Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հասան. «Կրնանք Դարձեալ Որդեգրել Երկիրը Ամբողջութեամբ Փակելու Ընտրանքը»

Մայիս 23, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւը Հասաւ 1086-ի,
Մահուան Պարագաներու Թիւը Մնաց 26, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը Հասաւ 725-ի

Մինչ Լիբանան կը շարունակէ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ իր բանակցութիւնները, որոնք պիտի ընթանան յառաջիկայ չորեքշաբթի, 27 մայիս 2020-ին, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա»-ի ժահրով վարակուողներուն թիւը դարձեալ զգալի աճ արձանագրեց:

Լիբանանեան իշխանութիւնները կը շարունակեն «Քորոնա» ժահրին դէմ իրենց պայքարը, որուն շրջագիծին մէջ կը պարտադրեն քաղաքացիներուն կողմէ նախազգուշութիւններու որդեգրումը, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժի թիւերուն պարագային կը հսկեն ճշդուած օրերուն ընթացքին շրջագայութեան, ծովափը քալելու ժամերը յարգելու, համախմբումները ցրուելու, ինչպէս նաեւ երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00 կրակմարի դրութիւնը յարգելու:

Մարժի, Մազպուտի, Մաժտալ Այնճարի քաղաքապետերը որոշեցին փակել նշեալ գիւղաքաղաքները, իսկ ապահովութեան ուժերը տարբեր շրջաններու մէջ զետեղեցին անցարգելներ` քաղաքացիներէն պահանջելով որդեգրել պէտք եղած նախազգուշութիւնները, իսկ վարակուածներուն պարագային յարգել մեկուսացուելու պայմանը:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 1086-ի, վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են 62 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 59-ն Լիբանանի մէջ բնակող քաղաքացիներ են, իսկ 3-ը` Լիբանան հասած արտերկրի լիբանանցիներ:

Նախարարութիւնը նշեց նաեւ, որ 21 փետրուար 2020-էն ի վեր Լիբանանի մէջ արձանագրուած են 26 մահուան պարագաներ, իսկ ապաքինած են 725 ուրիշներ:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան, որ կ՛այցելէր Մաժտալ Այնճար, յայտնեց, որ եթէ պատասխանատուութեամբ չմօտենանք տիրող կացութեան, ապա «Քորոնա» ժահրով վարակումները պիտի ըլլան աղէտալի:

«Համախմբումներն ու խճողուած վիճակները մեծ թիւով վարակումներ կը պատճառեն, ինչպէս էր պարագան պենկլատեշցի քաղաքացիներուն», ըսաւ ան:

Համատ Հասան ընդգծեց, որ արտերկրի լիբանանցիները իրաւունք չունին իրենց մեկուսացման վերջ տալու եւ երկիրն ու քաղաքացիները վտանգի ենթարկելու` աւելցնելով, որ իրականութեան մէջ «Քորոնա» ժահրի արագ տարածումը կ՛արձանագրուի այն պարագաներուն պատճառով, որոնք «Քորոնա» ժահրի ախտանշաններ ցոյց չեն տար:

«Մենք կը գտնուինք լուրջ վտանգի դիմաց: Ճիշդ է, որ կարգ մը փորձառութիւններէ անցանք եւ մարտահրաւէրներ դիմագրաւեցինք` տարբեր շրջաններու մէջ, եւ յաջողութեամբ դուրս եկանք այդ բոլորէն, սակայն պէտք չէ անձնատուր ըլլանք եւ թուլնանք` «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ մեր մղած պայքարին մէջ», շեշտեց ան:

Համատ Հասան ընդգծեց, որ կարելի է դարձեալ որդեգրել երկիրը ամբողջութեամբ փակելու ընտրանքը:

«Անձնատուր պիտի չըլլանք եւ պիտի յաղթենք «Քորոնա»-ի դէմ պայքարին: Իսկ եթէ պատասխանատուութեամբ վարուինք, ապա «Քորոնա»-ի համաճարակի տարածման երկրորդ ալիք պիտի չվկայենք: Ճիշդ է, որ վարակուածներուն թիւը ցնցիչ է, բայց եւ այնպէս յոռեգոյնէն խուսափելու համար պէտք է դիմակներ գործածենք», հաստատեց Հասան:

Իր կարգին, ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ բոլոր նահանգապետերուն յղեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ տօնական օրերուն առիթով համախմբումներն ու տօնակատարութիւնները արգիլուեցան:

Նշենք, որ երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայան ժամանեցին «Միտըլ Իսթ»-ի վեց օդանաւեր, որոնք Պոլիսէն, Ռիատէն, Տամմամէն, Փարիզէն, Տուպայէն եւ Լոնտոնէն     արտերկրի լիբանանցիներ փոխադրեցին Պէյրութ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Պաապտայի Դռները Բաց Են Լրագրողներուն Դիմաց, Եւ Անոնց Պահանջները Յատուկ Ուշադրութեան Արժանի Են»

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Պարրաք. «Շնորհակալութի՛ւն  Ուալիտ Ժոմպլաթին»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Շնորհակալութի՛ւն Ուալիտ Ժոմպլաթին»

Սեպտեմբեր 18, 2025
Հանգստեան Կոչուած  Զինուորականներու Բողոքի Ցոյց
Լիբանանեան

Հանգստեան Կոչուած Զինուորականներու Բողոքի Ցոյց

Սեպտեմբեր 18, 2025
Ժահժահ. «Պու Սաապ Պէտք Է Ընտրական Օրէնքը  Սերտելու Յանձնախումբը Արագօրէն Ժողովի Հրաւիրէ»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Պու Սաապ Պէտք Է Ընտրական Օրէնքը Սերտելու Յանձնախումբը Արագօրէն Ժողովի Հրաւիրէ»

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?