Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Օհանեան – Գէորգեան Ընդունեց Երիտասարդութեան Հարցերու Եւ Մարմնակրթութեան Խորհրդարանական Մնայուն Յանձնախումբի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Մայիս 23, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ Սիմոն Ապի Ռամիայի:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Ֆատի Ալամէ, Ալի Մըքտատ, Սամի Ֆաթֆաթ եւ Սելիմ Խուրի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան «Քորոնա»-ի ճգնաժամին ստեղծած իրականութիւնն ու մարզական կեանքին, երիտասարդական միութիւններուն ու սկաուտական շարժումներուն, յատկապէս մարզական կեանքին բազկերակը նկատուող ֆետերասիոններուն աշխատանքներուն վրայ անոր ունեցած հետեւանքներն ու այն գործիքակազմերը, որոնք պէտք է որդեգրուին` աստիճանաբար կեանքի կոչելու այդ շարժումները:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան ներկաներուն յայտնեց, թէ ինք անհրաժեշտ քայլերուն դիմած է եւ կազմած է յանձնախումբ մը, որ կը գործէ իր նախագահութեամբ` գործակցելով առողջապահութեան եւ ներքին գործոց ու քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ողիմպիականի լիբանանեան յանձնախումբին:

«Յանձնախումբը պիտի հանդիպի Ֆիթրի տօնէն ետք, մշակելու համար մարզական, երիտասարդական եւ սկաուտական կեանքի աշխատանքներուն վերսկսելու ծրագիր մը, որ չի հակադրուիր «Քորոնա»-ի ճգնաժամին իմաստով կառավարութեան պարտադրած որոշումներուն, ինչպէս նաեւ չի վտանգեր լիբանանեան ընկերութեան առողջապահական իրավիճակը: «Յանձնախումբը պիտի կազմէ նաեւ պատկերացում մը, թէ ինչպէ՛ս կարելի է նուազեցնել «Քորոնա»-ի ճգնաժամին ունեցած հետեւանքները` ապագայ աշխատանքներուն վրայ», ըսաւ նախարար Օհանեան-Գէորգեան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկրին տնտեսական եւ ընկերային իրադարձութիւններուն ունեցած հետեւանքները` մարզական եւ երիտասարդական կեանքին վրայ:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին յանձնախումբը ֆետերասիոններուն հետ պիտի գումարէ շարք մը հանդիպումներ` ճշդելու համար, թէ նախարարութիւնը ինչ օժանդակութիւն կրնայ տրամադրել անոնց` յառաջիկայ փուլին համար, ինչպէս նաեւ երիտասարդացման քաղաքականութեան, խթանիչներու դէմ պայքարի եւ այլ հարցերով ֆետերասիոններուն նեցուկ կանգնելու իմաստով:

Համաձայնութիւն գոյացաւ, որ նախարարութեան եւ խորհրդարանական յանձնախումբին միջեւ կատարուած այս խորհրդակցութիւնը նախաքայլը ըլլայ` անոնց միջեւ ամբողջական գործակցութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան մարզին առնչուած բազմաթիւ հարցեր:

Ներկաները ընդգծեցին իրերայաջորդ հանդիպումներ կայացնելու կարեւորութիւնը` քննարկելու համար օրինագիծեր, որոնք կը նպաստեն երկրին մարզական, երիտասարդական եւ սկաուտական կեանքի զարգացման:

 

Նախորդը

«Կը Հաստատենք Մեր Իրաւունքը Թշնամի Իսրայէլին Դաւադրութիւններուն Դէմ Դնելու» Շեշտեց Զօր. Աուն

Յաջորդը

Պըրրի Վարչապետ Տիապի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Պարրաք. «Շնորհակալութի՛ւն  Ուալիտ Ժոմպլաթին»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Շնորհակալութի՛ւն Ուալիտ Ժոմպլաթին»

Սեպտեմբեր 18, 2025
Հանգստեան Կոչուած  Զինուորականներու Բողոքի Ցոյց
Լիբանանեան

Հանգստեան Կոչուած Զինուորականներու Բողոքի Ցոյց

Սեպտեմբեր 18, 2025
Ժահժահ. «Պու Սաապ Պէտք Է Ընտրական Օրէնքը  Սերտելու Յանձնախումբը Արագօրէն Ժողովի Հրաւիրէ»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Պու Սաապ Պէտք Է Ընտրական Օրէնքը Սերտելու Յանձնախումբը Արագօրէն Ժողովի Հրաւիրէ»

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?