Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ պիտի նախագահէ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնավարութեան երկարաձգման վերաբերող նիստի մը:
Նիստին ներկայ պիտի գտնուին վարչապետ Հասսան Տիապ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 5 մնայուն անդամ երկիրներու դեսպաններն ու Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ:
Նախատեսուած է, որ նախագահ Աուն ներկայացնէ Լիբանանի կեցուածքը` ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մասին` նկատի ունենալով, որ ժամանակը հասած է արդէն, որ Նիւ Եորքի մէջ այս թղթածրարը քննարկուի:
Նախագահ Աուն երէկ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի անդամ երեսփոխան Էտկար Թրապուլսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական եւ կրթական մարզերը յուզող հարցերը:
Հանդիպումին ընթացքին Թրապուլսի յայտնեց, որ ինք հանրապետութեան նախագահին փոխանցած է, թէ ջանքեր ի գործ կը դնէ ուսումնական տարեշրջանի, ծնողներուն կացութեան, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներուն իրաւունքներու եւ պետական թէ անձնական դպրոցներու պաշտպանութեան ի խնդիր:
Թրապուլսի առաջարկեց պաշտպանել անձնական դպրոցները եւ կրթութեան նախարարութեան յատկացում կատարել` իւրաքանչիւր աշակերտի համար 2 միլիոն լ. ոսկի վճարելով, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ մարզը փրկել քանդումէ:
Ան յայտնեց նաեւ, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է երկրին տնտեսական իրադարձութիւնները, գաղթականներուն թղթածրարն ու Հիլան եւ Միէ Միէ գիւղաքաղաքներուն բնակիչներուն իրաւունքներու վերադարձի պարագան:
Նախագահ Աունի այցելեց նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Իտալիոյ ազգային տօնին առիթով, նախագահ Աուն շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլայի: Ան բարձր գնահատեց լիբանանեան-իտալական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու տարբեր մարզերու մէջ առկայ գործակցութիւնը: