Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Օհանեան – Գէորգեան Ընդունեց Հեծելարշաւի Լիբանանեան Ֆետերասիոնի Մէկ Պատուիրակութիւնը

June 3, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ ընդունեց Հեծելարշաւի լիբանանեան ֆետերասիոնի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեանի եւ ներկայութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամէի:

Հանդիպումին ընթացքին Վ. Ծատուրեան ներկայացուց «Քորոնա» համաճարակին ընթացքին ֆետերասիոնին մշակած աշխատանքային ուղեգիծը, ինչպէս նաեւ մարզական աշխատանքները շարունակելու գործելաոճը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ հեծելարշաւի Լիբանանի ախոյեանութիւնը կը զուգադիպի յուլիս ամսուան վերջերուն:  Ան անդրադարձաւ այս տարուան ընթացքին կատարուելիք ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան իր կարգին ներկայացուց այն դասաւորումները եւ սահմանափակումները, որոնք որդեգրուեցան «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի ազգային յանձնախումբին կողմէ:

Ան անդրադարձաւ նաեւ այն չափանիշներուն, որոնց հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ մարզական կեանքը մօտիկ ապագային վերաշխուժացնել` պահպանելով բոլորին բարօրութիւնը, հետեւելով առողջապահութեան ու ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութեան ցուցմունքներուն:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեանի այցելեց նաեւ «Նըժմէ» մարզական ակումբի նախագահ Ասաատ Սաքքալ, որ պահանջեց մարզական ակումբներուն նիւթական օժանդակութիւններ տրամադրել` տնտեսական այս սուր տագնապին լոյսին տակ:

Սաքքալ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Օհանեանի` բարձր գնահատելով նախարարութեան մէջ անոր ի գործ դրած ջանքերը:

Միւս կողմէ, 1 յունիսին զուգադիպող Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային տօնին առիթով երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան – Գէորգեան կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Մեր հայեացքները մեր երեխաներուն կը սեւեռենք այնպէս մը, որ անոնք են տօնը, յոյսն ու ապագան, եւ այս իրականութիւնը բոլորիս ուսերը կը ծանրացնէ հսկայ պատասխանատուութեամբ մը: Այդ պատասխանատուութիւնը կ՛ենթադրէ հաստատ սիւներու վրայ հիմնել ապահովութեան եւ վստահութեան խարիսխ մը, որով կը կերտուի փայլուն ապագան, որպէսզի մեր երեխաները իրենց երկրին մէջ գոյատեւեն առանց վախի, մտահոգութեան կամ արտագաղթելու մասին մտածելու»:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Արտօնելի Չէ Հայրենիքին Անվտանգութիւնը Ցնցել Եւ Անոր Հրապարակները Յանձնել Ցոյցերը Շահագործող Խուլիկաններուն» Շեշտեց Զօր. Աուն

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.