Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը, որուն հետ քննարկեց քաղաքական վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-բրիտանական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյր:
Քննարկուեցան երկրին ելեւմտական մարզին վերաբերող հարցեր:
Պըրրի ընդունեց նախկին նախարար Սալեհ Ղարիպը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ քննարկած են Լիբանանը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ ելեւմտական մարզին վերաբերող որոշ մանրամասնութիւններ:
Ղարիպ յայտնեց, որ կառավարութիւնը ելեւմտական նոր մօտեցումներ պէտք է ցուցաբերէ` այդ մարզի բարելաւման ի խնդիր:
Անդրադառնալով պետական պաշտօնեաներու նշանակումներու թղթածրարին` Ղարիպ յայտնեց, որ տիւրզի համայնքին վերաբերող պաշտօններուն իմաստով իրենք անզիջող պիտի ըլլան իրենց կեցուածքին մէջ:
Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց կազմելու փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդ մը եւ բացայայտելու խարդախուած նաւթի թղթածրարը: