Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դարու Գործարքի Հեղինակները Կ՛ապրին Տարբեր Տագնապներ Եւ Իրենց Պատերազմներուն Մէջ` Ձախողութիւններ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

May 23, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երուսաղէմի օրուան առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց. «Լիբանանի մէջ զօրաւոր ենք եւ մեր կարելիութիւններով կրնանք տապալել տնտեսական տագնապը»:

Ան նշեց, որ իսրայէլացիները իրենց գրաւը դրած են Լիբանանի մէջ տիրող ներքին իրավիճակին, երկրին տնտեսական կացութեան եւ բանեցուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն վրայ: «Անոնք իրենց գրաւը դրած են Դիմադրութեան զօրակցող հաւաքականութեան յեղաշրջումին վրայ եւ բացայայտօրէն կ՛արտայայտուին այդ շրջանակին կողմէ Դիմադրութեան դէմ լարուելու հաւանականութեան մասին: Շիի համայնքի շրջանակներուն մօտ կեցուածք փոխողներու եւ Դիմադրութեան հակադրուողներու մեծ թիւի մը վրայ գրաւ դրուած է, եւ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ի վեր արդիւնքներ կ՛ակնկալուին: Այդ պատճառով ալ այս նոյն շրջանակները երկու տարի առաջ հիասթափուած էին երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքներէն: Այսօր նոյն կողմերը կ՛աշխատին յեղաշրջում յառաջացնել Դիմադրութեան զօրակից հաւաքականութեան մօտ», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ լիբանանցիները ներկայիս կ՛ենթարկուին դաւադրութեան մը, որուն շրջագիծին մէջ մեծ թիւով մարդիկ կը փորձեն համոզել անոնց, որ` ո՛վ լիբանանցինե՛ր, եթէ դրամ կ՛ուզէք եւ կը փափաքիք, որ ձեր տնտեսութիւնը փրկուի եւ սովամահ չըլլաք, ապա առաջին հերթին պէտք է զինաթափ ըլլաք եւ հրաժարիք Դիմադրութենէն, ապա Լիբանան-Իսրայէլ սահմանագծումը` ցամաքային եւ ծովային, կատարէք այնպէս մը, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը գոհ մնան սահմանագծումի հոլովոյթէն: «Անոնք կը փորձեն ստեղծել այնպիսի մթնոլորտ մը, որ եթէ ամերիկացիները բարկացնէք, ապա նիւթական օժանդակութիւններ չէք ստանար, որովհետեւ անոնք Միջազգային դրամական ֆոնտին կը թելադրեն Լիբանանին չօժանդակել եւ Լիբանանի դէմ պարտադրած իրենց տնտեսական ու ելեւմտական պատժամիջոցներուն վերջ մը չեն տար», նշեց ան` աւելցնելով, որ նման ճնշումներու ենթարկուող երկիրներ եւ ժողովուրդներ ոչ մէկ գումար ստացան, այլ` սովամահ դարձան:

«Հետեւաբար, այս մէկը լուծում չէ: Ընդհակառակն` մենք իբրեւ մարդուժ, նիւթական համեստ կարողութիւններ, սակայն միասնականութիւն, խելք եւ ազգային կամք ունեցող ժողովուրդ` կրնանք պահպանել լիբանանեան ազգային գերիշխանութիւնը եւ սովամահ չենք ըլլար», ընդգծեց ան:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ը` Մայիս 28-ին Ընդառաջ

Յաջորդը

«Կը Հաստատենք Մեր Իրաւունքը Թշնամի Իսրայէլին Դաւադրութիւններուն Դէմ Դնելու» Շեշտեց Զօր. Աուն

RelatedPosts

Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի  Անդամ, Գաղթականներու Հարցերու  Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին  Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

October 21, 2026
Իսրայէլեան Բանակ. «Լիբանանեան Բանակէն  Կողմերու Եւ Հըզպալլայի Միջեւ  Համակարգում Նշմարեցինք»
Լիբանանեան

Իսրայէլեան Բանակ. «Լիբանանեան Բանակէն Կողմերու Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Համակարգում Նշմարեցինք»

October 21, 2026
Ատուան Հզօր Հանրապետութիւն Պլոքին  Անունով Խորհրդարանի Նստաշրջանը  Կրճատելու Օրինագիծ Մը Ներկայացուց
Լիբանանեան

Ատուան Հզօր Հանրապետութիւն Պլոքին Անունով Խորհրդարանի Նստաշրջանը Կրճատելու Օրինագիծ Մը Ներկայացուց

October 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.