Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ Ցուցարարները Հսկայական Քանդում Կը Պատճառեն, Իսկ Թրիփոլիի Մէջ Բանակին Ու Անոնց Միջեւ Կ՛արձանագրուին Սաստիկ Բախումներ

Յունիս 15, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վարչապետ Տիապ. «Կառավարութեան Դէմ
Յեղաշրջումի Փորձը Դարձեալ Ձախողած Է»

Լիբանան, յատկապէս մայրաքաղաք Պէյրութն ու հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաք Թրիփոլին, ապահովական լուրջ խախտումներով լեցուն շաբաթավերջ մը անցուց:

Տիրող ապահովական այս լուրջ խախտումներուն լոյսին տակ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր կէսօրին` նախագահական պալատին մէջ, քննարկելու համար երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-էն ետք մեծ թիւով ցուցարարներ ուղղուեցան Կեդրոնական Պէյրութ, ուր կատարեցին ցոյց մը «Համայնքային դրութեան դէմ լիբանանցիներ» խորագիրով:

Ցուցարարները բարձրացուցին լիբանանեան դրօշներ եւ պաստառներ, որոնք կոչ ուղղեցին` տապալելու փտածութեան համակարգը իր բոլոր ճիւղաւորումներով եւ ծալքերով:

Ցոյցին ընթացքին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ ներկայութիւն էին մեծ թիւով ապահովութեան ուժեր:

Ցոյցին մասնակցեցան նաեւ բանտարկեալներու հարազատներ, որոնք պահանջեցին համաներման օրինագիծը վաւերացնել եւ իրենց զաւակները ազատ արձակել:

Լիբանանեան Ազգային լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ցուցարարներուն եւ կարգ մը երիտասարդներու միջեւ արձանագրուած են բախումներ, որոնք հակակշիռի տակ առնուած են` ցոյցը կազմակերպողներուն կողմէ, «բայց եւ այնպէս ցուցարարներուն միջեւ բախումները տարածուած են տարբեր շրջաններ, երբ նոր խմբաւորումներ եւս միախառնուած են ցուցարարներուն», նշուեցաւ լրատու գործակալութեան կողմէ:

Ցուցարարներուն մեծ մասը, սակայն,  փտածութեան, փտածներուն եւ համայնքայնութեան, ինչպէս նաեւ ներկայ իշխանութիւններուն դէմ կարգախօսեր արձակեցին` հաստատելով, որ իրենց այս շարժումը համայնքին եւ յարանուանութեան դէմ ուղղուած չէ, որովհետեւ, իբրեւ լիբանանցիներ, բոլորս թիրախ ենք սովի, սղաճի եւ անգործութեան:

Ցուցարարները ընդգծեցին, որ 17 հոկտեմբերէն ի վեր ժողովրդային շարժումը հարուածել կը փորձեն, եւ կոչ ուղղեցին` բոլոր համայնքներուն եւ շրջաններուն միջեւ միասնականութեան եւ համագործակցութեան:

Նշենք, որ երէկ երեկոյեան Տահր Պայտարի, Թաալպայայի, Պըտտաուիի, Նաամէի եւ Սայտայի մայրուղիները փակուեցան, ինչպէս նաեւ Թաալպայայի ու Թարշիշի ճամբաներն ու Թրիփոլիի Նուր հրապարակը փակուեցան` հրկիզուող անիւներով, իսկ աւելի ուշ վերաբացուեցան:

Գիշերուան ժամը 11:30-ին Թրիփոլիի մէջ մոթորսիքլեթներ վարող երիտասարդներ քարկոծեցին «Մալաք Թաուուք», «Ապու Սուպհի» եւ «Պըրկըր քինկ» ճաշարանները, փուռերն ու վաճառատուները` անոնց սեփականատէրերէն պահանջելով փակել զանոնք:

Երիտասարդները իրենց պահանջները պատճառաբանեցին ըսելով, որ իրենք անօթի են` սղաճին, անգործութեան եւ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին արձանագրած անկումին պատճառով:

Լիբանանեան բանակը հետապնդեց այդ երիտասարդները, որոնց նպատակը քաղաքին մէջ խափանարարական արարքներ գործել էր:

Նոյն ժամուն խումբ մը այլ երիտասարդներ քարկոծեցին երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէի բնակարանը, ուրկէ բանակը հեռացուց զանոնք:

Աւելի ուշ Թրիփոլիի մէջ լսուեցան կրակոցներ:

Կէս գիշերին նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ պատահածը շատ վտանգաւոր է:

Վարչապետ Տիապ Լիբանանցիներուն
Փոխանցեց Պատգամ Մը

Վարչապետ Հասսան Տիապ շաբաթ երեկոյեան ժամը 6:00-ին վարչապետարանէն պատգամ մը յղեց լիբանանցիներուն:

Ան շեշտեց, որ Կեդրոնական դրամատան եւ դրամատուներուն մէջ լիբանանցիներուն իրաւունքները պահպանուած են` աւելցնելով, որ պետութիւնն է երաշխիքը:

«Պիտի չարտօնենք, որ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները կորսուին: Այսօր այդ գումարները թիւեր են, սակայն ամենայն վստահութեամբ կը հաստատեմ, որ պիտի չարտօնենք, որ անոնք լոկ թիւեր մնան», շեշտեց վարչապետ Տիապ:

Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութիւնը սնանկացած չէ: «Ճիշդ է, որ կայ ելեւմտական լուրջ տագնապ, սակայն երկիրը նախ ձեզմով հարուստ է, եւ ապա իր ներուժով, կարողութիւններով, բնական հարստութիւններով եւ անոր զաւակներուն ստեղծագործ միտքերով», ըսաւ ան:

Վարչապետ Տիապ կոչ ուղղեց` պաշտպանելու լիբանանեան պետութիւնը, որպէսզի ան երաշխիքը ըլլայ իր բոլոր զաւակներուն եւ պաշտպանէ անոնց կալուածները, գումարներն ու ապագան: «Հարկ է անցում կատարել դէպի պետութեան տրամաբանութիւն, իրականացնել հայրենիքի կերտման երազը, եւ անցնիլ  ապահով շրջան մը` հակառակ քաղաքական անցարգելներուն: Փոփոխութիւնը անխուսափելի է», հաստատեց վարչապետը:

Ան ընդգծեց, որ այս կառավարութիւնը շատ բան իրագործած է` աւելցնելով սակայն, որ ոմանք կը փորձեն ճշմարտութիւնը ծածկել: «Բաւարա՞ր չէ, որ կը փորձենք ժողվել քանդումի մնացորդացը, զորս իրենց ետին ձգած են` ամէն ինչ քանդելէ եւ արագ փախուստ տալէ ետք: Բաւարա՞ր չէ, որ մինչեւ օրս կը փորձենք փնտռել լիբանանցիներուն պահ դրած գումարները, որոնք անպատասխանատուութեամբ մսխուած են, ուրիշ բան չըսելու համար: Բաւարա՞ր չէ, որ անոնք երկիրը հսկայական պարտքերու տակ թաղած են` պատճառելով մեր ապրած ելեւմտական հսկայ քայքայումը: Երկար ատեն լուռ մնացինք, եւ շատ ալ զրպարտութիւններ ու ամբաստանութիւններ լսեցինք. յանցանքներ, որոնց պատասխանատուները փախուստ տուին անոնցմէ` այսօրուան կառավարութիւնը անոնցմով ամբաստանելու նպատակով: Բնաւ չենք փափաքիր անցեալին հետ բանավէճի մէջ մտնել, այլ կը ջանանք անոր գործած աւերներուն լուծումներ ապահովել», ըսաւ ան:

Վարչապետ Տիապ ոմանք ամբաստանեց լիբանանեան դրամանիշի արձանագրած անկումին մասին սուտեր եւ տարաձայնութիւններ տարածելու յանցանքով` հաստատելով, որ անոնք ժողովուրդը դէպի փողոց իջնելու մղած են: «Այդ քայլը կը միտէր արգիլել կառավարութիւնը` քանդումին մնացորդացը մաքրելու իր որոշումը գործադրելու, այդ մնացորդացը, որուն տակ թաքնուած են փտածութեան կառոյցի գաղտնիքները», ըսաւ ան:

Վարչապետ Տիապ հաստատեց, որ կառավարութեան դէմ յեղաշրջումի փորձը դարձեալ ձախողած է: «Գաղտնի եւ բացայայտ բոլոր հանդիպումները, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւններն ու ներքին եւ միացեալ գործողութիւններու հրահանգները, որոնք կը միտին կասեցնել փտածութեան բացայայտումը, ձախողած են: Ունինք այնպիսի տեղեկագիրներ, տուեալներ ու տեղեկութիւններ, որոնք կը փաստեն այս կեցուածքը, եւ յարմար պահու մը պիտի բացայայտենք այն փաստաթուղթերը, զորս պատշաճ կը նկատենք», շեշտեց ան:

Պէյրութի Մէջ

Երէկուան ցոյցէն անկախ, ուրբաթ գիշեր Կեդրոնական Պէյրութի մէջ կատարուած խուլիկանութիւններուն եւ խափանարարական արարքներուն պատճառով արձանագրուեցան մեծ վնասներ, որոնք շաբաթ առաւօտեան իրենք զիրենք պարտադրեցին իբրեւ լուրջ հարց:

Շաբաթ առաւօտեան Կեդրոնական Պէյրութի անցորդները շփոթի մէջ էին, թէ ի՛նչ պատերազմ է, որ պատահած է այնտեղ, եւ ե՛րբ:

Պատասխանը յստակ էր. ուրբաթ գիշերուան դէպքերուն պատճառով արձանագրուած էին վաճառատուներու եւ անոնց ցուցափեղկերու քանդումները, ինչպէս նաեւ յստակ էր, որ մայրաքաղաքի պատերը խծբծուած էին ցուցարարներուն ձգած արձանագրութիւններով եւ պժգալի որմնանկարներով:

Վարչապետ Հասսան Տիապ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյրը գործուղեց Պէյրութ, ստուգելու համար արձանագրուած վնասները եւ այդ մասին ներկայանցնելու իր տեղեկագիրը:

Խէյրի ընկերակցեցաւ Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Այթանի:

Ան ըսաւ, որ Պէյրութի, Ազարիէի եւ Ռիատ Սոլհի մէջ արձանագրուած խափանարարական արարքներն ու վնասները մեծ են` յոյս յայտնելով, որ անոնք չեն կրկնուիր:

«Կը մաղթենք, որ քաղաքացիները իրարու զօրակցին, իրենց պետութեան նեցուկ կանգնին եւ գիտակցին գետնի վրայ արձանագրուած մագլցումներուն», ըսաւ ան:

Ա

յթանի դատապարտեց մայրաքաղաքի խուլիկանութիւնները եւ կոչ ուղղեց ապահովութեան ուժերուն` պաշտպանելու Պէյրութը եւ ձերբակալելու անոր դէմ յարձակում գործողներն ու զայն քանդողները:

Այթանի բարձր գնահատեց բանակին եւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն աշխատանքը` հաստատելով, որ ցոյց կատարելու ազատութեան սկզբունքը սահմանադրութեամբ ճշդուած է, սակայն այդ ազատութիւնը կանգ կ՛առնէ հոն, ուր հանրութեան ազատութիւնը կը սկսի:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ուղղուեցաւ Պէյրութ, ուր ստուգեց վնասուած վաճառատուներն ու շէնքերը: Ան խօսեցաւ հոն գտնուող քաղաքացիներուն հետ եւ լսեց անոնց բողոքները` ցաւ յայտնելով տիրող կացութեան եւ Պէյրութն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը հարուածող յարձակումներուն գծով:

Ան նշեց, որ Ժողովրդային շարժումին նպատակը քանդումն ու հրկիզումը չէ:

Իր խօսքը ուղղելով Ժողովրդային շարժումի տղոց` Հարիրի շեշտեց, որ կան խմբաւորումներ, որոնք ցոյցը կ՛ուզեն իր նպատակներէն շեղել` կոչ ուղղելով անոնց զգուշանալու այն տարրերէն, որոնք իրենց շարքերուն մէջ կը սողոսկին` ժողովրդային պահանջները թիրախ դարձնելու համար:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի հաստատեց, որ ապահովութեան ուժերը պիտի հետապնդեն բոլոր այն յանցագործները, որոնք իրենց խուլիկանութեամբ ցնցած են երկրին ապահովութիւնը եւ խափանարարական արարքներով քանդած Պէյրութի պետական ու սեփական կալուածները, եւ զանոնք պիտի յանձնեն դատական իշխանութիւններուն:

Ֆահմի հաստատեց, որ Պէյրութի մէջ արձանագրուած խուլիկանութիւնները մերժելի են ու դատապարտելի:

Կեդրոնական Պէյրութի վաճառատուներու եւ հաստատութիւններու սեփականատէրերը հաստատեցին, որ անոնք անձամբ պիտի պաշտպանեն իրենց կալուածներն ու աշխատանքը` խուլիկաններուն դէմ կրակ բանալով: «Այդ մէկը մեր իրաւունքն է: Պիտի չարտօնենք, որ մեր կեանքի վաստակը քանդուի, կարելի չէ զայն զիջիլ այս կամ այն խուլիկանին», շեշտեցին անոնք:

Տնտեսական ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ կոչ ուղղեց` հատուցելու այն բոլոր քաղաքացիները, որոնց վաճառատուները վնասուած են: Արպիտ ընդգծեց, որ պէտք է արգիլել նման արարքներու կրկնութիւնը:

Էշրեֆիէի երեսփոխանները իրենց կարգին հաստատեցին, որ իրենց կալուածները պիտի պաշտպանեն խուլիկաններուն կողմէ գործուելիք հաւանական խափանարարական արարքներու պարագային:

Հանրապետութեան միւֆթի Ապտել Լաթիֆ Տըրիան խստիւ դատապարտեց Պէյրութի մէջ կատարուած խուլիկանութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդվզում յայտնեց հոն արձանագրուած քանդումներուն դէմ` շեշտելով, որ բոլոր յանցագործները պէտք է հաշուետուութեան կանչուին եւ պատժուին:

Միւֆթի Տըրիան լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու նկատեց Կեդրոնական Պէյրութի մէջ արձանագրուած վայրագութեան եւ վաճառատուներու հրկիզումին:

«Յետ այսու լուռ պիտի չմնանք մարդկութեան անվայել այս արարքներուն նկատմամբ», ըսաւ ան:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան հաստատեց, որ տիրող ներկայ կացութիւնը վտանգաւոր է` հաստատելով, որ պէտք է ներկայ փուլին ազգային գիտակցութեան ոգիով գործել, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւնն ու երկխօսութիւնը ամրապնդել:

Շէյխ Քապալան զգուշացուց նաեւ տնտեսական տագնապի վատթարացումէն, որուն իբրեւ հետեւանք լիբանանցիին ապրուստը կրնայ թիրախ դառնալ:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Հարիսայի մէջ մատուցած երէկուան պատարագին ընթացքին հաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին կառավարութեան միայն մէկ նպատակի համար, որն է` ժողովուրդին ձայնին անսալը:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ նախորդ 100 տարուան ընթացքին Լիբանան այսքան ծանր պայմաններ եւ խիստ դժուար փուլ մը չէ դիմագրաւած:

Ան կոչ ուղղեց խուլիկաններուն` դիմադրելու եւ խափանարարական արարքներուն վերջ տալու, որպէսզի երկիրը դէպի ապահովական ապակայունութիւն չսայթաքի եւ սադրանքներու մէջ չիյնայ, որովհետեւ այդ կացութեան հանդուրժելը անկարելի պիտի ըլլայ:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա դատապարտեց Պէյրութի եւ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած խափանարարական արարքներն ու խուլիկանութիւնները, ինչպէս նաեւ ճամբաները փակելու արարքները` հաստատելով, որ անօթութեան հետեւանքով արձակուած ճիչը այլոց վրայ յարձակելով կարելի չէ արտայայտել:

«Խիստ մերժելի է տիրող տնտեսական եւ ընկերային տագնապները շահագործելով ցուցարարներուն կողմէ  քաղաքացիներուն կալուածները թիրախ դարձնել», ըսաւ Ֆատլալլա:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարց տուաւ, որ ինչո՞ւ մտքի, բազմազանութեան, գիրքի, թատրոնի, երաժշտութեան, մերձեցման եւ երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքակրթութիւններու օրրան մայրաքաղաք Պէյրութի դէմ նման խուլիկանութիւններ կը գործուին:

Թրիփոլիի Մէջ

Ուրբաթ գիշեր Պէյրութի մէջ արձանագրուած խուլիկանութիւնները օր մը ետք` շաբաթ կէսօրէ ետք, անոնք փոխադրուեցան Թրիփոլի, ուր յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն ետք սկսան ցուցարարներուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ բախումները, որոնք անշուշտ սկսան ցուցարարներուն կողմէ բանակը քարկոծելու սովորութեան վերածուած արարքներով:

Թրիփոլիի Նուր հրապարակին վրայ ցուցարարները քարկոծեցին բանակը, ինչպէս նաեւ հրկիզեցին անիւներ եւ աղբամաններ:

Ապա բախումները աւելի եւս սաստկացան, երբ կարգ մը երիտասարդներ Ապու Ալիի հրապարակին վրայ կասեցուցին փոխադրակառք մը` անոր վարորդը ամբաստանելով, որ դէպի Սուրիա մաքսանենգում կը կատարէ:

Մաքսատան տնօրէնութիւնը հաստատեց, որ այդ փոխադրակառքերը ՄԱԿ-ի եւ Միջազգային Կարմիր խաչի կողմէ տրամադրուած շաքար եւ այլ սննդեղէն կը փոխադրեն դէպի Սուրիա:

Թրիփոլիի, յատկապէս Թըպպանէի մէջ կեդրոնացած բախումներուն պատճառով շաբաթ գիշեր յայտարարուեցաւ, որ արձանագրուած են 72 վիրաւորներ, որոնց մեծ մասը տեղւոյն վրայ դարմանում ստացած են, իսկ 13-ը փոխադրուած են հիւանդանոց:

Նշենք, որ շաբաթ գիշեր Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած բախումներուն զուգահեռ, ժողովրդային շարժումի մաս կազմող ցուցարարներ փակեցին Զուքի մայրուղին, Սայտայի Էլիա հրապարակը եւ Նաամէի մայրուղին:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց Թրիփոլիի ժողովուրդին` իրաւունքի իրենց ձայնը պաշտպանելու եւ զայն ապօրինի խուլիկաններու ստեղծած քաոսին ենթակայ չդարձնելու:

Ան շեշտեց, որ Թրիփոլին կոչուեցաւ «Յեղափոխութեան հարս»-ը, կոչ ուղղելով ցուցարարներուն` քաղաքակիրթ կերպով պաշտպանելու իրենց իրաւունքները:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հաստատեց, որ Թրիփոլիի պատկերը աղաւաղելն ու զայն իբրեւ ապօրինի քաղաք ներկայացնելու փորձերը պիտի ձախողին: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը Թրիփոլիի եւ ամբողջ Լիբանանի մէջ իր պատասխանատուութիւնները պէտք է ստանձնէ:

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1446-ի, Մահուան Պարագաներունը` 32-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 868-ի

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?