Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Քիւպիչի Հետ Քննարկեց Իսրայէլի Կողմէ Թիւ 1701 Բանաձեւին Գործադրութեան Խախտումները

Մայիս 21, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ  ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան քաջ կը գիտակցի սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ տիրող խաղաղ մթնոլորտին կարեւորութիւնը, եւ իբրեւ այդպիսին լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուող իսրայէլեան ցամաքային եւ օդային ոտնձգութիւնները կը նկատէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը խախտող քայլեր:

«Լիբանան յանձնառու կը մնայ հարաւային սահմաններուն վրայ հանդարտութիւնը պաշտպանելու աշխատանքին` լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործակցութեամբ», հաստատեց ան:

Նախագահ Աուն անդրադառնալով Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապին, յայտնեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն իրականութիւնը այդ տագնապին հիմնական պատճառներէն մէկն է` աւելցնելով, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին տեղեկագիրին համաձայն Լիբանան մինչեւ 25 օգոստոս 2018 սուրիացի տեղահանուածներուն մէկ միլիառ տոլար տրամադրած է: «Այս գումարին վրայ կ՛աւելնայ Լիբանան-Սուրիա սահմաններու փակումին պատճառով լիբանանեան արտադրութիւններու արտածումին կասեցումը, որ 43 միլիառ տոլարի վնաս կը նկատուի լիբանանեան պետութեան համար, ինչպէս նաեւ անուղղակի այլ վնասներ», հաստատեց նախագահ Աուն:

Ան ընդգծեց, որ միջազգային օժանդակութիւնը պէտք է ըլլայ Լիբանանին հասած վնասին համապատասխան, որովհետեւ Սուրիոյ դէմ սանձազերծուած պատերազմէն սկսեալ մինչեւ օրս այդ պատերազմին հետեւանքները մաշեցուցած եւ սպառած են լիբանանեան գրեթէ բոլոր մարզերը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան մշակած տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրին հիման վրայ ներկայիս բանակցութիւններ կը կատարուին Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ` մաղթելով, որ այդ ծրագիրին բովանդական բարեկարգումները աստիճանաբար կը գործադրուին: «Կարեւորը այն է, որ արմատական բարեկարգումները արդէն իսկ սկսած են` լուծելու համար երկրին դիմագրաւած հարցերը», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Քիւպիչ նախագահ Աունին փոխանցեց Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ կատարուած քննարկումներուն արդիւնքները, որոնք կը վերաբերէին թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան մասին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի պատրաստած տեղեկագիրին:

Ան նշեց, որ Լիբանանի օժանդակող երկիրները հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են Լիբանանի կառավարութեան վաւերացուցած տնտեսական բարեկարգումին ծրագիրին նկատմամբ` աւելցնելով, որ Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրները տակաւին կը զօրակցին հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի գործունէութեան` թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան առումով:

Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, ընկերակցութեամբ`  ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէի եւ նախկին նախարար Սալեհ Ղարիպի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու Լեռնալիբանանի իրավիճակը:

Հանդիպումէն ետք Արսլան յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ շարունակած են տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրին քննարկումը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան աշխատանքը, յատկապէս` Լիբանանը տնտեսական եւ ելեւմտական իր տագնապէն փրկելու առումով:

Արսլան նշեց, որ փտածութեան դէմ սկսած պայքարը պէտք է շարունակուի եւ վերջ տրուի լիբանանեան պետութեան մէջ բոյն դրած փտածութեան համակարգին:

 

Նախորդը

Համախմբումը Պահանջեց Ելեւմտական Մարզի Նշանակումները Կատարել Եւ Պետութեան Ու Դրամատուներուն Հաշիւները Քննութեան Ենթարկել

Յաջորդը

Կառավարութեան Աշխատանքային 100-Օրեայ Ժամկէտի Աւարտին Առիթով Տիապ Այսօր Պիտի Փոխանցէ Պատգամ Մը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?