Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ժոմպլաթի Կողմէ Գործուղուած Ռամի Ռայէսը

June 3, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի խորհրդատու Ռամի Ռայէսը, որ Ժոմպլաթի կողմէ գործուղուած էր:

Հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեան եւ տոքթ. Էլի Թաշճեան, Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Ռայէս երեսփոխան Յ. Բագրատունիի փոխանցեց Ժոմպլաթի ողջոյնները` աւելցնելով, որ ան յանձնառու կը մնայ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան միջեւ հինէն եկող երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման:

Ռայէս ընդգծեց, որ կան լիբանանեան ազգային շարք մը հարցեր, որոնց գծով զոյգ կուսակցութիւնները նոյնանման տեսակէտներ կը բաժնեն:

Յ. Բագրատունի բարձր գնահատեց Ժոմպլաթի նախաձեռնութիւնը, իր կարգին հաստատելով, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն նախանձախնդիր կը մնայ լիբանանեան ազգային մակարդակի վրայ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հետ խորհրդակցութիւններն ու համագործակցութիւնը շարունակելու, յատկապէս տիրող դժուար պայմաններուն ընթացքին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակը` լիբանանեան ներքին կացութեան վատթարացման իբրեւ հետեւանք բազմացող վտանգներուն լոյսին տակ:

Ռայէս ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին ներկայացուց երկիրը յուզող տնտեսական տագնապէն դուրս գալու Ուալիտ Ժոմպլաթի պատկերացումը` նկատի ունենալով բարեկարգումի այն առաջարկները, որոնք նախապէս տնտեսական ծրագիրով յայտարարուած էին:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Այսօր Կը Նախագահէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Պաշտօնավարութեան Երկարաձգման Վերաբերող Նիստի Մը

Յաջորդը

Համատ Հասան Կը Նախատեսէ Ընդհանուր Զօրաշարժի Երկարաձգումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ

November 5, 2026
Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.