Լիբանանեան-ֆրանսական բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններ:
Յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ քննարկուած են նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի դերակատարութիւնը` տնտեսական այս ճնշող պայմաններուն ներքեւ:
Ապի Ռամիա նշեց, որ քննարկուած են նաեւ «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցներու օրէնքն ու շրջանային փշոտ հարցեր:
Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի եւ անոր անկախութեան ու գերիշխանութեան պաշտպանութեան իմաստով Ֆրանսայի կեցուածքը կը մնայ անփոփոխ:
Ապի Ռամիա շեշտեց, որ Ֆուշէ ընդգծած է, որ Լիբանանէն կը պահանջուի «Սետր»-ի խորհրդաժողովին համաձայն բարեկարգումներ կատարել` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը յանձնառու պէտք է մնայ այդ բարեկարգումներուն գործադրութեան, որպէսզի փաստէ, թէ ինք կ՛ընդառաջէ միջազգային ընտանիքին պահանջներուն:
Ապի Ռամիա նշեց, որ Ֆուշէի հետ քննարկած են հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մանրամասնութիւնները` դիտել տալով, որ շրջանային կացութիւնը ճնշումներ կը պարտադրէ, եւ Լիբանանի շուրջ որոշ իրարանցում կայ:
«Ֆուշէ մաղթեց, որ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը չվատթարանայ` աւելցնելով, որ Ֆրանսա առաջնագիծի վրայ պիտի ըլլայ` Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ներկայութիւնը պաշտպանելու իմաստով, որպէսզի կարելի ըլլայ հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանել», ըսաւ Ապի Ռամիա:
Ան նշեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ բանակցութիւնները` հաստատելով, որ Ֆուշէ ընդգծեց, թէ Ֆրանսա լիբանանեան ներքին հարցերուն չի փափաքիր միջամուխ դառնալ` աւելցնելով սակայն, որ Լիբանան համախոհութեամբ պէտք է ներկայանայ Միջազգային դրամական ֆոնտին, որպէսզի ֆոնտը դրականօրէն վերաբերի Լիբանանի պահանջներուն: