Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր կէսօրին իր խօսքը պիտի փոխանցէ լիբանանցիներուն` Լիբանանի ազատագրութեան եւ Դիմադրութեան տօնին, Երուսաղէմի օրուան եւ Ֆիթրի տօնին առիթով:
Իր խօսքին մէջ Պըրրի պիտի անդրադառնայ Լիբանանն ու շրջանը յուզող քաղաքական իրադարձութիւններուն:
Խորհրդարանի նախագահը այսօր կէսօրէ ետք պիտի նախագահէ նաեւ խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ընթացքին պիտի ճշդուի խորհրդարանի գումարելիք օրէնսդրական նիստին օրակարգը:
Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի տնօրէն Ֆիրաս Ապիատը, որուն հետ քննարկեց առողջապահական եւ բժշկական հարցեր, ինչպէս նաեւ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի գործունէութեան մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Ապիատ Պըրրիի ներկայացուց հիւանդանոցին ու պաշտօնեաներուն կարիքներն ու պահանջները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Նասեր Քանտիլ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային վերջին իրադարձութիւնները: