Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1256-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը Մնաց 27, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը Հասաւ 724-ի
Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը այսօր նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին ան կառավարութեան պիտի յանձնարարէ «Քորոնա» համաճարակի ճգնաժամին դէմ պայքարելու ծիրին մէջ գործադրուող ընդհանուր զօրաշարժը երկարաձգել մինչեւ յունիսի աւարտ:
Կը նախատեսուի, որ կառավարութիւնը վաւերացնէ այդ յանձնարարականը եւ «Քորոնա» ժահրէն չվարակուելու համար նախազգուշութիւնները պահպանելու կողքին ընդհանուր զօրաշարժը ընթացքի մէջ պահէ:
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1256-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 14 նոր վարակուածներ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 27 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 724 ուրիշներ` ապաքինած:
Նախարարութեան համաձայն, նախորդ 24 ժամուան ընթացքին տեղացիներուն շարքին արձանագրուած են 6 վարակուածներ, իսկ արտերկրի լիբանանցիներուն շարքին` 8 վարակուածներ:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ նախագահեց մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ պաշտօնավարող հսկիչ բժիշկներու նիստին, որուն ընթացքին շեշտեց հանրութեան գումարները պահպանելու, ինչպէս նաեւ հիւանդին մատուցուած բժշկական ծառայութեան ռազմավարութիւնը բարելաւելու կարեւորութիւնը:
Հասան հաստատեց, որ ինք պիտի զօրակցի բոլոր անոնց, որոնք պարկեշտ գործած են, եւ անոնց պիտի օժանդակէ ամէն ձեւով:
Համատ Հասան հաստատեց, որ մայրաքաղաք Պէյրութի հիւանդանոցներուն եւ նախարարութեան միջեւ յարաբերութիւններու եւ գործակցութեան բարելաւումն ու ամրապնդումը իրենց դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենան բոլոր նահանգներուն մէջ գտնուող բժշկական հաստատութիւններուն վրայ:
Միւս կողմէ, Պէյրութի միջազգային օդակայանի վերաբացման հաւանական թուականը 21 յունիսն է, սակայն կան այլ վարկածներ, որոնց համաձայն, օդակայանը կրնայ վերաբացուիլ 28 յունիսին: Բայց եւ այնպէս արտերկրի լիբանանցիներու Պէյրութ վերադարձի Դ. փուլ մը պիտի իրագործուի 11-15 յունիսի ընթացքին` Լիբանան փոխադրելու համար շուրջ 2500 արտերկրի լիբանանցիներ:



