Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:
Քննարկուեցան նաեւ երկրին տնտեսական իրավիճակը` ընդգծելով կառավարութեան կողմէ պահանջուած բարեկարգումներու գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատելով, որ նման քայլեր կ՛ամրապնդեն Լիբանանի կեցուածքը` Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ իր կատարելիք բանակցութիւններուն ընթացքին:
Ժեմայէլ եւ Քիւպիչ անդրադարձան միջազգային բանաձեւերուն, յատկապէս թիւ 1559 եւ թիւ 1701 բանաձեւերուն գործադրութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ցամաքային եւ ծովային սահմաններուն հսկողութեան` նկատի ունենալով, որ այդ սահմանները կարեւոր են ապահովական եւ տնտեսական առումներով:
Հանդիպումին ընթացքին Սամի Ժեմայէլ ընդգծեց, որ Լիբանան եւ լիբանանեան իշխանութիւնները պէտք է յստակ եւ ամբողջական փոփոխութիւն մը վկայեն` կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններու ընդմէջէն, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքական կեանքը վերաշխուժացնել:



