Հզօր Լիբանան համախմբումը գումարեց ելեկտրոնային իր նիստը, նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:
Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող ելեւմտական, տնտեսական եւ առողջապահական տագնապները:
Համախմբումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` նշելով, որ համախմբումը լրջօրէն կը հետեւի Լիբանանը յուզող թղթածրարներուն, յատկապէս անոնց, որոնք դատական իշխանութիւններուն ներկայացուած են, եւ որոնց կարգին է կեղծուած նաւթի թղթածրարը:
Համախմբումը ընդգծեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ օրէնսդրութեան ճամբով լիբանանեան պետութեան վերադարձնելու իւրացուած գումարները:
Լուսարձակի տակ առնուեցաւ կառավարութեան մշակած տնտեսական-ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրին կարգ մը խոցելի կէտերը սրբագրելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ պահանջուեցաւ ելեւմտական մարզի նշանակումները կատարել, պետութեան ու դրամատուներուն հաշիւները քննութեան ենթարկել եւ սղաճին հարցը լուծել:
Համախմբումը կառավարութենէն պահանջեց լիբանանցիները տեղեակ պահել Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ ապօրինի անցքերը փակելու իմաստով իր որդեգրելիք միջոցառումներուն մասին: