Պլոքը շեշտեց նաեւ, որ պետութիւններու եւ հաստատութիւններու հետ բանակցելու ընթացքին կառավարութիւնը պէտք է վստահ ըլլայ այլընտրանքներու գոյութենէն, որպէսզի իր վրայ պարտադրուող ճնշումներուն դիմաց առանց զիջելու շարունակէ այդ բանակցութիւնները:

«Պետութիւններու հետ յարաբերութիւնները հեզասահ պահելու յանձնառութիւնը պէտք է փոխադարձ ըլլայ», հաստատեց պլոքը` ցաւ յայտնելով, որ բանակցութիւնները տակաւին չսկսած ոմանք զիջելու պատրաստակամութիւն ցուցաբերած են:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը ընդգծեց, որ Ազատագրութեան եւ Դիմադրութեան տօնը Լիբանանի ազգային տօներէն է, որուն ընթացքին լիբանանցին իր հայրենիքը պաշտպանելու եւ թշնամին տապալելու իրականութեան կ՛անդրադառնայ` կառչած մնալով «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազին, որուն շնորհիւ Լիբանանին յաղթանակ ապահովուեցաւ:

Այս առիթով պլոքը շնորհաւորեց Դիմադրութեան մարտիկներն ու բանակը, ինչպէս նաեւ իր յարգանքը յայտնեց նահատակներուն, վիրաւորուածներուն եւ ազատ արձակուած գերիներուն:

ՆՇԵՆՔ, որ Երուսաղէմի օրուան առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր երեկոյեան ժամը 5:00-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը:

Նախորդը

Ազգային Առաջնորդարան Հաղորդագրութիւն Թիւ 7. Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեան Ընտանիքը 100.000.000 Լիբանանեան Ոսկիով Կը Շարունակէ Նեցուկ Կանգնիլ Լիբանանահայութեան

Յաջորդը

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Ողիմպիականի Պատուիրակութեան Հետ Քննարկեց Մարզական Գործունէութիւնը Վերսկսելու Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին  Աջակցութեան Խորհրդաժողովի  Նախապատրաստական Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին Աջակցութեան Խորհրդաժողովի Նախապատրաստական Ժողով

September 18, 2026
Աուն-Մաքրոն Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Մաքրոն Հանդիպում

September 18, 2026
Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա  Բ. Եռակողմ Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա Բ. Եռակողմ Ժողով

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.