Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքը նշեց, որ այն կառավարութիւնը, որ վեթոներու յարկին տակ կը գործէ, անչափահաս կառավարութիւն մըն է, որ չի կրնար մարտահրաւէրներ դիմակայել:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ վեթոյի ճնշումին տակ գործող կառավարութիւն մը կրնայ միայն տնտեսական փոթորիկներու համակերպիլ եւ անոնց ճնշումին տակ ապրիլ, «յատկապէս նկատի ունենալով այն տեղեկութիւնները, թէ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ կառավարութեան բանակցութիւնները կը հաստատեն, որ կառավարութիւնը ինքն իր շուրջ կը դառնայ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Մուսթաքպալ պլոքը ցաւ յայտնեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին ընթացքին համաներման օրինագիծը չէ վաւերացուած` ընդգծելով, որ պլոքը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի այդ օրինագիծը վաւերացուի: «Մեր նպատակն է ժողովուրդին վրայ պարտադրուած անիրաւութեան վերջ տալ», նշուեցաւ պլոքին հաղորդագրութեան մէջ:
Մուսթաքպալ պլոքը զգուշացուց նաեւ նախարարաց խորհուրդին իրաւասութիւնները ճզմելու փորձերէն, ինչպէս նաեւ Թաէֆի համաձայնագիրին դէմ յեղաշրջում կատարելու ջանքերէն:



