Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանցի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Այցելեց Նախագահ Աունի Եւ Վարչապետ Տիապի

June 3, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախանցեալ օր նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը, նախագահութեամբ` Քլոտին Ռուքոզի: Պատուիրակութեան մաս կազմեց նաեւ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի անդամ Սօսի Փօլատեան:

Այս այցելութիւնը կատարուեցաւ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի պաշտօնավարութեան աւարտին առիթով:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց նախորդ երեք տարիներուն Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին իրագործած աշխատանքին կարեւորութիւնը` ի խնդիր կնոջական հարցերու ծառայութեան:

Նախագահ Աուն շնորհաւորեց խորհուրդն ու անոր նախագահը` իրագործուած այս աշխատանքին առիթով:

«Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի անդամները Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը երաշխաւորելու հսկայ կարողութիւն ունին, իսկ ձեր կատարած աշխատանքը` քաղաքացիական մատենավարութեան առումով` բոլորին միջեւ հաւասարութիւն պարտադրեց: Կը յանձնարարեմ ձեզի, որ այս ուղղութեամբ յառաջ երթաք, որովհետեւ օրէնքներուն միացումով է միայն, որ Լիբանան միասնական կը դառնայ: Ես այս մասին կը խօսիմ իմ ամբողջ կեանքիս փորձառութենէն մեկնելով», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ ինչ որ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը փորձած է իրականացնել, կարիքը ունի յաւելեալ զարգացումի, յանձնառութեան եւ յարգանքի, յատկապէս բնակարանային բռնութեան դիմաց ապահովութեան երաշխաւորման վերաբերեալ:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք պիտի հետապնդէ այդ աշխատանքը եւ կոչ ուղղեց բոլորին, որ այս ուղղութեամբ կատարեալ նուիրումով աշխատին:

«Դուք ձեր ուսերուն մեծ բեռ ունիք, եւ ես ամենայն բարին կը մաղթեմ ձեզի», եզրափակեց ան:

Հանդիպումին ընթացքին Ռուքոզ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունի` անոր ցուցաբերած վստահութեան համար եւ ներկայացուց Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին իրագործած նուաճումները:

Վարչապետարանին Մէջ

Վարչապետ Հասսան Տիապ իր կարգին վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը, որ դարձեալ ներկայացուց իր գործունէութիւնն ու արձանագրած իրագործումները:

Վարչապետ Տիապ ողջունեց խորհուրդը եւ հաստատեց, որ ինք կը հաւատայ լիբանանցի կնոջ դերակատարութեան ու նեցուկ է անոր:

Տիապ ընդգծեց գործադիր եւ օրէնսդրական իշխանութիւններուն մէջ լիբանանցի կնոջ դերակատարութեան կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ ինք կը զօրակցի ընտրական օրէնքին մէջ նկատի ունենալու կնոջ ներկայացուցչութեան չափաբաժինը, որպէսզի լիբանանցի կինը յաւելեալ գործունէութիւն արձանագրէ քաղաքական մարզին մէջ:

 

Նախորդը

«Արտօնելի Չէ Հայրենիքին Անվտանգութիւնը Ցնցել Եւ Անոր Հրապարակները Յանձնել Ցոյցերը Շահագործող Խուլիկաններուն» Շեշտեց Զօր. Աուն

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Ընդգծեց Խաղաղ Ցոյցեր Կատարելու Իրաւունքը Եւ Նշանակումները Յետաձգեց Յառաջիկայ Շաբթուան

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.