Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բժիշկի Մը Դէմ Յարձակած Բանակայիններ Ձերբակալուեցան

Մայիս 21, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ կարգ մը լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած վիտէոյի մը ընդմէջէն ի յայտ եկած է, թէ բանակայիններ Թրիփոլիի «Շիֆա» հիւանդանոցին մէջ յարձակած են բժիշկի մը վրայ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակի հրամանատարութիւնը ցաւ կը յայտնէ այս պատահարին համար` ընդգծելով, թէ այդ արարքը կը նկատուի անձնական հարց, որ կը ներկայացնէ միայն զոյգ բանակայինները, եւ ոչ թէ բանակ, անոր պարկեշտութիւնն ու սկզբունքները:

Հաստատուեցաւ, որ բանակի հրամանատարութիւնը անմիջական քայլեր առած է եւ ձերբակալած այդ բանակայինները` հարցին շուրջ հետաքննութիւն բանալով:

«Բանակի հրամանատարութիւնը խոր յարգանք կը տածէ բժշկական մարմիններուն եւ անձնակազմերուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ բարձր կը գնահատէ անոնց մարդկային բարձր առաքելութիւնը` մերժելով անոնց դէմ գործուած որեւէ արարք, ի՛նչ ալ ըլլան այդ արարքին դրդապատճառները», շեշտուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Իր կարգին, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըր հաստատեց, որ բժիշկներուն դէմ յարձակումը խիստ մերժելի է` ընդգծելով, որ ինք պահանջած է այդ արարքը գործած բանակայինները խստօրէն պատժել` պաշտպանելու համար բժիշկներուն արժանապատուութիւնը եւ հիւանդանոցներուն հանգամանքը, ինչպէս նաեւ կանխարգիլելու նման դէպքերու կրկնութիւնը:

Նշենք, որ Բժիշկներու սենտիքան այս դէպքին լոյսին տակ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղուեցաւ խստագոյն պատժամիջոցներուն ենթարկելու այն բանակայինները, որոնք խոշտանգած են «Շիֆա» հիւանդանոցի բժիշկներէն Լուայ Շալապին:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ապպաս Իպրահիմ. «Սուրիա Այցելեցի Շարք Մը Հրատապ Թղթածրարներ Քննարկելու Համար»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?