Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 3, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հըթթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խօսէ Մարիա Ֆերին, որուն հետ արծարծուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու թղթածրարը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Մոհամետ Ալաուին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին ընդհանուր իրավիճակը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքուեցան «Ախպար» օրաթերթի հրապարակած այն տեղեկութիւնները, թէ Հարիրիի խորհրդատուները նամակներ կը յղեն Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ զայն կը հրահրեն Լիբանանի դէմ, որպէսզի ան  օժանդակութիւններ չյատկացնէ Լիբանանին եւ խանգարելու համար Միջազգային դրամական ֆոնտին ու Լիբանանի միջեւ երկխօսութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութիւնը երէկ գումարեց իր ելեկտրոնային ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին հաստատեց, թէ իրենք փոփոխութեան կարողութիւն ունին` աւելցնելով, որ շաբաթ, 6 յունիս 2020-ի ցոյցերուն ընթացքին այս մէկը պիտի փաստեն Պէյրութի հրապարակներուն վրայ:

ՏԸՆՆԻԷԻ քաղաքացիներ անծանօթներու կողմէ կրակոցի թիրախ դարձան` Քըրնեթ Սաուտայի մօտակայքը: Ներքին ապահովութեան ուժերը այս դէպքին շուրջ հետաքննութիւն բացած են:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ շարժումին մաս կազմող ցուցարարներ երէկ Պէյրութի Արդարութեան պալատին դիմաց բողոքի ցոյց մը կատարեցին` պահանջելով դատական իշխանութիւններուն անկախութիւնն ու մերժելով քաղաքական անձնաւորութիւններուն կողմէ դատական իշխանութիւններուն աշխատանքին միջամտութիւնները:

 

Նախորդը

«Մեր Ժողովուրդի Զաւակներուն Ջերմօրէն Կը Թելադրենք Համաճարակին Դէմ Պաշտպանուելու Համար Նախազգուշական Քայլերուն Հետեւիլ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Նախարար Օհանեան – Գէորգեան Ընդունեց Հեծելարշաւի Լիբանանեան Ֆետերասիոնի Մէկ Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?